Ի՞նչ է Սուրիոյ տագնապին ետին կանգնող իսկական դրդապատճառը – ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԱՐԻՒՂԻ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ


 

Փեփէ Էսքոպար «Ալ-Ժազիրա»-ի անգլերէն կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ «Դամասկոսի հրաբուխ»-ի եւ «Հալէպի ճակատամարտ»-ի խորքը համաշխարհային ուժանիւթի հարցով ընթացող ճատրակի խաղն է։ Քաղաքացիական պատերազմի ողբերգութենէն եւ տխրութենէն անդին՝ Սուրիոյ հարցը նաեւ խողովակաշարերու շուրջ պայքար մըն է։

Աւելի քան մէկ տարի առաջ, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ գոյացաւ 10 միլիառ տոլարի համաձայնութիւն մը՝ մինչեւ 2016 կառուցելու համար բնական կազի խողովակաշար մը, որ Իրանի հսկայական Հարաւային Փարս հանքավայրէն կ՚երկարի Իրաք, Սուրիա եւ Լիբանան։ Արտածման թիրախ եղող շուկան Եւրոպան է։

Անցնող 12 ամիսներու ընթացքին, մինչ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ կ՚ընթանար, խողովակաշարերու մասին խօսք չկար։ Եւրոպական Միութեան մեծագոյն վախը ռուսական «Կազփրոմ»-ի պատանդը ըլլալն է։ Իրան-Իրաք-Սուրիա կազի խողովակաշարը Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարումը Ռուսիայէն հեռու եւ տարատեսակ դարձնելու համար կենսական պիտի ըլլայ։
Հարցը շատ աւելի բարդ է։ Թուրքիա «Կազփրոմ»-ի երկրորդ մեծագոյն յաճախորդն է։ Թրքական ուժանիւթի ամբողջ անվտանգութիւնը կախեալ է Ռուսիոյ եւ Իրանի կազէն։ Թուրքիա կ՚երազէ նոր Չինաստան մը ըլլալ եւ Անատոլուն կը պատկերացնէ իբրեւ ռուսական, կեդրոնական ասիական, իրաքեան եւ իրանեան քարիւղի եւ կազի դէպի Եւրոպա ուղղուող խողովակաշարերու խաչմերուկը։
Փորձեցէք այս խաղին մէջ Անգարան շրջանցել եւ դուք վտանգուած պիտի ըլլաք։ Մինչեւ երէկ, Անգարա Դամասկոսի կը խրատէր արագ կերպով բարեփոխուելու։ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ քաոս տեսնել չուզեց։ Այժմ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ քաոսը կը հրահրէ։ Քննարկենք հաւանական պատճառներէն մէկը։

Սուրիա քարիւղի արտադութեան տեսակէտէ մեծ երկիր մը չէ։ Անոր պահեստները կը նուազին։ Սակայն մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի ծագումը, Դամասկոս քարիւղի վաճառքէն կ՚ապահովէր տարեկան 4 միլիառ տոլարի եկամուտ մը, որ կառավարութեան պիւտճէին մէկ երրորդն է։ Սակայն Սուրիան իբրեւ ուժանիւթի խաչմերուկ աւելի կարեւոր է, ճիշդ Թուրքիոյ նման, սակայն աւելի փոքր չափով։ Գլխաւոր հարցը այն է, որ իր ուժանիւթի ռազմավարութիւնը իրականացնելու համար՝ Թուրքիա Սուրիոյ կարիքը ունի։
Սուրիոյ ուժանիւթի ռազմավարութեան կեդրոնական առանցքը «Չորս ծովեր քաղաքականութիւն»-ն է, որ 2011-ին ըմբոստութեան սկիզբէն 2 ամիս առաջ Պաշշար Ասատի կողմէ որդեգրուած էր։ Անիկա ուժանիւթի ցանց մըն է, որ Միջերկրական, Կասպից, Սեւ ծովերն ու Արաբական ծոցը իրարու կը կապէ։
Դամասկոս եւ Անգարա շուտով իրարու հետ աշխատելու սկսան՝ համարկելով իրենց կազի ցանցերը եւ զանոնք կապելով Արաբական կազի խողովակաշարին, եւ ինչ որ աւելի կարեւոր է, այդ խողովակաշարը Հալէպէն Քիլիս երկարելով։ Այդ մէկը կրնայ հետագային «Նապուքօ»-ի միանալ, եթէ այդ ծրագիրը ի վերջոյ գործէ (դժուար իրականանալի բան մը)։

2010-ի վերջաւորութեան Սուրիա Պաղտատի հետ ստորագրեց կազի խողովակաշար մը եւ քարիւղի երկու խողովակաշարեր կառուցելու փոխադարձ հասկացողութիւն մը։ Թիրախ եղող շուկան՝ դարձեալ Եւրոպան էր։

Հետագային իրարանցում ստեղծուեցաւ։ Սակայն նոյնիսկ ըմբոստութեան ընթացքին 10 միլիառ տոլար արժողութեամբ Իրան-Իրաք-Սուրիա խողովակաշարի համաձայնութիւնը գոյացաւ։ Եթէ ծրագիրը իր աւարտին հասնի «Նապուքօ»-էն առնուազն 30 առ հարիւր աւելի կազ պիտի փոխադրէ։ Հարցն այն է, որ յաճախ Իսլամական կազի խողովակաշար կոչուող այդ խողովակաշարը կը շրջանցէ Թուրքիան։

Տակաւին յստակ չէ, եթէ այդ խողովակաշարը Թուրքիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի համար պատերազմի դրդապատճառ պիտի դառնայ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Քլինթընի վարչակազմի օրերէն ի վեր հարաւարեւմտեան Ասիոյ մէջ Ուաշինկթընի ռազմավարութիւնը ամէն ձեւով Իրանը շրջանցելն ու մեկուսացնելն է։

ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԿԱՊԵՐ

Դամասկոս կը կիրարկէ շատ բարդ երկթեւ ռազմավարութիւն մը՝ Թուրիոյ (եւ իրաքեան Քիւրտիստանի) հետ կապուելով, սակայն նոյն ատեն Թուրքիան կը շրջանցէ եւ Իրանը կը ներառէ։

Մինչ Սուրիա քաղաքացիական պատերազմի մէջ ներքաշուած է, որեւէ միջազգային ներդրող պիտի այդ խողովակաշարերու կառուցման համար ներդրում կատարելու մասին պիտի չմտածէ։ Սական յետասատեան դիպաշարի մը մէջ ամէն բան կարելի է։ Ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ Դամասկոսի եւ Անգարայի, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի եւ Պաղտատի միջեւ ապագայ յարաբերութիւններէն։

Քարիւղն ու կազը անխուսափելի կերպով Իրաքէն պիտի գան (առաւել Իրանէն յաւելեալ կազ), սակայն Սուրիոյ խողովակաշարերու ծրագիրին վերջին կայարանը Թուրքիան, Լիբանանը կամ ինքնին Սուրիան կրնայ ըլլալ՝ այդպիսով Արեւելեան Միջերկրականի ճամբով քարիւղն ու կազը ուղղակի դէպի Եւրոպա արտածելով։

Անգարա հաստատ, որ իր գրաւը յետասատեան սիւննի ղեկավարութեամբ ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նման կառավարութեան մը վրայ դրած է։ Թուրքիա արդէն իսկ դադրեցուցած է Սուրիոյ հետ քարիւղի միացեալ պեղումը եւ առեւտրական բոլոր յարաբերութինները առկախելու եզրին կը գտնուի։

Սուրիա-Իրաք յարաբերութիւնները երկու անջատ եւ իրարմէ շատ տարբեր հասցէներ ունի՝ Պաղտատը եւ Իրաքեան Քիւրտիստանը։

Ալեւիական լեռները կը վերահսկեն դէպի Արեւելեան Միջերկրականի Պանիաս, Լաթաքիա եւ Թարթուս նաւահանգիստներ երկարող սուրիական խողովակաշարերու ճամբաներուն։ Կիպրոսի եւ Իսրայէլի վերջին ձեռքբերումներէն ետք, տակաւին շատ կազ կայ յայտնաբերուելիք։ Եթէ Ասատի վարչակարգը տապալի, սակայն դէպի այդ լեռները ռազմավարական նահանջ մը կատարէ՝ խողովակաշարերուն խափանարարութեան ենթարկուելու վտանգը կը բազմապատկուի։

Ոչ ոք գիտէ, թէ յետասատեան Դամասկոս ինչպէս Անգարայի, Պաղտատի, Իրաքեան քիւրտիստանի եւ Թեհրանի հետ իր յարաբերութիւնները պիտի վերադասաւորէ, սակայն Սուրիա պիտի շարունակէ խողովակաշարերու խաղին մասնակից դառնալ։

ՔՐՏԱԿԱՆ ԱՐԵՂԾՈՒԱԾԸ

Սուրիոյ քարիւղի պահեստներուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի քիւրտերով բնակուած հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ, որ Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը գտնուի, իսկ անոր մնացեալ մասը Եփրատի հետ դէպի հարաւ կ՚երկարի։

Սուրիոյ քիւրտերը բնակչութեան 9 առ հարիւրը (շուրջ 1.6 միլիոն) կը կազմեն։ Սուրիացի քիւրտերը արդէն կը մտածեն յետասատեան միջավայրի կացութեան մասին։ Անոնք խողովակաշարերու այս խաղին մէջ լաւ դիրքի վրայ պիտի ըլլան, որովհետեւ Պաղտատն ու Անգարան շրջանցելող դէպի ծով ուղղակի ճամբու մը կարելիութիւնը կ՚ընծայեն։

Անշուշտ, որ Պաղտատ այդ կարելիութեան դէմ պիտի պայքարի՝ շեշտելով, որ այդ խողովակաշարները առանց կեդրոնական կառավարութեան նկատառելի շահաբաժինին գոյութենէ զուրկ պիտի նկատուին, ի վերջոյ իրաքեան Քիւրտիստանի պիւտճէին 95 առ հարիւրը կը վճառէ։

Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերը խելացի խաղ մը կը խաղան։ Սուրիոյ մէջ անոնք ոչ Ասատի կը վստահին ոչ ընդդիմութեան Ազգային համաձայնական մարմինին։ ՔԱԿ-ի առնչուած Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Ազգային համաձայնական մարմինը Թուրքիոյ խամաճիկը կը նկատէ։ Իսկ աշխարհիկ Քրտական ազգային խորհուրդը սուրիական Իսլամ եղբայրներուն նկատմամբ մտավախութիւն ունի։ Ուստի սուրիացի քիւրտերուն բացարձակ մեծամասնութիւնը չեզոք դիրք որդեգրած է, թրքական(կամ սէուտական) խամաճիկներուն որեւէ զօրակցութիւն չի ցուցաբերեր. ամբողջ ուշադրութիւնը համաքրտական դատին վրայ է։ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալիհ Մուսլիմ Մուհամատ այս բոլորը ամփոփելով կը նշէ, թէ կարեւոր այն է, որ քիւրտերը իրենց գոյութիւնը ամրապնդեն։ Այդ մէկը, հիմնականին մէջ յաւելեալ ինքնավարութիւն կը նշանակէ։ Ուստի զարմանալի չէ, որ Անգարա իրար կ՚անցնի, որովհետեւ կը տեսնէ, թէ ՔԱԿ-ը Սուրիոյ մէջ ապաստան մը կը գտնէ, աւելին երկու քրտական փոքր պետութիւններու գոյութիւնը Անատոլուի մէջ քիւրտերուն ուժեղ պատգամ մը կ՚ուղղէ։

Անգարա այդ մղձաւանջը մեղմացնելու համար կրնայ իրաքեան քիւրտիստանի հետ իր լաւ յարաբերութիւններուն ճամբով՝ զգուշ կերպով տնտեսական օժանդակութիւն ցուցաբերել սուրիացի քիւրտերուն ։

Անգարայի տեսանկիւնէն, ոչինչ կրնայ կանգնիլ արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ ուժանիւթի կամուրջ մը ըլլալու անոր երազին առջեւ։ Այդ մէկը շուրջ ինը երկիրներու հետ՝ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Հայաստանի, Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի հետ շատ բարդ յարաբերութիւններ կը նշանակէ։

Ինչ կը վերաբերի Արաբական աշխարհին՝ նոյնիսկ «Արաբական գարուն»-էն առաջ Գահիրէն, Ամմանը, Դամասկոսը, Պէյրութն ու Պաղտատը իրարու կապող արաբական խողովակաշարի մը ծրագիրը լրջօրէն կը քննարկուէր։ Այդ մէկը Միջին Արեւելքը միացնելու եւ զարգացնելու համար աւելի օգտաշատ պիտի ըլլայ քան որեւէ «խաղաղութեան գործընթաց», «վարչակարգի փոփոխութիւն», կամ որեւէ տեսակի (խաղաղ կամ զինեալ) ըմբոստութիւն։

Այս նուրբ կացութեան մէջ վերստին դերակատար կը դառնայ Մեծն Քիւրտիստանի երազը։ Եւ քիւրտերը կրնան պատճառ ունենալ ժպտելու. Ուաշինկթըն կը թուի որոշ չափով աջակցիլ անոնց. շատ ծածուկ ռազմավարական դաշինք մը արդէն գոյացած կը թուի ըլլալ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.