Պոլսոյ Մէջ Իսլամաց(ու)ած Հայերու Գիտաժողովը Մեծ Հետաքրքրութիւն Կը Ստեղծէ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթ, Նոյեմբեր 2ին, Պօղազիչի համալսարանի «Ալպըրթ Լոնկ» սրահին մէջ բացուեցաւ «Իսլամաց«ու»ած հայեր» նիւթով եռօրեայ գիտաժողովը, որ կազմակերպուած է Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին, Մալաթիացի հայերու միութեան եւ նշեալ համալսարանին համագործակցութեամբ։ Գաղտնի հայերու նիւթը վերջին տարիներուն ընթացքին մեծ շահագրգռութիւն ստեղծած էր. ողբացեալ Հրանդ Տինք, այս թեման յաճախ օրակարգի բերելով՝ հանրային ուշադրութեան նիւթ դարձուցած էր, եւ այս պատճառաւ էր, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը կազմակերպած էր համագումար մը, որ իր տեսակին մէջ աննախընթաց եւ նոյնիսկ յեղաշրջումի համազոր երեւոյթ էր։
Յիշեցնենք, որ նմանօրինակ համագումար մը 2005ին պիտի կայանար Պօղազիչի համալսարանին մէջ, բայց այդ շրջանին կառավարութիւնը արգելք հանդիսացաւ, որովհետեւ որոշ շրջանակներ նման քայլ մը «Թուրքիան կռնակէն դաշունահարել» նկատած էին: Այնուհետեւ, համագումարը կայացաւ «Պիլկէ» համալսարանին մէջ եւ այդ մէկը եղաւ առաջինը, ինչպէս նաեւ՝ յաղթանակ մը։ Իսկ այսօրուան համագումարը այս կերպով իր տեսակին մէջ երկրորդը կը հանդիսանայ։
Գիտաժողովին առաջին երկու օրերու նիստերը, որոնց ընթացքին մեծ թիւով ակադեմականներ ելոյթներ ունեցան, իւրաքանչիւրը՝ քսանական վայրկեան, արդէն իրականացուցին հաւաք մը, ուր այլեւս ամէն մարդ, իր ամբողջ մերկութեամբ կը խօսէր Հայկական Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին։ Այս տեսակէտէն կարելի է ըսել, որ այս համագումարը դարձեալ ակադեմական բարձր մակարդակի վրայ դարձաւ հաւաքոյթ մը, որ Թուրքիոյ մէջ հայկական թապուները ամբողջովին կը փլցնէր ու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ամէն ինչ օրակարգի կը բերէր՝ մեծամասնութեամբ թուրք երիտասարդ մտաւորականներու եւ պատմագիրներու բերանով։ Հակառակ անոր, որ համագումարը կը կայանար հեռաւոր թաղի մը մէջ, նիստերուն կը հետեւէր ամբողջ սրահը լեցնող բազմութիւն մը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր զեկուցումներուն, ապա յատկանշական հարցումներ կ՛ուղղէր զեկուցողներուն։ Յայտնի էր, որ արտասահմանէն եւս մեծ թիւով ժամանողներ կային, եւ կազմակերպիչները ապահոված էին անոնց պանդոկն ու փոխադրութեան միջոցները։ Թէեւ մամուլը Կիրակի օր պատշաճ արձագանգ չէր հանդիսացած այս համագումարին, «Հրանդ Տինք» հիմնարկը կարգադրութիւն տեսած էր, որ նիստերը նոյն վայրկեանին հաղորդուէին համացանցով, հիմնարկի կայքէն։ Հայաստանէն եւս կային հրաւիրեալներ, որոնցմէ Հրանոյշ Խառատեան մասնակցեցաւ Կիրակի
յետմիջօրէի նիստին ու զեկուցեց այն հայերուն մասին, որոնք Տերսիմի մէջ իրենց կեանքը փրկելու համար դարձած էին ալաուի։
Շաբաթ օր, համագումարի բացումը կատարուեցաւ Ռաքել Տինքի կողմէ: Ան դիտել տուաւ, որ հոս հաւաքուած են՝ բանալու համար էջեր, որոնց մասին մինչեւ այսօր ո՛չ մէկը խօսած է։ «Հոս վկայութիւն պիտի ընենք այն գաղտնիքներուն մասին, որոնք ծածուկ պահուեցան մինչեւ այսօր», ըսաւ ան։
Ռաքել Տինք նշեց, որ մինչեւ այսօր մարդիկ չուզեցին լսել անոնց պատմութիւնները, չուզեցին խօսիլ անոնց գոյութեան մասին եւ բնաւ չընդունեցին Ցեղասպանութեան իրականութիւնը։ Բայց այլեւս ամէն ինչ երեւան ելած է, գաղտնի բան չէ մնացած։ «Ճշմարտութիւնները երբե՛ք չեն կրնար մնալ մութի մէջ։ Այսօր այլեւս բարձրաձայն հնչելու սկսած են փսփսուքները բոլոր անոնց, որոնք սուրերու ու սպանդներու աւելցուքները կը կոչուէին», ըսաւ Ռաքել Տինք։ Հրանդ Տինքի կողակիցը աւելցուց, որ Հրանդ շատ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէր այս նիւթին եւ կը պնդէր, որ պէտք է խօսուի ո՛չ միայն մեռածներուն մասին, այլեւ անոնց մասին, որոնք ողջ են այսօր:
Այս համագումարին ընթացքին պարզուեցաւ անհաւատալի տեսարան մը՝ տեսնել, թէ մեզի անծանօթ որքա՛ն շատ եւ որքա՛ն երիտասարդ պատմաբաններ ու արուեստագէտներ խիզախօրէն կը խօսէին Հայկական Ցեղասպանութեան անցուդարձերուն ու մանրամասնութիւններուն մասին՝ պատմելով նաեւ այն ոճիրները, որոնք գործուած էին հոս ու հոն։ Անշուշտ, գլխաւոր նիւթը մահմետականացած հայերու պատմութիւնն էր, բայց ասիկա արդէն իրմէ առաջ կը բանար Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութեան բոլոր էջերը։ Իսկ իսլամացած հայերու պատմութիւնը ամէն քաղաքի, ամէն ընտանիքի մօտ տարբեր պատմութիւն մը ու տարբեր ողբերգութիւն մը կը ցոլացնէր։ Անբախտ հայեր, իրենց կեանքը փրկելու համար ինքնաբերաբար կամ բռնի ուժով մահմետականացած, թուրքի անուն ստացած ու այլեւս իսլամ մարդու ինքնութեամբ ապրած ըլլալով հանդերձ՝ բնա՛ւ չէին կրցած փրկուիլ «կեաւուր» նկատուելէ, միշտ նախատուած էին թէ՛ որպէս հայկական ծագում ունեցող մարդ, թէ՛ որպէս «տէօնմէ»։ Անոնք մերժուած էին թէ՛ այն ընկերութենէն, որուն մաս կազմել կ՛ուզէին, թէ՛ այն ընկերութենէն, որմէ բաժնուած էին՝ իսլամ դառնալով։
Բացման ուղերձէն ետք ելոյթներ ունեցան Պօղազիչի համալսարանի տեսուչ Կիւլայ Պարպարօղլու, Մալաթիացի հայերու միութեան նախագահ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ «Սապանճը» համալսարանէն Այշէ Կիւլ Ալթընայ։ Տեսուչ Պարպարօղլու ըսաւ. «Փսփսուքներով սկսող խօսքերը հիմա «կիւրիւլ-կիւրիւլ» թող հոսին»։ Իսկ Այշէ Կիւլ Ալթընայ ըսաւ, որ այս համագումարը կը հիմնուի հարիւր տարուան լռութեան վրայ։ Ան յիշեցուց, որ առաջին անգամ այս մասին հրատարակուած էր Սերտար Ճանի «Մեծ Մայրիկիս Հեքիաթները» անուն գիրքով, որ սակայն մեծ աղմուկ չէր կրցած բարձրացնել օրին։ Իսլամցած հայերու խնդիրը յայտնուեցաւ, երբ «Ակօս»ին մէջ հրատարակուեցաւ Սապիհա Կէօքչէնի հայ ըլլալուն լուրը եւ երբ Ֆեթհիյէ Չեթին հրատարակեց իր «Մեծ Մայրիկս» անուն գիրքը։
Զեկուցեց նաեւ փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, որ իր մեծ մօրը կեանքէն յուզիչ մանրավէպեր պատմեց։ Ան ըսաւ, որ մեծ մայրը գիտէր, թէ իր մայրը իր երկու թոռները խեղդած էր Տիգրիս գետի Հաւլերէ անցնող ջուրերուն մէջ եւ անկէ ետք ինքզինք եւս գետին մէջ նետած էր։ Այս ողբերգութենէն ետք իր մեծ մայրը երկար տարիներ ապրած է տան մը մէջ, որուն պատուհանէն շարունակ կը տեսնէր այդ Հաւլեր գետը։ Ամէն մարդ գետի ափին դաշտագնացութեան կ՛երթար, իսկ ինք իր անցեալը կը յիշէր:
Արտասահմանէն հրաւիրուած հայերէն մէկն էր Նիւ Եորքի մէջ գործող հրատարակիչ ու գրող Աւետիս Հաճեան՝ բնիկ հալէպահայ, որ խօսեցաւ այն դասաւորման մասին, զոր ատենօք Շնորհք պատրիարք ըրած էր Անատոլուի հայերուն ու այսօրուան իսլամացած հայերուն մասին։ Շնորհք պատրիարք չորս բաժիններով դասաւորած էր զանոնք.
1. Կամովին մահմետականացած հայեր.
2. Հայեր, որոնք Ցեղասպանութենէն 3-4 սերունդ առաջ իսլամացած են եւ կ՛ապրին քիւրտ ցեղախումբերու ձեւով.
3. Հայեր, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք բռնի ուժով իսլամացուեցան, սակայն աւելի ետք՝ վերադարձան քրիստոնէութեան.
4. Հայեր, որոնք հակառակ դժուարին պայմաններու, Ցեղասպանութենէն ետք կրցան հայ մնալ։
Հաճեան դիտել տուաւ, որ Շնորհք պատրիարք չէր յիշած, որ հինգերորդ դասակարգ մըն ալ կար. ատիկա կը բաղկանար այն հայերէն, որոնք այսօրուան համագումարին նիւթը կը կազմեն եւ որոնք իսլամացած ու գաղտնի մնացած հայերն են։ Հաճեան դիտել տուաւ, որ տակաւին կան հատուածներ, որոնք կը շարունակեն պահել իրենց հայկականութիւնը, «բայց ազգ ըլլալու համար կա՛մքը անհրաժեշտ է», ըսաւ ան ու յիշեցուց. «Հայը ա՛յն է, որուն զաւակն ալ հայ է»։
Համագումարին համար հրաւիրուած էին այլ հայ ակադեմականներ ու քաղաքական գործիչներ եւս, որոնք մասնաւորաբար զեկուցեցին նախորդ առտուան նիստերուն ընթացքին։
Այսպէս, մասնակիցներէն յայտնի հայ պատմաբան Ռոնալտ-Գրիգոր Սիւնիի ղեկավարութեան ներքեւ կայացաւ նիստ մը, որուն որպէս զեկուցող մասնակցեցաւ Վահէ Թաշճեան։ Ան պատմեց, թէ ինչպիսի՛ պայքարներ մղած էին Հալէպի շրջանի հայ կիները՝ ողջ մնալու համար։ Թաշճեան այս տեղեկութեան զանազան երեսները պատմեց, անդրադարձաւ նաեւ այն նիւթին, թէ հայ հաւաքականութիւնը ինչպէ՛ս կ՛ընդունէր այս հարցը։
Արտա Մելքոնեան իր կարգին պատմեց, թէ հայ կիները ինչպիսի՛ տառապանքներու ենթարկուեցան ողջ մնալու համար։
Մասնակիցներէն Տորիս Մելքոնեան անդրադարձաւ բանաւոր պատմութեան մարզէն ներս կատարուած աշխատանքին եւ պատմեց Ցեղասպանութեան օրերուն հայ երեխաներու ապրած կեանքին մասին։
Ուրիշ հայ զեկուցող մըն էր Իշխան Չիֆթճեանը, որ պաշտպանեց այն տեսակէտը, թէ «մահմետական հայեր»ը պէտք է ընդունուին որպէս ընկերաբանական շերտ մը։ Այլ զեկուցող մը՝ Հիլմար Քայզեր, անդրադարձաւ ձուլման այն գործընթացին, որ բացուած էր 1915-1917ին ապրուած աքսորներուն հետեւանքով։
Նիստերուն ընթացքին Վենտի Համելինկ խօսեցաւ Սասունի հայոց երաժշտութեան մասին։ Ուրիշներ ալ անդրադարձան այն յարձակումներուն, որոնց ենթարկուած էին հայերը։
Ամերիկահայ գիտնական Ռուբինա Փիրումեան չէր կրցած ընթացք տալ հրաւէրին, բայց ղրկած էր իր զեկուցումը, որ եւս կարդացուեցաւ:
Կիրակի յետմիջօրէի նիստին ընթացքին, մինչ երիտասարդ զեկուցող մը՝ Ատնան Չելիք, մանրամասնօրէն կը պատմէր մահմետականացած հայերու կեանքին մասին գրուած քրտերէն երեք վէպերուն մասին, Ռամազան Արաս կը պատմէր, թէ հայերը միշտ «միւսը» նկատուած են եւ դաւաճան որակուած։ 1915էն փրկուելու միակ ձեւը իսլամականանալն էր, եւ անոնք, որոնք կրցած էին ողջ մնալ, իսլամութիւնը ընդունած էին, բայց միշտ ալ ընկերութեան կողմէ ընդունուեցան որպէս տարբեր տեսակի իսլամներ։ Մուրատ Ուզաներ անունով անձ մը խօսեցաւ Ատըեամանի հայերուն ու ասորիներուն մասին եւ պատմեց, թէ փոքրիկ աւանի մը մէջ հայերը արդէն իսկ ունէին երեք եկեղեցի ու մէկ վանք։
Իւմիտ Քուրթ անուն ուրիշ ակադեմական երիտասարդ մը պատմեց, թէ իսլամացած հայերը տակաւին որքա՛ն կը վախնային ու շարունակ «կեաւուր» կը նկատուէին։ Անոնք կը մերժուէին հայերու կողմէ եւս, քանի որ հայերը զանոնք կը կոչէին «գըլըճ արթըղը տաճիկ», այսինքն՝ «սուրի աւելցուք տաճիկ»։ Կային նաեւ հայեր, որոնք իսլամացած ըլլալով հանդերձ՝ աւելի ուշ քրիստոնէութեան կը վերադառնային, կը մկրտուէին, բայց հայկական ինքնութիւն չէին ընդուներ։
Համագումարի նիստերը ցոյց կու տային, թէ այս հարցը կը բանար այնպիսի էջեր, որոնք մեզի իսկ ծանօթ չէին։ Օրինակ՝ Տերսիմի հայերուն մասին։ Կիրակի յետմիջօրէի նիստերէն մէկը ամբողջովին յատկացուած էր Տերսիմի նիւթին՝ օրակարգի բերելով վիճակը այն հայերուն, որոնք քիւրտերու հետ միասին կը սպաննուէին 1938ին, պետութեան կողմէ կատարուած ջարդին կամ Ցեղասպանութեան ընթացքին։ Ընդհանուր մեկնաբանութիւնն այն էր, որ 1938ի սպանդը կերպով մը շարունակութիւնն էր 1915ին։ Շատ հետաքրքրական էին Նեզահաթ Կիւնտօղտու ու Քեազըմ Կիւնտօղտու ամոլին անջատ զեկուցումները. ամոլը պատրաստած էր «Տերսիմի Կորսուած Աղջիկները» անունով վաւերագրական ժապաւէն մը, որուն համար լայն ուսումնասիրութիւններ կատարած էր Տերսիմի մէջ։ Տերսիմն ալ, մինչեւ 1915, հայերու բնակավայր էր. շրջանի պատրիարքական արխիւները ցոյց կու տան, որ հոն 16 հազար հայ կար՝ ցրուած մօտաւորապէս հարիւր գիւղերու մէջ։ Նեզահաթ Կիւնտողտու յիշեց Իսմեթ Ինէօնիւի մէկ խօսքը. «Այս երկրին մէջ ապրող բոլոր մարդիկը պիտի թրքանան ու թրքերէն պիտի խօսին, իսկ անոնք, որոնք պիտի չհամակերպին, պիտի կոտորուին, շպրտուին»։
Հայերը Տերսիմի մէջ, մինչեւ 1938, կրցան ապրիլ որպէս քրիստոնեաներ։ Անոնք, ապրած ըլլալով լեռնային անհասանելի վայրերու մէջ՝ 1915ին կրցած էին փրկուիլ, բայց 1938ին սպաննուեցան քրտական տարբեր վայրերու մէջ, որպէսզի քրիստոնեայի արիւնը չխառնուի իսլամի արեան։ Իսկ Քեազըմ Կիւնտողտու բոլորովին նոր տուեալներ տուաւ Տերսիմի մէջ Վանք կոչուած Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մասին, որ 1938ին եղաւ պետութեան կողմէ առաջին ռմբակոծուած վայրը։ Զեկուցողը երկար պատմեց «Քահանային ընտանիքը» կոչուած ընտանիքի պատմութիւնը, որ կ՛երկարէր մինչեւ մեր օրերը։ 30-40 հոգիէ բաղկացած եւ իսլամութիւնը ընդունած ընտանիքի մը ճակատագիրն էր ատիկա։ Ընտանիքի անդամներէն ոմանք այժմ Եւրոպա խոյս տուած են, սակայն հոն իսկ կը խուսափին իրենց անցեալին մասին խօսելէ։
Տերսիմի մասին զեկուցողներէն մէկն ալ Հայաստանէն Հրանոյշ Խառատեանն էր, որ հայերէն խօսեցաւ եւ որուն զեկուցումը տեղւոյն վրայ թարգմանուեցաւ թրքերէնի։ Ան ընդհանրապէս կանգ առաւ այն տեսակէտին վրայ, թէ զանգուածային կրօնափոխութիւնները իրականացան բռնի ուժով։ Խառատեան շատ երկար մանրամասնութիւններ փոխանցեց ալաուի դարձած տերսիմցի հայերուն մասին, ապա պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։