Եկեղեցւոյ Զանգեր Կը Հնչեն Թուրքիոյ Մէկ Անկիւնը, Ուր Հայկական Ցեղասպանութիւնը Տեղի Ունեցած Էր. «Ուաշինկթըն Փոսթ»
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը անդրադարձած է Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերաբացման՝ նշելով, թէ եկեղեցին քանդուած էր 1915ի ջարդերու օրերուն եւ անգործածելի մնացած էր մօտաւորապէս մէկ դար, սակայն արդէն քանի մը ամիս է ի վեր կը հնչեն անոր զանգերը:
Թերթը կը գրէ, թէ եկեղեցւոյ վերականգնման համար ծախսուած է շուրջ 3 միլիոն տոլար: Վերակառուցուած է եկեղեցիին առաստաղը, նորոգուած են եօթը խորանները, իսկ երկաթէ զանգը վեր դարձուած է զանգակատուն:
Տեղացի հայու մը համաձայն՝ եկեղեցիին զանգերը տակաւին խորհրդանշական նշանակութիւն ունին, որովհետեւ եկեղեցւոյ քահանան ներկայիս կը գտնուի Երուսաղէմ, վերապատրաստման համար, սակայն երբ ան վերադառնայ, եկեղեցիին մէջ ամէն շաբաթ կանոնաւոր պատարագ պիտի մատուցուի:
Ըստ յօդուածի հեղինակին՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը եկեղեցին դարձուցած է Թուրքիոյ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ հայկական ամենամեծ ուխտատեղին: Այդ քայլը կը նկատուի Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ իրենց նախնիներու դերի վերարժեւորման փորձ մը՝ տեղացի քիւրտերուն կողմէ: Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ Ապրիլ ամսուան ընթացքին քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցած էր 1915ի կոտորոծը եւ կոչ ըրած Թուրքիոյ կառավարութեան, որ նմանապէս ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը տեղի ունեցած է Տիրապեքիրի քիւրտ քաղաքապետի նախաձեռնութեամբ, որ ոչ միայն նիւթական աջակցութիւն տրամադրած է եկեղեցւոյ վերակառուցման, այլ նաեւ կանգնեցուցած է 1915ի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը, ինչպէս նաեւ ներկայիս աշխատանք կը տանի հայկական թանգարան մը բանալու ուղղութեամբ:
Յօդուածը նաեւ կը նշէ, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը պէտք չէ նկատել Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու վերաբացման արշաւի մը նախաքայլը՝ աւելցնելով, թէ Թուրքիոյ մէջ ընդհանուր առմամբ քրիստոնէական եկեղեցիները վտանգուած կը մնան, իսկ քրիստոնեաներու հանդէպ վերաբերմունքը կը մնայ բացասական: