«Ճերուզալէմ Փոսթ»ը «Նողկալի» Կ՛որակէ «1.5 Միլիոն Հայերու Կոտորածը Չընդունող Էրտողանը»


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլեան ազդեցիկ «Ճերուզալէմ Փոսթ» թերթը քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը՝ Իսրայէլի համար լրտեսութիւն կատարող իրանցի գործակալներու ինքնութիւնը բացայայտելու Թուրքիոյ արարքին ակնարկելով:
Թերթը գրած է. «Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ հետախուզութեան բնագաւառին մէջ 50 տարուան համագործակցութենէ ետք, «Մոսատ»ի (իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւն) 10 գործակալներ՝ Անգարայի կողմէ Իրանին յանձնելը, ցոյց կու տայ Թուրքիոյ իսլամական-մենատէր վարչապետ Էրտողանի իշխանութեան օրօք թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու վատթարացման խորութիւնը:
Իսկական նպատակները թաքցնող Էրտողան կը փորձէ ինքզինք ժողովրդավար եւ իսլամական ցոյց տալ: Սակայն այդ բոլորը շատ հեռու են իրականութենէն: Էրտողան իսլամական եւ նողկալի ծայրայեղական մըն է: Էրտողանի որդեգրած ուղին ոչ թէ ժողովրդավարութեան ճանապարհը բռնած առաջնորդի, այլ օսմանցի սուլթանի ուղին կը յիշեցնէ: Էրտողան իր պաշտօնը կը շահագործէ՝ մամուլին սպառնալու եւ ընդդիմութիւնը չէզոքացնելու համար», նշած է թերթը:
Թերթը յիշեցուցած է նաեւ «Կապոյտ Մարմարա» նաւու միջադէպին հետ կապուած Իսրայէլի ներողութիւն խնդրելու մասին Էրտողանի պահանջը եւ նշած է, որ Իսրայէլ նման քայլի չէր դիմած՝ առաջնորդուելով ՄԱԿի կանոնադրութեամբ, սակայն Էրտողան տուն կանչած էր դեսպանը եւ աշխատած խոչընդոտել միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ յատկապէս ՆԱԹՕի հետ Իսրայէլի կապերը:
«Այս բոլորը կ՛ընէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իր երկիրին մէջ 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնը չընդունող առաջնորդը», եզրակացուցած է թերթը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.