Աթաթիւրք Ցեղասպանութիւնը Նկատած Է Երիտթուրքերու Ստոր Արարքը
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրք պատմաբան փրոֆ. Թաներ Թիմուր տեղեկութիւններ բացայայտած է այն մասին, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Քեմալ Աթաթիւրք ինչպիսի՛ գնահատական տուած է «1915 թուականի արիւնալի դէպքերուն»՝ Հայկական Ցեղասպանութեան:
Ըստ «ԹայմԹիւրք» լրատուական կայքին՝ Թիմուր պատմած է, որ 1918ին Քեմալ Աթաթիւրքը Ֆեթհի Օքիարի հետ միասնաբար կը տպագրէր «Մինպեր» թերթը, որուն բազմաթիւ հրապարակումներուն մէջ ծանր մեղադրանքներ կան Երիտթուրքերու հասցէին: Հոն նշուած է, թէ ամէն ժողովուրդի մէջ ալ կան ծայրայեղականներ, բայց անոնց պատճառով ամբողջ ազգ մը ջարդելն ու տեղահանելը դատապարտելի է:
Ըստ պատմաբանին՝ Աթաթիւրքը Ցեղասպանութեան մասին ըսած է հետեւեալը. «Ահաբեկչութեան հետ ո՛չ մէկ կապ ունեցող հարիւր հազարաւոր մարդոց տեղահանումը եւ բռնագաղթը եթէ ստորութիւն չէ, ապա ի՞նչ է: Նոյնիսկ տեղահանութիւնը կարգադրած Թալէաթ փաշան իր յուշերուն մէջ գրած է, որ տեղահանութիւնը իսկական աղէտ էր»: