ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Նախագահութեան Նիստին
ԵՐԵՒԱՆ «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- Սեպտեմբեր 26ին, ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի (ԸՄ) նախագահութեան նիստը, զոր կը վարէր կազմակերպութեան նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ (Եորղոս) Փափանտրէուն: Նիստին ներկայ էր նաեւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան:
Ժողովի գլխաւոր թեմաներն էին աշխարհի մէջ նոր ժողովրդավարութիւններու համար պայքարներու զարգացումները (ինչպէս՝ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով խաղաղութեան, ապահովութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն) եւ աղքատութեան վերացման ու հաւասարութեան հաստատման համար ընկերվար-ժողովրդավար յանձնառութիւնը:
Ժողովին, ՀՅԴի կողմէ մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան: Որպէս կազմակերպութեան փոխնախագահ կամ հրաւիրեալ, ժողովին մասնակցեցան նաեւ Մալիի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Պուպաքար Քէյթա, Պելճիքայի, Ալպանիոյ, Մաւրիթիոսի եւ Մալթայի վարչապետները, յաջորդաբար՝ Էլիօ Տի Ռուփօ, Էտի Ռամա, Ռամ Ղուլամ եւ Ճոզէֆ Մուսքաթ, նաեւ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կիւթերեզ եւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհնաուր քարտուղար Հոզէ Միկել Ինսուլզա: Ժողովին ընթացքին, տարբեր պահերու, մասնակցեցան նաեւ Անկոլայի փոխնախագահ Մանուէլ Վիսենթէ, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Թիթուս Քորլաթին, Պոսնիոյ արտաքին գործոց նախարար Զլաթքօ Լակումծիճա եւ Անկոլայի արտաքին գործոց նախարար Ճորճ Ռեպելօ Չիքոթի:
Սուրիոյ հարցի քննարկման ժամանակ, խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ ներկայացուցիչը: Մ. Նալպանտեան ԸՄ նախագահութեան եւ միւս մասնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց յատկապէս Սուրիոյ հայութեան խնդիրներուն վրայ: Ան շեշտեց միջազգային մարդասիրական օժանդակութիւնը Սուրիա գտնուող ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն հասանելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւոր նկատեց ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս հայ համայնքի կարիքներուն՝ մանաւանդ կրթական համակարգին, միջազգային օժանդակութիւն տրամադրելը: Ան անդրադարձաւ դրացի որոշ երկիրներու, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, կողմէ սուրիահայերու անցքին առջեւ պարբերաբար ստեղծուող արհեստական դժուարութիւններուն:
Սուրիահայութեան մարդասիրական խնդիրներուն անդրադարձաւ նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահը:
ՀՅԴ ներկայացուցիչը անգամ մը եւս ելոյթ ունեցաւ, երբ կը քննարկուէր Եւրոմիութեան Արեւելեան հարեւանութիւն ծրագիրին մասնակից երկիրներու՝ (Եւրասիական) Մաքսային միութեան հետ յարաբերութիւններու հարցը: Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի կեցուածքին գծով, Մ. Նալպանտեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ըմբռնումով մօտենալ, մանաւանդ հաշուի առնելով, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ ներդրումներ չէ կատարած եւ չէ նպաստած նոր աշխատատեղերու հաստատման ջանքերուն: Միաժամանակ, ան շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է Եւրոմիութեան հետ շարունակելու եւ խորացնելու իր քաղաքական եւ հասարակական յարաբերութիւնները:
Օրակարգի մնացեալ հարցերու քննարկումէն ետք, ԸՄ նախագահութեան ժողովը որոշեց կազմակերպութեան խորհուրդի յաջորդ ժողովը գումարել Պոլսոյ մէջ, այս տարուան Նոյեմբեր 11-12ին, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան (CHP) հիւրընկալութեամբ: Խորհուրդի ժողովը կարեւորութեամբ պիտի անդրադառնայ ժողովրդավարութեան համար պայքարներուն դիմագրաւած տագնապներուն, յատկապէս՝ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ ապահովութեան սպառնացող հակամարտութիւններուն: Ժողովը նաեւ պիտի անդրադառնայ համաշխարհային տնտեսութեան զարգացման համար «կեդրոն-ձախ» տեսլականին՝ յատուկ շեշտ դնելով տնտեսական աճի, աշխատատեղերու, հաւասարութեան եւ զարգացման համար նոր օրակարգի մը վրայ: