Մարտ 27-ին, Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանին մէջ ստեղծուած է «Արցախ-Գանատա Բարեկամութեան խմբակցութիւն»ը։ Խորհրդարանի լիագումար նիստի ժամանակ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ըսած է, որ Մարտ 19-ին Գանատայի խորհրդարանին մէջ պատգամաւոր Ռեյչըլ Հարտըրի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուած է Արցախի ժողովուրդին հետ բարեկամական խմբակցութիւն: Արցախի հետ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած Գանատայի գործընկերներուն արդէն Արցախի Ազգային ժողովին կողմէ ուղարկուած է շնորհակալական նամակ:
Բարեկամական խումբին մէջ ընդգրկուած են «Հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւորներ Ռամելա Դադայեանը, Արարատ Օհանջանեանը, «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեանը, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռիտա Մնացականեանը, «Շարժում-88» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդուարդ Աղաբեկեանը եւ «Վերածնունդ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը:
Նշենք, որ Մարտ 19-ին Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ կայացած «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադիր ժողովի նախաձեռնողն էր ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: