«Ցեղասպանութիւն» Բառը Կը Զայրացնէ «Հիւրրիյէթ»ի Սիւնակագիրը
1811
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանի «Հակադիր Հարցեր» յայտագիրին հիւրը եղած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիր Եըլմազ Օզտիլը, որ ուղղակի սփռուող հաղորդումին ընթացքին պատասխանած է Էնվեր Այսեվերի հարցումներուն:
Թուրք սիւնակագիրը խիստ զայրացած է, երբ հաղորդավարը հայերու ջարդերուն մասին Օզտիլի հեղինակած մէկ յօդուածը յիշատակելով, հարցում մը ուղղած է՝ օգտագործելով «ցեղասպանութիւն» բառը: Օզտիլ կշտամբած է հաղորդավարը՝ ըսելով. «Եթէ չէք կրնար ճշգրիտ կերպով ընթերցել յօդուածները, ապա նման անիմաստ հարցումներ մի տաք»: