Մահացաւ Բարերար Ժերարտ Գաֆէսճեանը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– 88 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ նշանաւոր բարերար Ժերարտ Գաֆէսճեանը: Այս տեղեկութիւնը փոխանցուած է Երեւանի մէջ հիմնուած «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին կողմէ:
Գաֆէսճեանը գործարար եւ բարերար էր, որ հիմնադրած է «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնարկը, «Գաֆէսճեան թանգարան» հիմնարկը եւ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը:
Ծնած է Նիւ Եորք՝ Ցեղասպանութենէն ետք Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած հայ ընտանիքի մը մէջ, իր ասպարէզը սկսած է իբրեւ «Ուեսթ փապլիշինկ» հրատարակչատան իրաւաբանական խմբագիր, ապա դարձած ընկերութեան գործադիր փոխնախագահ՝ վերահսկելով վաճառքին, ծանուցողական բաժինին, յաճախորդներու սպասարկումին, հասարակութեան հետ կապերուն, վերապատրաստման եւ զարգացման ծրագիրներուն: Ան նաեւ մտայղացած եւ սկսած է հրատարակելու «Ուեսթ փապլիշինկ»ի «Իրաւաբանական տեղեկատուն» եւ հետագային յայտնի «Արուեստը եւ իրաւունքը» ծրագիրը, որուն շնորհիւ ան եւ իր ընկերութիւնը արժանացած են բազմաթիւ մրցանակներու:
1996ին Գաֆէսճեան հեռացած է ընկերութենէն՝ զայն վաճառելով «Թոմսըն» հրատարակչատան:
Աւելի ուշ հիմնած է «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնարկը, որ միլիոնաւոր տոլարներ յատկացուցած է Հայաստանի օգնութեան ծրագիրներուն, որոնց կարգին՝ վերականգնող ուժանիւթի աղբիւրներուն, պատկերասփիւռի ընկերութեան, թերթի հիմնադրման, նպաստած է յատուկ վարժեցուած շուներուն միջոցով ականազերծման աշխատանքներուն, հիմնած է դրամատուն, ապահովագրական ընկերութիւն: Որեւէ նախագիծի յաջողութեան պարագային, եկամուտը պէտք է մնար Հայաստանին հետագայ զարգացման:
Ժ. Գաֆէսճեան պարգեւներու արժանացած է թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, եւ թէ Հայաստանի մէջ։
Բարերարը հիմնովին նորոգած է Երեւանի կեդրոնը գտնուող Կասկադը, որ վերակառուցումէն ետք դարձաւ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոն եւ պաշտօնապէս բացուեցաւ 2009ին: Թանգարանը ունի համաշխարհային կարգի քանդակներու պուրակ եւ այժմ դարձած է Հայաստանի մէջ հանդիպումներու սիրուած վայր: Արուեստի կեդրոնի բացումէն ի վեր ունեցած է աւելի քան մէկ միլիոն այցելու։