Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետը Կը Քննադատէ Հայաստանի Իշխանութիւնները
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հայկական ազդեցիկ լոպիիստական խումբի՝ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Քէն Խաչիկեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Մաքսային միութեան միանալու վերաբերող որոշում կայացնելու ընթացքին թափանցիկ կերպով չեն գործած՝ անարդար վարուելով Հայաստանի ժողովուրդին հետ:
«Ես կոչ կ՛ուղղէի, որ Հայաստանի իշխանութիւնները թափանցիկ կերպով գործէին որոշումներ կայացնելու ընթացքին։ Անկախ անկէ, թէ մարդիկ համաձայն կը գտնուին Հայաստանի որոշումին կամ ոչ, ես նաեւ կը հասկնամ, թէ ինչու Հայաստան դիմած է այդ քայլին, բայց եւ այնպէս քննադատելի է իշխանութիւններուն որոշում կայացնելու եղանակը: Չորս տարի բանակցելէ ետք յանկարծ ուղղութիւնը փոխելը ազնիւ չէր ո՛չ Եւրամիութեան, ո՛չ հայ ժողովուրդի հաշուոյն», դիտել տուած է Խաչիկեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան աւելցուցած է, որ ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ինչ կը ներկայացնէ Մաքսային միութիւն՝ շեշտելով, որ ամէն պարագայի Հայաստանի համար կարեւոր է ուժեղ տնտեսական եւ քաղաքական կապեր ունենալ թէ՛ Արեւելքի, եւ թէ Արեւմուտքի հետ: Քէն Խաչիկեան նաեւ չէ բացառած, որ Հայաստանի վրայ Ռուսիոյ կողմէ ճնշում բանեցուած ըլլալ՝ կրկին նշելով, որ նոյնիսկ այս պարագային անհրաժեշտ էր թափանցիկօրէն գործել:
«Ազատութիւն» կայանէն լրագրող Հրայր Թամրազեան դիտել տուած է. «Հայաստանում ձեզ քննադատում են այն բանի համար, որ Հայ Դատը, նաեւ միւս հայկական լոբբիստական խմբերը կենտրոնանում են միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի վրայ, բաւարար ուշադրութիւն չդարձնելով Հայաստանի Հանրապետութեանը». Խաչիկեան պատասխանած է. «Իրականութեան մէջ մեր օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայաստանի տնտեսական բարեկեցութիւնը, Հայաստանը բարգաւաճ եւ լաւ տնտեսութեամբ պետութիւն չէ: Եթէ չըլլան կայուն եկամուտներ, աշխատանք մարդոց համար, մարդիկ այստեղ չեն մնար, ու երկիր գոյութիւն չ՛ունենար: Լոպպիինկի միջոցով կարելի է հետապնդել տարբեր նպատակներ, բայց ջանքերը զուր կ՛ըլլան, եթէ չունենանք Հայաստան՝ Հայաստանի ժողովուրդին համար»:
«Այս երկրի խնդիրները՝ հարստութեան կեդրոնացումը, փտածութիւնը, անգործութիւնը կ՛առաջնորդեն արտագաղթի: Կարեւոր է, որ այդ հարցերը լուծուին, կառավարութիւնը փոխէ իր մօտեցումները, դադրի ճառեր արտասանելէ այս հարցերուն շուրջ, այլ փորձէ լուծումներ գտնել», ըսած է Խաչիկեան։
Հայաստանի բարեփոխման ճամբուն վրայ Խաչիկեան կարեւոր նկատած է նաեւ ընդդիմութեան դերը, ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն, որոնց կարգին Դաշնակցութենէն, ան կ՛ակնկալէ յարձակողական քաղաքականութիւն:
«Ես կը խրախուսեմ Հայաստանի ընդդիմութիւնը՝ յարձակողական քաղաքականութեամբ մղելու կառավարութիւնը փոփոխութիւններ կատարելու: Ես չեմ հաւատար, որ կառավարութիւնը ճիշդ քաղաքականութիւն կը վարէ, կը կարծեմ, թէ արդիւնքները ամէն բանի մասին կը խօսին, չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը կրնայ փաստել, որ անոնց քաղաքականութիւնը ճիշդ է. ակնյայտ է, որ անոնք յաջողութեան չեն հասած: Կը կարծեմ, թէ շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները փոխեն իրենց ուղեգիծը, եւ ընդդիմութիւնը բարձրացնէ իր ձայնը», նշած է Քէն Խաչիկեան: