Ուաշինկթընի Մէջ ՀՅԴ-Քրտամէտ ԽԺԿ (BDP) Բարձրաստիճան Հանդիպում
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին, Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակը եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ-քրտական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական հասարակաց ձգտումները:
Նախորդ օրը, Յ. Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած հայկական պատուիրակութիւն մը մասնակցած էր Ուաշինկթընի մէջ կայացած «Քրտական Դերը Նոր Միջին Արեւելքի Մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովին, որուն մասնակցեցան քիւրտ քաղաքական գործիչներ՝ Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն:
Տէմիրթաշի հետ հանդիպումէն ետք, Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Այս հանդիպումը առիթ ընծայեց օգտակար երկխօսութեան մը՝ հայ-քրտական համագործակցութեան հնարաւորութիւններու, Արեւմտահայաստանի եւ Քիւրտիստանի, եւ աւելի ընդգրկուն՝ հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումներու մասին»:
Հանդիպումին համար Տէմիրթաշին կ՛ըներակցէին Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, Վանէն ընտրուած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, BDP կուսակցութեան Ուաշինկթընի ներկայացուցիչ Մեհմետ Եուկսել:
Որպէս Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Տէմիրթաշ, 2009էն ի վեր, խորհրդարանէն ներս եւ դուրս՝ հրապարակաւ արծարծած է Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այն ուրանալու թրքական պետական քաղաքականութեան, դատապարտելով զանոնք: