Արամ Ա. Իր Խօսքը Պիտի Ուղղէ Հայ Դատի Զոյգ Համագումարներուն
1938
0
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հոկտեմբեր 13-15, Պրիւքսէլի մէջ (Պելճիքա) յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան երկու համագումարներ՝ Հայ Դատին նուիրուած, կազմակերպութեամբ Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակին:
Առաջին համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, իսկ երկրորդին՝ Ցեղասպանութեան եւ միջազգային օրէնքի օտար մասնագէտներ:
Երկու համագումարներուն ալ վեհափառ հայրապետը պիտի ուղղէ իր խօսքը: Վեհափառ հայրապետին պիտի ընկերանայ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: