Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Մը՝ ԱՄՆի Բանբեր
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող տխրահռչակ անձնաւորութիւն մը՝ Տակ Ֆրանց, նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր:
«Լոս Անճելըս Թայմզ»ի գործադիր տնօրէն եղած տարիներուն, Ֆրանց մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր՝ դէմ դնելով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին լրագրող Մարք Արաքսի յօդուածի հրատարակման. որոշում մը, որ աւելի ուշ պատճառ դարձաւ Ֆրանցի պաշտօնազրկման:
Արդարեւ, Ապրիլ 2007ին, ամերիկահայութիւնը՝ առաջնորդութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, բողոքի արշաւ մը սկսաւ Ֆրանցի դէմ՝ պահանջելով անոր հրաժարականը: Ան Յունիս 2007ին պարտադրաբար հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
Ֆրանց անցեալին եւս մօտիկ եղած է արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիին, որովհետեւ երբ Քերի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետն էր, Ֆրանց յանձնախումբին համար հետաքննութիւն կատարող պաշտօնեաներէն մէկն էր:
Ֆրանց նաեւ երկար տարիներ աշխատած է Թուրքիոյ մէջ, իբրեւ լրագրող եւ լրատուական գրասենեակի պատասխանատու «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթերուն՝ սերտ կապեր հաստատելով թուրք պաշտօնատարներու հետ: