Հայ Դատի «Խրիմեան Հայրիկ» Մրցանակը՝ Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին որոշած է «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը յանձնել Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին, որ խաղաղութեան համար պայքարող հոգեւոր հովիւ մըն է եւ ոգեւորիչ դերակատարութիւն ունեցած է Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրական պայքարին մէջ:
Արցախի թեմը Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ամենամեծ թեմերէն մէկն է եւ անոր հովանիին տակ կ՛իյնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքը, որուն մէջ ներկայիս կը գործեն աւելի քան 30 եկեղեցիներ եւ վանքեր:
Արցախի թեմը հաստատուած է 1989ին եւ անոր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան ստանձնած է անոր առաջնորդի պարտականութիւնը: Ան կաեւոր դերակատարութիւն ունեցած է տասնամեակներով խորհրդային իշխանութեանց հակակրօնական արշաւին ենթարկուած Արցախի ժողովուրդին մօտ քրիստոնէական հաւատքի զարթօնքը ապահովելու աշխատանքին մէջ:
Առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան 1990ականներու վերջաւորութեան նաեւ գործօն դերակատարութիւն ունեցած էր Հիւսիս-Հարաւ ազատուղղի կառուցման աշխատանքներուն մէջ՝ դիւրացնելով կապը Արցախի հարաւային եւ հիւսիսային շրջաններուն միջեւ:
Սփիւռքի մէջ ան իր հանրային ելոյթներուն ընթացքին կրցած է լուսարձակի տակ պահել Արցախի ազատագրական պայքարին եւ Արցախը վերակառուցելու աշխատանքներուն նեցուկ կանգնելու հրամայականը՝ անուղղակիօրէն նպաստելով նաեւ Հայաստանի վերակառուցման ջանքերուն:
Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան ծնած է 1954ին, Խորհրդային Ատրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքը: Ան զաւակն է Արցախի Չարտախլի շրջանէն հոն հաստատուած ծնողքի մը, որ 1966ին Երեւան հաստատուած է: Երեւանի Օտար լեզուներու հիմնարկէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1980ին ան կը յաճախէ Էջմիածինի դպրեվանքը: 1983ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի ու 1984ին կ՛աւարտէ Գէորգեան աստուածաբանական դպրոցը, ապա աստուածաբանական ուսումը կը շարունակէ Լենինկրատի Աստուածաբանական հիմնարկին մէջ:
Ան 1986ին Հայաստան կը վերադառնայ ու վարդապետ կը ձեռնադրուի 1987ին: Նոյն տարին, ան յաջողութեամբ կը պաշտպանէ իր դոկտորականը ու Էջմիածինի Ս. Հրիբսիմէ պատմական տաճարի հոգեւոր հովիւի պաշտօնը կը ստանձնէ: 1988ին եպիսկոպոս կը դառնայ՝ ձեռամբ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի, իսկ յաջորդ տարին Արցախի թեմի առաջնորդ կը նշանակուի: Արքեպիսկոպոսի տիտղոսին արժանացած է 1999ին:
Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան նաեւ հեղինակն է երեք գիրքերու եւ բազմաթիւ յօդուածներու, որոնց մէջ ակնյայտ են անոր հայրենասիրութիւնն ու հաւատքին զօրութիւնը:
«Իբրեւ մարդկային իրաւանց գործիչ, մարդասիրական դատերու պաշտպան եւ անձ մը, որ խոր հաւատքով օժտուած ու տասնամեակներով իր կեանքը նուիրած է Արցախի ժողովուրդին՝ այս մրցանակին յարմար անձն է մերօրեայ Խրիմեան Հայրիկը նկատուող Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Նոյեմբեր 30ին կայանալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին եւ անոր զուգահեռ կայանալիք գիտաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.