Ապակեդրոնացման մասին

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Ա.

Վերջին տարիներուն բազմիցս անդրադարձած եմ այն հիմնական դերակատարութեան, որ ապակեդրոն գործելակերպը ունեցած է Դաշնակցութեան հզօրացման եւ աշխուժութեան մէջ։ Մեր հիմնադիրները կրցան շրջանցել կեդրոնացման հմայիչ թակարդը եւ ապակեդրոն գործելակերպի որդեգրումով կերտեցին հայոց արդի պատմութեան ամենատարածուն եւ ամենաազդեցիկ կազմակերպութիւնը։

Պիտի չվերադառնամ այդ նիւթին. փափաքողները կրնան զանոնք կարդալ առցանց հոս, հոս, հոս կամ տպուած՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն» շաբաթաթերթի յատուկ յաւելուածին մէջ (2015-ի նոյեմբեր)։

Վերջին ամիսներուն նկատեցի, որ բարեկարգումներու, բարեփոխումներու եւ նման «հրատապ» նիւթերով հրապարակը ողողած կառկառուն հռետորներու եւ ֆէյսպուքեան գրչակներու փաղանգը սկսած է տեղի-անտեղի հոլովել ապակեդրոնացում բառը, հակառակ որ այդ հոլովումներն ու խոնարհումները առայժմ յանգած են Նիկոլ Փաշինեանի ծայրայեղ կեդրոնաձիգ կառոյցին, ուր ամեն բան իրմէ կախեալ է։

Մինչեւ իսկ ռազմական բնագաւառէն եկած զօր. Սամուէլ Բաբայեան անցեալ ամառ լրագրողներուն կ՚ըսէր. «… չէի կարող չշօշափել տնտեսական, քաղաքական, ապակենտրոն իշխանութիւն ունենալու խնդիրները›› (Ստեփանակերտ, յուլիսի 10, ԱրցախՊրես)։ Ռազմական բնագաւառը՝ աստիճանակարգման իր կուռ համակարգով եւ հրամանատարական յստակ շղթայով, դժուար համատեղելի է ապակեդրոնացման սկզբունքներուն հետ, ուստի եւ դժուար է գուշակել թէ զօր. Բաբայեան ի՞նչ ի մտի ունէր «ապակենտրոն իշխանութիւն» ըսելով։

Այս գրութեամբ պիտի փորձեմ յստակացնել ապակեդրոնացման մասին շրջագայող տարբեր մօտեցումներու տարբերութիւնները Դաշնակցութեան հիմնադիրներու պատկերացուցած ապակեդրոնացումէն։

* * *

Ապակեդրոնացումը երկար ատեն քաղաքական բառամթերքին մէջ բացասական երանգներ ունէր։ Քանի որ արեւմտեան արդի պատմութեան մէջ ֆրանսական յեղափոխութիւնը կը կրէր յառաջդիմութեան առաջամարտիկի ծիրանին եւ կը հակադրուէր միջնադարեան խաւարամտութեան մնացորդաց կառավարման համակարգերուն, եւ քանի որ ֆրանսական յեղափոխութիւնը եւ անոր յաջորդած նափոլէոնեան կայսրութիւնը Լուի ԺԴ. թագաւորին սկսած իշխանութեան կեդրոնացման գործընթացը հասցուցին իր ծայրայեղութեան՝ հաստատելով նշանակեալ կառավարիչներու համակարգ մը, որ մինչեւ օրս ի զօրու է (այդ օրերէն կու գայ ֆրանսական préfecture-ներու համակարգը, որ Հայաստանի հանրապետութիւնն ալ ընդօրինակեց 1996-ին՝ մարզպետներու համակարգ մը ստեղծելով), կեդրոնաձիգ ուղղութեանց վարկանիշը բարձր էր անցնող երկու դարերու ընթացքին, մինչդեռ ապակեդրոնացումը կը համարուէր անցեալէն մնացած յետադիմական ժառանգութիւն։ Միայն 1980-ական թուականներուն է, որ Միթըրանի ընկերվարները պիտի փորձէին քիչ մը ապակեդրոնացնել ֆրանսական պետական շէնքը, պետական մի քանի պարտականութիւններ եւ իրաւասութիւններ շրջանային ատեաններուն շնորհելով։

Քաղաքական ալիքները ի հարկէ ոչ մէկ առնչութիւն ունին գիտական վերլուծումներու հետ եւ շատ յաճախ անոնց պարզունակացուած տարբերակներն են, որ կարգախօսային հանգամանք կը ստանան եւ զանգուածները իրենց ետեւէն կը տանին։ Օրինակ, Մարքսի գերմանական երկար նախադասութիւններով ծանրաբեռնուած վերլուծումները դժուար ընկալելի էին նոյնիսկ ուսեալ փոքրամասնութեան համար, սակայն լենինեան կրկնաբանութիւնները, մանաւանդ անոնց ստալինեան կրճատումները, կրցան ռուսական զանգուածները շարժել եւ տանիլ ուղղութեամբ մը, որ շատ յետոյ միայն պիտի պարզուէր թէ սխալ էր։

Տակաւին այսօր շատեր կը պնդեն «ղեկին վրայ ուժեղ ձեռք» մը ունենալու առաւելութիւններուն մասին, նոյնիսկ որպէս օրինակ կը բերեն Սթալինի դերը Բ. Աշխարհամարտի ընթացին, — իբրեւ թէ առանց իր ուժեղ ղեկավարութեան անհնար էր որ Խորհրդային Միութիւնը դիմանար գերմանական յարձակման ու հակայարձակման անցնէր, — առանց պահ մը իսկ մտածելու, որ եթէ Սթալինը չըլլար, Գերմանիան շատ հաւանաբար նոյնիսկ չյարձակէր Խորհրդային Միութեան վրայ, որովհետեւ գերմանական զինուորական շրջանակներուն մօտ մեծ համարում կը վայելէին Կարմիր Բանակի վերին աստիճանաւորները՝ Տուխաչեւսկին ու իր ընկերները, որոնց հետ գերման զօրավարները մօտէն գործակցած էին 1920-ականներուն եւ մշակած արդիական պատերազմի զանազան տեսութիւնները։ Եթէ Սթալին այդ զինուորականներուն գլուխը կերած չըլլար 1937-ին՝ փաստօրէն կազմալուծելով բանակը եւ անոր ղեկը յանձնելով մարաջախտ Կուլիկի նման ապաշնորհ տզրուկներու, դժուար թէ 1941-ին գերման զօրավարները համաձայնէին յարձակիլ Խորհրդային Միութեան վրայ, այլ այդ ատեն իսկ փորձէին ընել այն ինչ պիտի ձախողէին ընել 1944-ին՝ Հիթլէրը հեռացնէին իշխանութենէն։ Եւ 1941-ին՝ հաւանաբար յաջողէին։

Այս փակագիծը փակենք ու վերադառնանք ապակեդրոնացման խնդրին։

* * *

Բնութիւնը իր էութեամբ ապակեդրոն է. բացառութիւն են միայն մեղուները, մրջիւնները եւ նման մի քանի տեսակներ։ Կեդրոնաձիգ կառոյցները, յատկապէս մարդկային հասարակութեան կազմակերպման միտող, սկսած են արդէն իսկ առկայ միաւորները (ընտանիք, գերդաստան, ցեղախումբ եւայլն) ի մի բերելով ուժի միջոցով, եւ յանգած պետական կառոյցներու նախնական տարբերակներուն։ Իշխանութիւն բառն ինքնին կեդրոնաձիգ իմաստ ունի, ծնած ըլլալով իշխել բայէն։

Իշխանութեան կեդրոնացումը կը սահմանուի որպէս իշխանութեան սկզբունքային եւ հետեւողական խտացումը կազմակերպութեան մը ներսը կեդրոնական կէտի մը կամ անձի մը շուրջ։ Այս միտքը պատմականօրէն ծնած է Չինաստան, Քին հարստութեան ատեն (Ն.Ք. Գ. դարի աւարտ)։ Քին հարստութեան հիմնած կայսրութիւնը հիմնուած էր դիւանակալական զարգացած դրութեան մը վրայ եւ կը կառավարուէր ուղղակի կայսրէն կախեալ եւ անոր սպասարկող դիւանակալներու աստիճանակարգուած բանակով մը, փաստօրէն վերջ դնելով մինչ այդ տիրող աւատատիրական դրութեան։ Կայսրը բացարձակ տէրն էր ամբողջ տարածքին եւ անոր բնակչութեան։ Քինը ամենակարճատեւ հարստութիւնն է Չինաստանի պատմութեան մէջ (ընդամենը 15 տարի եւ միայն երկու կայսր), բայց իր հիմնած վարչաձեւը գոյատեւեց յետագայ բոլոր հարստութիւններուն ժամանակ, մինչեւ վերջին կայսեր անկումը՝ 1912-ին։ Կառավարումը կը կատարուէր պետական պաշտօնէութեան ճամբով, որոնք ենթակայ եւ համարատու էին կայսրին. Կայսրութեան ամբողջ տարածքին կը կազմակերպուէին քննութիւններ, որոնց յաջողողները կ՚ընդունուէին պետական պաշտօնէութեան կազմին մէջ եւ տարիներու ընթացքին կրնային բարձրանալ մինչեւ ամենավերին աստիճանները։

Աշխարհի պետականութիւններուն մէջ հազուագիւտ են իսկապէս ապակեդրոն կառոյցները, որովհետեւ պատմականօրէն, իրենց կազմաւորման բերմամբ, իշխանութիւնները իրենց օրինականութիւնը ընդհանրապէս ստացած են սուրի ուժով, եւ այդ օրինականութիւնը կը կիրառուի վերէն վար հոսքով։ Բրիտանական գահի ամբողջ օրինականութիւնը կը բխի 1066-ի նորմաններու ներխուժումէն, երբ Ուիլիամ Նուաճողը ամբողջ Անգլիան համարեց իր անձնական ստացուածքը եւ սկսաւ աւատատիրական սկզբունքներով տարածքներ յատկացնել իր մերձաւորներուն՝ ի կառավարում։ Աշխարհի տարածքին բացառիկ են իսկապէս ապակեդրոն երկիրները, անոնք որոնց պետականութեան հիմերը հաստատուած են ինքնավար համայնքներու համախոհական միաւորմամբ եւ պետական որոշ պարտականութիւններու բարձրացմամբ այդ համախոհութենէն բխած նոր ատեաններուն, ինչպէս օրինակ Զուիցերիոյ պարագան է։

Հետեւաբար, թէ ի՞նչ ի մտի ունին մեր մեր պետական զանազան այրերը երբ կ՚ակնարկեն պետութեան ապակեդրոնացման մասին, շատ ալ յստակ չէ։ Նկատի ունենալով անոնց կենսագրութիւնը, հաւանաբար ֆրանսականին մէկ տարբերակը ի մտի ունին, այսինքն՝ կեդրոնէն մի քանի պարտականութիւն իջեցնել դէպի տեղական կառավարում։ Խորհրդային վարչահրամայական մշակոյթին մէջ աճած մարդոցմէ այլ բան չենք ալ կրնար ակնկալել։

Անշուշտ ապակեդրոնացումը միայն պետութիւններուն համար չէ. ոեւէ կազմակերպութիւն կրնայ որդեգրել ապակեդրոն գործելակերպ եւ մանաւանդ կառոյց, եթէ իր նպատակները այդ կը պահանջեն։ Ինչպէս վերը նշեցի, Դաշնակցութիւնը ինքնին ապացոյցն է ապակեդրոն գործելակերպի յաջողութեան։ Յաջող կիրառման այլ օրինակ մըն է 1860-ի Ազգային Սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ անկէ բխած եւ ներշնչուած մեր սփիւռքեան բազմաթիւ կառոյցները (տեսնել հոս եւ հոս

Յաջորդ գրութեամբ պիտի փորձենք գտնել, թէ ի՞նչն է բանալին կազմակերպութեան մը ապակեդրոնացման։ Ի տարբերութիւն պետականութիւններուն, որոնք ընդարձակ սահմանադրութիւններով կը բանաձեւեն իրենց կառոյցները, անոնց օղակներն ու զանազան մակարդակները, կազմակերպութիւնները յաճախ կ՚ունենան պարագայական կանոնագիրներ, ուր գործնականութիւնը աւելի շեշտուած է քան իրաւաբանական ճամարտակութիւնները։

(Շար. 1)

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Մոնթրէալ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.