Հասան Ճեմալ Կը Ցաւի Իր Պետութեան Գործած Յանցագործութիւններուն Համար
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ հանրապետութիւնը հիմնադրուած է 90 տարի առաջ, սակայն ցարդ կարելի չէ եղած զայն վերածել իսկապէս ժողովրդավար եւ իրաւական պետութեան մը. այսպէս գրած է յայտնի թուրք լրագրող, հրապարակախօս Հասան Ճեմալ, հանրապետութեան հիմնադրման տարեդարձին նուիրուած իր յօդուածին մէջ: Ան անդրադարձած է յատկապէս պատմութեան ընթացքին պետութեան գործած յանցանքներուն:
Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած թուրք ղեկավարներէն Ճեմալ փաշայի թոռը հանդիսացող Հասան Ճեմալ, պետութեան գործած յանցագործութեանց մէջ կը նշէ 1915 թուականի դէպքերը եւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը:
«90 տարի առաջ, հանրապետութիւնը հիմնելու ժամանակ, եթէ պահանջէին 1915 թուականին մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեանց հաշիւը, արդեօք այսօր Թուրքիոյ հանրապետութիւնը ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան, խաղաղութեան եւ ներքին հանգստութեան տեսակէտէն աւելի յառաջադէմ դիրքերու վրայ պիտի չըլլա՞ր», գրած է ան՝ նշելով, որ 1915-1916ին հայերու պատկանող գոյքին եւ սեփականութեան տիրելը, որ հիմք հանդիսացաւ թրքական միջին դասակարգի ստեղծման, երբեք չէ ուսումնասիրուած համալսարաններու մէջ:
«Կրնաք դէպքերը անուանել կոտորած կամ Հայկական Ցեղասպանութիւն կամ աքսոր կամ ողբերգութիւն: Օսմանեան պատմութեան ամենաարիւնոտ էջը համարուող 1915 թուականի դէպքերուն պատասխանատուութիւնը «Իթթիհատ վէ Թերաքքի»էն (Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութիւն) պահանջելու փոխարէն՝ այս մեղքը պետութիւնն իր վրայ վերցուց:
Արդեօք «Իթթիհատ վէ Թերաքքի»ի գաղափարներէն եկող ուրուականները չե՞ն, որ 90 տարուան հանրապետական պատմութեան ընթացքին մեզի հանգիստ չեն տար: Ի հարկէ, հանրապետութիւնը յաջողութիւններ ալ ունի, սակայն պիտի գա՞յ արդեօք այդ օրը, երբ 90 տարի անցած, սակայն տակաւին ժողովրդավար դառնալ չկրցած մեր հանրապետութիւնը պիտի յիշենք ոչ միայն փառքով, այլեւ իր մեղքերով», եզրափակած է Հասան Ճեմալ: