Կարսի Հայկական Տաճարը՝ Յուշարձաններու Համաշխարհային Հիմնարկի Ցանկին Վրայ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կարսի նահանգի սահմանային զինուորական բաժանմունքի տարածքին վրայ գտնուող 7րդ դարու Մրենի հայկական տաճարը ընդգրկուած է Յուշարձաններու համաշխարհային հիմնարկի (World Monuments Fund, WMF)՝ պահպանութեան կարիք ունեցող յուշարձաններու ցանկին մէջ. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թալալ» համացանցային թերթը:
1996էն սկսեալ, WMF-ը երկու տարին անգամ մը կը հրապարակէ ցանկը աշխարհի այն յուշարձաններուն, որոնք պահպանութեան յատուկ կարիք ունին: Կազմակերպութեան ղեկավար Պոնի Պըրնըմի հրապարակած 2014ի ցանկին մէջ ընդգրկուած են 41 երկիրներէ պահպանութեան կարիք ունեցող 67 յուշարձաններ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.