20ամեայ Զինուոր Հայկ Քալանթարեան Նահատակուեցաւ Թշնամիի Կրակոցէն

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Չորեքշաբթի, 7 Փետրուարին, Արցախի հարաւային սահմանը պաշտպանող զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան դիրքերուն վրայ, Ատրպէյճանի բանակին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու վէրք ստացաւ Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) զինուոր, 1998ի ծնունդ Հայկ Ռազմիկի Քալանթարեանը:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կը յայտնէ իր վշտակցութիւնը զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 8ին ստորագրեց հրամանագիր՝ պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայող Հայկ Քալանթարեանը յետ մահու պարգեւատրելով «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով:

Հայկը Տաւուշի մարզի Նաւուր գիւղէն էր: Ունի քոյր մը եւ եղբայր մը: Քրոջ անունը Յասմիկ է: Եղբայրը իրմէ փոքր է: Աղքատ ընտանիքէ է: Ծնողները աշխատանք չունին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.