Հինգ Հայեր Մաս Պիտի Կազմեն Քրտական Խորհրդարանին
ԵՐԵՒԱՆ.- Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ (Քիւրտիստան) Սեպտեմբեր 21ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն աթոռ պիտի յատկացուի նաեւ շրջանի ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն. այս մասին կը հաղորդէ «Սիվիլնեթ»ը՝ վկայակոչելով թրքական «Զաման» թերթը:
111 անդամ ունեցող խորհրդարանին մէջ թուրքմէններուն, հայերուն եւ մնացեալ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն պիտի տրամադրուի 5ական տեղ: Այսպիսով՝ 111 անդամ ունեցող քրտական խորհրդարանի անդամներէն 15ը պիտի ըլլան փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Նախապէս քրտական խորհրդարանին մէջ թուրքմէններուն եւ քրիստոնեաներուն (հայերը ընդգրկուած չէին) յատկացուած էր 5ական աթոռ, եւ իբրեւ հետեւանք՝ հայերը միայն մէկ աթոռ ունէին: 2009ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատգամաւոր ըն-տրուած էր Արմէն Շահին Տաւուտ Բակոյեանը, որ Քիւրտիստանի նախագահ Մասուուտ Պարզանիի Քիւրտիստանի ժողովրդական կուսակցութեան անդամ է: Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան տարածքին վրայ կ՛ապրին մօտաւորապէս երկու հազար հայեր, որոնց մէկ մասը քրտախօս է: Այս տարածքին վրայ կան նաեւ հայկական եկեղեցիներ: