Էջեր հալէպահայի մը օրագրէն – Զ.


 

Չեմ ուզեր քնանալ, որովհետեւ անքուն չեմ, որովհետեւ յոգնած չեմ, բայց մանաւանդ որովհետեւ տակաւին ժամը ութն է, իրիկուան ութը, գիշեր իսկ չէ, բայց երբ հոսանքը կ՚անջատուի, երբ թաղերն ու տուները մութի մէջ կը թաղուին, ո՞ւր կը մնալ երթալ անկողինէն զատ:

Եթէ հոսանքը անջատուած չըլլար, գրեթէ պիտի հաւատայի, որ եղածը ամբողջ չար կատակ մըն է, պարտադրուած մղձաւանջ մը, որ արդէն չքացեր է, որովհետեւ պատշգամէ մը նարտիի քարերուն չախ-չուխը կը լսուի, մինչ թաղին անկիւնը կեցած կորեկ ծախողին շուրջ ահագին մարդ հաւաքուեր է, հերթի կանգներ են խաշուած կորեկ գնելու համար, ըստ Հալէպի ամառնային սովորութեան:

Հեռուէն թէեւ, բայց ռումբին զօրաւոր ձայնը ա՛լ չի խանգարեր մարդոց ոչ նարտին, ոչ ալ կորեկ ուտելը:

Քանի մը օր է թաղում չկայ, գոնէ ես չտեսայ մեր թաղէն անցնող մեռելակառքը: Փոխարէնը նոր ծնած երեխաներու ուրախութիւն կայ, Թոմասին եւ Ժանինին ուրախութիւնը կայ, անոնց ծնունդին առիթով մօր, մեծ-մօր եւ հօքքուրին աշխատած ձեռայինները կան, որոնք մարդոց եռանդը, ուրախանալու կամքը կը հաստատեն: Այն ժողովուրդը որ գիտէ գոհանալ եւ ուրախանալ, չի մեռնիր:

«Միջին Արեւելքը արեան ծով պիտի ըլլայ» կ՚ըսեն: Պիտի ընեն, կը, մտածեմ մեծ ցաւով, տխրութեամբ, պատերազմներու «տրամաբանութիւնը» չհասկնալու յամառութեամբ, որովհետեւ ո՛չ մէկ շահ կրնայ արդարացնել մարդկային կեանքի կորուստը, մանաւանդ երիտասարդ կեանքերու կորուստը: 

***

 Հերթեր…

Լսեցի որ հերթ է. որոշեցի երթալ: Կա՞յ աւելի յարմար տեղ, մեր այս կացութիւնը իր ամենէն արտայայտիչ եւ վաւերական ձեւով ապրելու համար:

Կ՚երեւի թէ ուշացեր էի, որովհետեւ երբ հասայ, արդէն մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեր էր եւ րոպէ առ րոպէ կ՚աւելնար. պատահական անցորդներ երբ կը հասկնային, որ նպաստի համար է, իրենք ալ հերթի կը կանգնէին. կ՚երեւի թէ իրենց երթալիք տեղը նոյնքան «շահաւէտ» չէր, կամ կարելի էր յետաձգել:

– Բայց ինչի՞ հերթ է, ի՞նչ պիտի բաժնեն:

– Յայտնի չէ:

– Վառելանիւթ (անշուշտ մազութ ըսին, բայց նախանձախնդիր ըլլալով մեր լեզուի մաքրութեան, եւ յստակ դարձնելու համար, որ բաւական հայերէն գիտէ հեղինակը, վաւերականութիւնը մաքրութեան սիրոյն կը զոհէ):

– Ո՜չ, դրամ պիտի տան:

– Որքա՞ն:

– Տասը հազար կ՚ըսեն:

– Թերեւս ալ կազ է տալիքնին:

– Ի՛նչ ալ որ տան, շահ է:

Անոնք, որոնք չէին վստահեր արձանագրողներու պարկեշտութեան, մեծ համբերանքով եւ տոկունութեամբ կեցեր էին արեւին տակ, իրենց հերթը չկորսնցնելու համար:

Իսկ անոնք, որոնք վստահեր էին արձանագրողներու պարկեշտութեան, գացեր էին շուք անկիւն մը գտեր-կեցեր կամ նստեր էին խանութներու մուտքին, համբերանքով իրենց հերթը սպասելով:

Ես ալ գացի նստիլ խանութի մը աստիճաններուն նստած տարեց մարդու մը կողքին, որ կը զրուցէր նոյնքան տարեց կնոջ մը հետ:

– Անցեալ անգամ, երբ պարէնի սնտուկը տուն բերինք, մէջէն ելաւ թուղթ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր սնտուկին պարունակութիւնը՝ ձիթաիւղ, բայց չկար, բուսական ձէթ, չկար, հալվա, չկար, երկու քիլօ կրկնեփուկ, չկար. Ինչ որ կար որդնոտած բրինձ էր, պարկին տակը մնացած հողոտ թաթխոն (զահթէր) եւ ժամանակը անցած մաքարոն: 

– Ինչո՞ւ, ո՞ւր գացեր է մնացածը,- կը հարցնեմ:

– Ո՞ւր պիտի երթայ,- կ՚ըսէ մարդը,- յստակ է, որ վաճառականներուն հետ համաձայներ են՝ անոնց կու տան եկած լաւ ապրանքը, որ շուկային մէջ կրակի գինով ծախեն, իսկ սնտուկներուն մէջ կը դնեն վաճառականներուն քով մնացած հոտած, աւրուած պարէնը:

-Բայց մի՛ մոռնաք որ երկիրը պատերազմի մէջ է,- կ՚ըսէ կին մը, որ մեզի մօտեցած մտիկ կ՚ընէր:

Տարիքոտ տղամարդը նախ կը նայի կնոջ, յետոյ մեզմէ քիչ մը անդին նստած զինուորական տարազով երիտասարդին, որ թերթ կը կարդայ:

Պիտի պատասխանէ՞ արդեօք, կը մտածեմ: Բայց ճիշդ այդ պահուն միջին տարիքի մարդ մը կը մօտենայ եւ կը սկսի խանութին կողպէքները բանալ.

– Հո՞ս ալ հերթի կանգներ էք,- կ՚ըսէ,- հոս բան չեն տար:

– Չէ, հոն շատ տաք էր, հոս կեցեր ենք:

– Ինչո՞ւ կեցեր էք, ի՞նչ է տալիքնի՞ն, դրա՞մ, եթէ դրամ է, ինչո՞ւ հոս հերթի պէտք է կանգնիք, յետոյ դրամը առնելու համար կրկին հերթի պիտի կանգնիք: Աւելի գործնական չէ՞ որ ամէն մարդ առնէ իր ընտանեկան տետրակը, դրամատուն երթայ եւ գումարը գանձէ. չի՞ բաւեր որքան նուաստացուցին այս ժողովուրդը. գացէ՛ք, տուն գացէք, իրենց հոտած-որդնոտած պարէնը իրենց թող մնայ …

Եւ խանութ կը մտնէ:

Բաց ոչ ոք երթալու շարժում կ՚ընէ. կը շարունակենք սպասել: 

Կոտոյին կ՚երեւի:

Կէսօրուան արեւը անխիղճ է. մարդիկ յոգնած են, յուսահատ, անորոշութեան մէջ խեղդուած: Կը զգամ, որ հերթի կեցողներուն մեծ մասը այստեղ է, ընտանիքին համար գործ մը ըրած ըլլալու համոզումով. համատարած անգործութեան մէջ հերթի կանգնիլը նոյնքան աշխատանք է, որքան սովորական աշխատանքը:

Այս քաղաքը անտուն մարդ չկար. բոլորը տուն ունէին, իսկ եթէ տուն չունէին, կա՛մ ծերանոցներու մէջ էին, կամ որբանոցներու: Անօթի մարդ ալ չկար, որովհետեւ մարդիկ բարեխիղճ էին, ոչ ոք կրնար իր պատառ հացը ուտել, գիտնալով որ դրացին անօթի է: Այս քաղաքին մէջ արժանապատուութիւնը բոլորին հարստութիւնն էր անխտիր: Եւ մարդիկ ուրախ էին իրենց ա՛յդ հարստութեան:

Հիմա՞:

Քաղաքին գրեթէ ամբողջական քանդումէն, տնտեսութեան անկումէն, գործարաններու կողոպուտէն վեր կը մնայ Հալէպի մեծագոյն կորուստը՝ մարդկային տեսակի կորուստը, այն տեսակին, որ արդէն անգտանելի դարձած է՝ ազնիւ, հիւրասէր, աշխատասէր եւ բարի: Ա՛յդ տեսակի Մարդուն մահն է մեր մեծագոյն կորուստը:

***

 Կէս գիշերէն ի վեր համացանցային գիծը կտրուած է: Երբ առաւօտուն ալ կապը չի հաստատուիր, մտահոգութիւնս կը սկսի մեծնալ՝ ինչո՞ւ, արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ, ինչե՞ր կը պատրաստուին: Սորվեցանք նախ վատ բան մտածել, ու յետոյ, եթէ այդ վատը չպատահի, ուրախանալ:

Հակառակ անոր որ համացանցային կապին կտրուած ըլլալը կը բարկացնէ զիս, որովհետեւ ինքզինքս բանտարկուած կը զգամ, որովհետեւ այստեղ բացուող պատուհաններէն է միայն որ դուրսին հետ կը կապուինք, հակառակ ասոր, ժամանակը արագ-արագ կ՚անցնի այսօր: 

Բայց ինչպէ՞ս կրնայ անցնիլ, երբ տակաւին չենք հասած բան մը ապրիլ …

Ժամանակ, դո՞ւն ալ, Բրուտոս …

***

 Բարեկամներ հեռուներէն կը հեռաձայնեն ու կը հարցնեն.

– Հաց ունի՞ք:

– Պարէն կը գտնէ՞ք:

– Կրնա՞ք դուրս ելլել, քալել, երթալ-գալ:

Բոլոր այս եւ նման հարցումներուն պատասխանը դրական է, բայց երբ չեն հարցներ՝ ի՞նչ գնով կ՚ընէք այս բոլորը, ես չեմ խօսիր նիւթական եւ հոգեկան «գիներուն» մասին, որ հալէպահայը եւ հալէպցիները առհասարակ կը վճարեն: Որովհետեւ ամէն օր վախի մասին խօսիլը ամէն օր վախի մէջ ապրելուն չի նմանիր. եթէ առաջինին կրկնութիւնը կը ձանձրացնէ, երկրորդին կրկնութիւնը աւելի եւ աւելի խիտ կ՚ընծայէ ապրումը …

Քաղաքին մէկ կողմէն՝ «անցքէն» արգիլած են պիստակին մուտքը, որովհետեւ առանց պիստակի ալ մարդ կրնայ ապրիլ, միւս կողմէն՝ Ազազ-Աֆրինէն, ուր ձիթաստաններ են, արգիլած են ձէթին մուտքը՝ «թող ինչ գտնեն ուտեն, զըխըմ թող ուտեն» որոշելով մեզի, հալէպցիներուս համար:

Կ՚ըսեն թէ պիստակենիներուն ճիւղերը այնպիսի բրտութեամբ քաշքշեր են, որ երկար տարիներ անոնք անպտուղ պիտի մնան:

Սրճարաններն ալ լեցուն են. մարդիկ ուրա՞խ են. պարզ է, որ ոչ. ոչ միայն ուրախ չեն, այլ չափազանց մտահոգ են գալիք օրերով, այս խառն վիճակին ելքով: Բայց կենսասէր հալէպցին, որ թերեւս աշխարհի ամենէն ընկերային մարդն է, չի կրնար հեռու մնալ իր բարեկամներէն, եւ … սրճարանները լեցուն են:

Այս կրօնամոլները, որոնք գլխաւոր աղբիւրն են սարսափին եւ որոնք աներեւակայելի խժդուժութիւններ կ՚ընեն Ալլահին անունով, չեն կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կեանքը լաւ, ճիշդ եւ ուրախ ապրելով զԱստուած փառաբանել: Չէ՞ որ Աւետարանին մէջ աւելի քան ութ հարիւր համարներ կան, որոնք կը խօսին մարդուն ուրախութեան մասին:

Դեռ երէկ (22 Օգոստոս, 2013) համալսարանին կողմերը գտնուող սրճարաններէն մէկուն մէջ, ուր ընտանիք մը իր աղջկան պաքալորէայի փայլուն յաջողութիւնը կը տօնէր, երիտասարդ մը կը մտնէ առանց կասկած արթնցնելու եւ … ինքզինք կը պայթեցնէ, իր հետ ոչ միայն Հալէպի բարձրագոյն նիշը հաւաքած այդ երիտասարդուհին, անոր բժշկուհի մայրը, այլ եւ ներկաներէն մեծ թիւ մը սպաննելով: Եւ ասիկա՝ Ալլահին անունով:

Երկու օր առաջ, գիրքի ակումբի հերթական հաւաքին առաւօտուն բազմաթիւ հրասանդեր ինկած էին Նոր Գիւղի շրջանը, ուրկէ կու գայ անդամներուն կարեւոր մէկ թիւը: Գիտէի որ այդ օր ներկայութիւնը կրնար խիտ չըլլալ. հարց չէ, կը մտածէի, միայն անոնցմէ մէկուն բան պատահած չըլլայ:

***

Յետմիջօրէին սակայն մեծ մասը ներկայ էր:

– Անի՞,- կը հարցնեմ աշակերտուհիներէս մէկուն, որուն տունը Նոր Գիւղ է,- ինչպէ՞ս եկար, չէ՞ որ հրասանդեր …

– Անցաւ, տիկին,- կ՚ըսէ պարզօրէն եւ կը բանայ գիրքը:

Հիացումով կը դիտեմ զինք եւ միւները: Այս դեռատի աղջիկները արդէն սորված են «կեանքը իր ճամբով, մահը՝ իր», երբ պէտք էր զիրենք ցաւցնողը միայն սէրը ըլլար այս տարիքին:

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.