Իրան Հայաստանի Հետ Աւելի Սերտ Համագործակցութեան Կոչ Կ՛ընէ
1749
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Իրանի առաջին փոխնախագահ Էշաք Ճահանկիրի Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ՝ բոլոր մարզերուն մէջ, աւելի սերտ համագորակցութեան կոչ ըրած է:
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին ուղղուած իր ուղերձին մէջ, Իրանի փոխնախագահը կոչ ըրած է ընդլայնելու քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւնները: Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին ու ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման ջանքերուն:
Ճահանկիրի նաեւ շնորհաւորած է հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 22ամեակին կապակցութեամբ: