1890-ականներու Թրքական Ջարդերէն Վերապրածներու 8000 Նամակներ Բացայայտող Գիրք Մը
Յարութ Սասունեան
Վերջերս ստացայ առաջին հատորը 2021 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած արժէքաւոր գիրքի մը, որ առաջին անգամն ըլլալով հանրութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ քանի մը նամակներ 8000 ձեռագիր նամակներէն, որոնք կը պատկանին 1894-96 թուականներուն սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կազմակերպուած 300 հազար հայերու թրքական ջարդերէն փրկուածներու։
Այս եզակի գիրքը, որուն հեղինակն է Վերա Սահակեանը, եւ որ՝ հրատարակուած է Մատենադարանին՝ Երեւանի հին ձեռագիրներու ու փաստաթուղթերու պահպանման եւ ուսումնասիրութեան հիմնարկին կողմէ, կը վերարտադրէ ականատեսի վկայութիւնները Մշոյ Պուլանըք գաւառի 28 գիւղերէն թրքական ջարդերէն վերապրած 200 հայերու, որոնք փախուստ տուած էին Արեւելեան Հայաստան։ Սրտաճմլիկ նամակները ուղարկուած էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կեդրոն Էջմիածինի մէջ գտնուող Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեանին (1893-1907թթ․), որ ճանչցուած է իբրեւ Խրիմեան Հայրիկ՝ խնդրելով անոր գթասիրտ օգնութիւնը՝ հոգալու իրենց սնունդի ու կացարանի կարիքները։
Հայ վերապրածներու այս նամակները քանի մը տասնամեակ պահուած մնացին Էջմիածինի արխիւներուն մէջ, իսկ այնուհետեւ տեղափոխուեցան Մատենադարան։ Հեղինակը կը նախատեսէ ապագային հրատարակել քանի մը հատոր եւս՝ մնացեալ բոլոր 8000 նամակները ներառելու համար։ Առաջին հատորի նամակներէն շատեր թարգմանուած են անգլերէնի՝ Լուսինէ Մինասեանի կողմէ։
Ահաւասիկ հատուածներ 1894-96 թուականներու թրքական ջարդերէն վերապրած հայերու նամակներէն՝ ուղղուած կաթողիկոսին․
– 29 հոկտեմբեր 1896-ին Մշոյ Պուլանըք գաւառի Քաքարլու գիւղէն գաղթականԵղիազար Յակոբեան կը գրէ. «Քուրդ բարբարոսաց սպանուելուց ազատուելով, որովհետեւ, բացի բոլորովին թալանուելուց, տղայիս մեռուցին, եւ ես էլ հազիւ փախայ․ միայն իմ աջ ձեռքի մատները կորսնցնելով, ահա չորս ամիս է, այս կողմերը կթափառիմ, ողորմութիւն խնդրելով․․․․ կաղաչեմ բարեհաճել եւ իմ ընտանեաց ողոrմանալ, որով հայրենիքում քաղցած եւ մերկ սպասում են անհամբեր՝ գոնեա ճանապարհածախս շնորհել կաղաչեմ»։
– 14 հոկտեմբեր 1894-ին Ներքին Պուլանըքի Խոշքալտի գիւղի բնակիչ Մարտիրոս Մուրատեանը կը գրէ. «Անօրէն տաճիկները [թուրքերը] հարձակվելօվ մերս խղճալի եւ աղքատ ընտանեաց վերա, մի կողմից քար խըփեցին, միւս կողմից հրացանօվ զարկէլօվ իմ երիտասարդ քսանամեա տղային՝ վիրաւորելով մեռաւ։ Յապշտակէլօվ տարան իմ բոլոր կարողութիւն, մինչեւ անգամ հանեցին մեր վերայի հանդերձներ»:
– 11 յուլիս 1895-ին Մշոյ նահանգի Մոլահքանդ գիւղի ծխատէր քահանայ Յովհաննէս Տէր Պետրոսեան կը գրէ. «Ասպատակուելով քրտերից եւ համէտեայ զօրքերից, թողինք տուն, տեղ եւ կալուած, հազիւ կարողացանք գաղտնի փախչելով Ռուսաստան՝ ազատուել։ Այժմս անդաստական թափառում ենք՝ խեղճ, մոլոր, քաղցած եւ մէկ կտոր չոր հացի կարօտ»։
– 2 յունուար 1896-ին Պուլանըքի Լիզ գիւղէն Յակոբ Լեւոնեանց կը գրէ․ «Մեր դիտաւորութիւնն է ինքնապաշտպանութիւն։ Մենք դիմած, եկած եմք Վեհիդ ոտքը, որ թէ՛ մեզ, թէ՛ մերայինք, թէ՛ հայրենիքը ազատեմք թրքական երկաթէ լծէն։ Մեր ձեռք մի քանի հատ զէնք տուէք, որ թողունք-գնանք անոնց հասնենք՝ այն ութ ընկերներու, որք անցած նամակ նամակի ետեւից մեզ կը գրեն, թէ՝ շուտո՛վ հասէք»։
– 13 յունուար 1897-ին Պուլանըքի Խրիստամ Քաթուք գիւղէն Մկրտիչ Յարութիւնեան կը գրէ. «Հազիւ հազ կարողացանք Oսմանեան կատաղի կառավարութեան անգութ ճիրանններէն ազատուիլ ․․․․ իբրեւ գաղթական եկած եմ ․․․․ որպէսզի ինձի եւս մի քանի ռուբլի ճանապարհածախք եւ մի քանի կտոր լաթ շնորհելով, որպէսզի կարողանամ այս ձմեռ եղանակին մէջ իմ ընտանեաց ցուրտէն պատսպարել եւ օրական պարէն հայթայթել»։
– 30 սեպտեմբեր 1895-ին Մշոյ Պուլանըքի Խարախլօ գիւղէն գաղթական ընտանիքներու երկու այրիները՝ Եաղուշ Մկրտիչեանը (հինգ հոգի) եւ Եալտուս Մարտիրոսեանը (վեց հոգի) կը գրեն. «Երկուքս ալ անայր եմք այս երկու տարի կը լինի։ Վասնզի մեր գլխաւորները քուրտերը սպանեցին։ Մենք ալ վախէ թողիմք այս կողմ եկամք։ Վասնզի ամէն ունեցածնիս տարան։ Բան չը թողուցին. ո՛չ մալ, ո՛չ ապրանք»։
– 15 մարտ 1894-ին Մշոյ Քեաքառլու գիւղէն Պաղտասար Մարկոսեան կը գրէ. «Բազմաթիւ չարչարանք եւ տանջանք տալով հազիւ հազ ազէտւեցանք մահից, մեզանից պահանջելով ութնասուն ոսկի անօրէն բանտապահը եւ արձակեց մեզ։ Զկնի այնմ աւուր կողոպտեցին ամենայն շարժական եւ անշարժ ապարուրքն իմ եւ բանտարկեցին բռնարարութեամբ որդին իմ»։
– 17 յուլիս 1895-ին Պուլանըք գաւառի Համզաշեխ գիւղէն Սահակ Կարապետեանը կը գրէ. «Կառայվարութեն եւ տաճկայց բարբարոսութիւնեն մեր յարնիք թող տըվիք փախչիլօվ դէպի Րուսաստան եկիք։ Իմ յերիս մեռայվ։ Իմ ծիրունի մայր եւ մենք մնցիք յեգ հոգի՝ ոջլտոց մենչը։ Յիմայ Առմիտլու գուղին մէջի պայիմ յիմայոնոք»։
– 19 ապրիլ 1894-ին Պուլանըք գիւղէն Մատթէոս քհնյ. Տէր Գէորգեան եւ Քարաքիլիսա գիւղէն Սահակ Սերովբեանը կը գրեն. «1893 թուի սեպտեմբեր ամսից Տաճկաստանի քուրդ եւ տաճիկներն ամենասաստիկ նեղութեան եւ վնասուց են տանջում մեր հայերին։ Այն է՝ հորած ցորեանն տիրում են, ամբարած ցորեանն տիրում են։ Գիշերներն մեր կին ընտանեաց հետ կատարում են իւրեանց շնութիւնն եւ սպանում են։ Օտարութիւնից երբ վերադառնում են հայ մշակներն, նրանց աշխատած դրամն եւ տունն կողոպտում են եւ սպանում։ 18 տուն Համզաշեխ գիւղից փոխում են ստիպմամբ թուրք կրօնի, որոնց 3-ին սպանել են, եւ այժմ 28 հայ հոգու կախաղանի հրաման է արձակուած ․․․․ Էֆենդիքն եւ աղաներն ստիպմամբ հայ գիւղերից պահանջում են 40–50 ոսկի կամ սպանում։ Առաջնորդ Ներսէս վարդապետին 2 տարի նշանակած է բանտ, որից 450 ոսկի թաբախ շրջելով ստիպմամբ պահանջեցին, եւ այժմ բանտարկուած է նա։ Էֆենտիքն եւ աղաներն նստում են զօռով հայ գիւղերում եւ վնասուց են տանջում ․․․․»։
Ասիկա արժէքաւոր գիրք մըն է, որովհետեւ՝
1) կը վաւերագրէ 1894-96 թուականներու հայերու ջարդերը՝ վերապրած ականատեսներու վկայութիւններու ճամբով.
2) այսօրուան հայերուն կարելիութիւն կու տայ գտնել անունները իրենց նախնիներուն, որոնք կ՛ապրէին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ.
3) կը բացայայտէ, որ շրջանի քիչ ծանօթ գիւղերէն քանի մը հատը իսկապէս եղած են հայաբնակ։
Comments are closed.