Ըստ Պաքուի՝ Հայաստանի Օդային Տարածքը Կը Գտնուի Ատրպէյճանի Հակակշիռին Տակ


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի օդուժի հրամանատար զօր. Ալթայ Մեհտիեւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին իրականացուած արդիականացման արշաւին շնորհիւ, իր երկիրը ամենազօրաւոր օդուժներէն մէկը ունի նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ:
Ըստ հրամանատարին՝ երկրին օդուժը իր հակակշիռին տակ կը պահէ ոչ միայն Ատրպէյճանի հողային տարածքը, այլեւ Հայաստանի օդային տարածքը՝ պնդելով, թէ Երեւանի օդակայանէն միայն 10 մեթր բարձրացած օդանաւ մը կը նկատուի Ատրպէյճանի օդային պաշտպանութեան համակարգին կողմէ:
Մեհտիեւ աւելցուցած է, թէ Հայաստանի տրամադրութեան տակ գտնուող «Էս. 300» տիպի համակարգերը արդէն իսկ ժամանակավրէպ են, մինչ Ատրպէյճան 2011ին Ռուսիայէն գնած է անոնց արդիական տարբերակները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.