ՀԱՅԵՐՈՒ ԼՔՈՒԱԾ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ՝ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ԳՐԱՒՈՒՄ ՄԸ


ՀԱՅԵՐՈՒ ԼՔՈՒԱԾ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ՝ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ԳՐԱՒՈՒՄ ՄԸ

 

 

1935-Մուսթաֆա Kեմալ Աթաթուրք Գասապեան ընտանիքի այս կալուածը պետական սեփականութիւն հռչակեց եւ զայն վերածեց նախագահական նստավայրի

 

Ալին Օզինեան թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ թէեւ Թուրքիոյ մէջ հայերուն վերաբերեալ պատկերացումը ծնունդ կ’առնէ պատմական անդրադարձներէ եւ պատմութեան նկատմամբ պետութեան մօտեցումէն՝ գոյութիւն ունի հայութեան վերաբերեալ պատմութիւն մը, որ Թուրքիոյ մէջ բոլորը լսած են։

Մինչ 1915-ի հարցը «այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան» կամ «անիմաստ թեզերու» պատճառով պաշտօնական մակարդակի վրայ կը ներկայացուի, իբրեւ ազգային հարց մը՝ նշելով, թէ հայերը տեղահանուեցան դաւաճանութեան պատճառով՝ իրողութեան մէջ ասիկա Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան տնտեսական մեծագոյն յաղթանակն է։

Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէն (ՄՅԿ) 1915-ին անմիջապէս հայերուն իրենց ետին ձգած կալուածներուն մասին օրինագիծ մը հրապարակեց։ Ըստ այդ օրինագիծին, կառավարութիւնը տեղահանութեան թատերաբեմ դարձած շրջաններուն մէջ լքեալ կալուածներու հարցով յանձնախումբեր պիտի կազմէ։ Յանձնախումբերը պիտի կնքեն լքուած տուները եւ արձանագրեն բնակարաններուն մէջ գտնուող ինչքերը՝ անոնց արժէքը գնահատելէ ետք։ Մնացեալ կալուածները աճուրդով պիտի ծախուին, իսկ գոյացած գումարը փոխանձուի կալուածոց մարմինին՝ յանուն սեփականատէրերուն։ Եկեղեցիներուն մէջ գտնուող սպասներն ու սուրբ գիրքերը պիտի ճշդուին եւ տեղւոյն վրայ պահուին։

Մարդիկ, որոնք կը պնդէին, որ այդ ատեն սպաննուածները իրենց դրամ պարտական էին պէտք էր երկու ամսուան ընթացքին յանձնախումբերուն դիմէին։ Այս մէկը ծրագրուածին համեմատ չընթացաւ. դիմումնագրերու ընդունման ժամանակամիջոցը կրճատուեցաւ եւ որոշ արգելքներ ճշդուեցան։ Բայցեւայնպէս, արգելքներու հարկ չկար. անոնք որոնք Տէր Զօրի անապատ աքսորուած էին այս յանձնախումբէն տեղեակ չէին եւ վերադառնալու յանդգնութիւնը չունէին։ Սկիզբէն յստակ էր, որ ոչ ոք պիտի օգտուի այս օրինագիծէն։ Հայ ժողովուրդի սպանութիւնը, մնացորդներուն տեղահանութիւննը, ճամբու ընթացքին զանգուածային սպանդները, քանդուած ընտանիքները, կորսուած մանուկները, զաւակներն ու ամուսինները… Այժմ ժամանակն էր այլեւս այդտեղ չգտնուող հայերուն տուներուն, պարտէզներուն եւ դաշտերուն հարցը լուծելու։

ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՄԸ, ՈՐ ՉԷՐ ԳՈՐԾԵՐ

Գաղտնիք չէր, որ յանձնախումբը պիտի չգործէ. հայերէն գրաւուած կալուածներուն մէկ մասը յափշտակուեցաւ թուրք, քիւրտ եւ չերքեզ ականաւոր դէմքերու կողմէ։ Կարգ մը կալուածներ Պալքանեան երկիրներէն եկած գաղթականներու տրուեցան։ Այդ կալուածներուն մէկ մաս նոյնիսկ ձրիաբար նուրիուեցան անհատներու եւ հաստատութիւններու, որպէսզի անոնք իսլամ-թուրք գործարարներու վերածուին։ Ամերիկացի պատուիրակ Հենրի Մորկընթաու իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ ՄՅԿ-ի հիմնադիրներէն Թալեաթ Փաշան իրեն յայտնած է, որ «կը փափաքէի, որ դուք հայ նպաստընկալներու ամբողջական ցանկը ունենալու համար ամերիկեան ապահովագրական ընկերութիւններուն դիմէիք։ Այժմ բոլոր հայերը մահացած են, անոնք իրենց դրամները գանձելու համար ժառանգորդներ չունին։ Անոնց բոլոր ինչքերն ու կալուածները պետութեան մնացին»։

ՈւրՖայի կառավարիչ Նուսրեթ Պէյը, որ տեղահանութեան ընթացքին սպանութիւնները հրամայած ըլլալուն համար 1921-ին ռազմական դատարանի մը կողմէ մեղաւոր ճանչուած եւ մահապատիժի ենթարկուած էր, ինչպէս նաեւ Պողազլայանի շրջանային կառավարիչ Քեմալ Պէյ, որ նոյն պատճառով մահապատիժի ենթարկուեցաւ ազգային նահատակներ հռչակուեցան։ Հետագային, իրենց ընտանիքները ստացան լքեալ կալուածներէն անոնց բաժինները. ասիկա հայերուն վերապահուած ճակատագիրին ամէնէն դաժան պահերէն մէկն էր, որուն ծրագրաւորուած ըլլալը երբէք չընդունուեցաւ։

1927-ի հրամանագրով հայերուն կողմէ լքուած 20,000 թրքական լիրա արժողութեամբ կալուածներ փոխանցուեցան Պողազլայանի շրջանային կառավարիչին ընտանիքի անդամներուն։ Կալուածներ նաեւ տրուեցան ՈւրՖայի կառավարիչ Նուսրեթ Պէյի ընտանիքին։ Փոխանցումները այսքանով չսահմանափակուեցան. Թեշքիլաթը Մահսուսայի ամէնէն անգութ ղեկավարներէն տոքթ. Պէհաէտտին Շաքիր, Տիգրանակերտի կառավարիչ տոքթ. Ռեշիտ եւ Ճեմալ Փաշա իրենց կարգին կալուածներ ստացան։ Հայերու ջարդին համար պատիժները անհաւատալի էին։ Ճեմալ փաշայի թոռնիկը՝ Հասան Ճեմալ «1915՝ Հայոց ցեղասպանութիւն» իր գիրքին մէջ ակնարկ կը կատարէ դղեակի մը, որ կը գտնուի Քուրթուլուշի մէջ, որ մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած էր. Դղեակը իր ընտանիքին տրուած է։ Ճեմալ նոյն գիրքին մէջ նաեւ կ’ակնարկէ այլ բանի մը, որ գրեթէ անծանօթ կը մնար։ «Ճիւմհիւրիէթ» օրաթերթին մէջ իր աշխատած տարիներուն, ան «Մաթոսեան» տպագրատան պատմութիւնը պատմեց։ Լրագրող եւ գրող Նատիր Նատի յայտնած է, որ «Մաթոսեան»-ի սեփականատիրոջ «երկրէն հեռանալէն ետք», տպագրատունը իր հօր ծախուած է։ ՄուսթաՖա Քեմալ Աթաթուրք շուտով տպագրատան հարցով հետաքրքրուած է. արտասահմանէն տպագրական մեքենայ մը բերելը երկարատեւ ժամանակի կը կարօտէր, սակայն այդտեղ անգործ մնացած մեքենայ մը գոյութիւն ունէր…։

Իրողապէս Աթաթուրքի սերտ բարեկամներէն եւ երիտասարդ հանրապետութեան ամէնէն սիրուած եւ ժողովրդականութիւն վայելող լրագրողներէն Եունուս Նատի 1924-ին փոքր գումարով մը տպարանը ձեռք ձգելէ ետք, ոչ իսկ մէկ լումայ վճառած է։ Հետագային ան պետութենէն փոխհատուցում պահանջած է, որովհետեւ մեքենաներու փոխադրութենէն ետք, բոլորն ալ տպարանին մէջ ծագած հրդեհի մը պատճառով քանդուած էին. Ինչքերուն որեւէ հետք չգտնուեցաւ։ Նատի, որ «Մաթոսեան» տպագրատան մէջ գտնուող ամէն բան ծախեց, գիրքերը կրթութեան նախարարութեան ծախեց։ Այդ գիրքերը հետագային փոխանցուեցան Կազի կրթական հիմնարկին։ «Թանին» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած տեղեկութիւն մը նշեց, որ «Մաթոսեան»-ի միայն գրադարանին գինը շատ աւելին էր քան Եունուս Նատի վճառած էր ամբողջ տպարանին համար։

ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՀԵՏ ՄԱՐԴՈՑ ԿԱՊԸ ԿՏՐԷ

Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Թուրքիա լատինական գիրերը որդեգրեց։ Աւանդական պատմութեան հակառակ՝ գիրերու յեղափոխութեան նպատակը մարդիկ կրթելէն եւ զանոնք գրաճանաչ դարձնելէն աւելին էր։ Իրողութեան մէջ անիկա փորձ մըն էր անցեալին հետ մարդոց կապը խզելու, որպէսզի իրենց պատմութեան հետ որեւէ կապ չունենան։

Հողերու արձանագրութեան եւ կալուածատոմարներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը 2005-ին այդ ժամանակաշրջանի կալուածագիրերու թուայնացման ու պահպանման դիմում մը ներկայացուց։ Սակայն, Ազգային ապահովութեան խորհուրդի պատերազմի պատրաստութեանց մարմինը նշեց, որ այդ մէկը ազգային շահերուն դէմ է։ Հետեւանքը այն եղաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ։ Այսպիսով՝ ՄՅԿ-ն յաջողեցաւ իր սեւ անցեալը թաքցնել։

Օսմանեան կայսրութեան մեծագոյններէն եղող «Մաթոսեան» տպագրատունը իբրեւ վարչակարգին պահապանը ծառայող «Ճիւմհիւրիէթ» օրաթերթին խմբագրատան վերածուեցաւ, իսկ Գասապեան ընտանիքին տուներէն մէկը գրաւուեցաւ եւ հետագային Չանքայա նախագահական պալատին վերածուեցաւ։ Կարճ խօսքով՝ նորահաստատ հանրապետական վարչակարգը հիմնուած էր հայերու տառապանքին, անոնց կրած կորուստներուն, ինչպէս նաեւ անոնց իրաւունքներուն եւ կալուածներուն վրայ։

Հետագային գրաւման հոլովոյթի վերածուած լքեալ կալուածներու օրէնքէն ետք, հանրապետական վարչակարգին գլխաւոր հիմերը եղող հայկական կալուածները յոյներու եւ հրեաներու պատկանող կալուածներու կողքին թրքացման ենթարկուեցան։1974-ի հիմնարկներու կալուածոց գրաւումը վերջին քայլն էր։ 100 տարի ետք, այս հողերուն վրայ հայերու ներկայութեան հետքերը գրեթէ ամբողջութեամբ ջնջնուած էին, սակայն հակառակ հիմնադրամներու վերաբերեալ օրէնքին ստեղծած հարցերուն վերջերս կարգ մը քայլեր առնուեցան։ ՄՅԿ-ամէտ դէմքերն ու կառոյցները, առաջին անգամ ըլլալով, այդ քայլերուն եւ միջոցառումներուն պատճառով պարտութեան կը մատնուին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.