«Արմինիըն Ռիվիու»ի Նոր Թիւն Ու Նոր Օգնական Խմբագիրը


 

ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց.- «Արմինիըն Ռիվիու»ի խմբագրութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ լոյս տեսած է պարբերաթերթին նորագոյն թիւը (2013ի Գարուն-Ամառ), միաժամանակ աւելցնելով, որ թերթին նոր օգնական խմբագիր նշանակուած է Դալար Շահինեանը:

 

Նորագոյն թիւի առաջին յօդուածին հեղինակն է Ալպեր Ստեփանեանը, որ վերաքննութեան կ’ենթարկէ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւնը» գործէն որոշ հատուածներ՝ զանոնք բաղդատելով յունական եւ հայկական այլ աղբիւրներու հետ:

 

Երկրորդ՝ Ռուբէն Շուկարեանի պատկանող յօդուածը կ’առնչուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միտող ջանքերուն եւ անոնց ձախողութեան, իսկ երրորդ յօդուածը զրոյց մըն է Թաներ Աքչամի, Ուղուր Ումիտ Ունկորի եւ Մեհմետ Փոլաթելի միջեւ, Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն հայերէն բռնագրաւուած կալուածներուն եւ հարստութեանց մասին:

 

Թիւին մէջ կան նաեւ գիրքերու վերլուծումներ: Լեւոն Չորպաճեան գրած է Հայկական Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն նուիրուած չորս հատորներու մասին, իսկ Լեռնա Էքմէքճիօղլու անդրադարձած է Լեւոն Եօթնեղբայրեանի յուշերուն նուիրուած հատորին: Տիգրան Բ.ի մասին հատոր մը վերլուծած է Լեւոն Սարեան, իսկ Գարեգին Նժդեհի գրութեան հաւաքածոյի մը մասին գրած է Վարդան Մաթէոսեան:

 

«Արմինիըն Ռիվիու»ի գլխաւոր խմբագիր՝ Ասպետ  Գոչիկեանի կողքին, նոր օգնական խմբագիր նշանակուած Դալար Շահինեանը բաղդատական գրականութեան ճիւղին մէջ դոկտորի իր վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ ներկայիս կը դասաւանդէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոնկ Պիչի մասնաճիւղի բաղդատական համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքին մէջ: Ան ներկայիս կ’աշխատի արեւմտահայ գրականութեան նուիրուած ուսումնասիրութեան մը վրայ, համաշխարհային գրականութեան պարունակէն ներս՝ բաղդատելով համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներէն ետք յաջորդաբար Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ զարգացած արեւմտահայ գրականութեան ու լրագրութեան կեդրոններուն իւրայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց կապերը Խորհրդային Հայաստանի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու հայութեանց միջեւ: Ան յաճախ կը գրէ համացանցային «Քրիթիքս Ֆորում» թերթին մէջ ու վարիչն է «Սարոյեան ծրագիրին», որուն նպատակն է բարելաւել Կլենտէյլի Շամլեան Ազգ. վարժարանի մէջ հայերէնի դասաւանդման եղանակները:

 

«Արմինիըն Ռիվիու»ի նոր թիւէն օրինակներ կարելի է ստանալ անջատաբար կամ բաժանորդագրուելով թերթին՝ այցելելով

www.armenianreview.org կայքը կամ դիմելով Armenian Review, Inc., 80 Bigelow Avenue, Watertown, MA 02472-2012, orders@armenianreview.org հասցէներուն եւ հեռաձայնելով (617) 926-4037 թիւին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.