Բաբգէն Սրբազան դրուատեց Մարկարիթ Պարանկիձէի եւ Aurora-ի մարդասիրական առաքելութիւնը
Հոկտեմբեր 9-ին, Մոնթրէալի մէջ կայացած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան ծանօթացաւ Aurora մարդասիրական նախաձեռնութեան առաջին դափնեկիր Մարկարիթ Պարանկիձէի հետ։ Aurora-ի բարերարներ Լեւոն եւ Անա Աֆէյեաններու բնակարանին մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին Բաբգէն Սրբազան բարձրօրէն գնահատեց Aurora-ի Մարկարիթ Պարանկիձէի գործունէութիւնն ու գործօն դերակատարութիւնը, նշելով, որ քրիստոնէական սիրոյ ու փոխադարձ յարգանքի հաւատամքին վրայ հիմնուած մարդասիրական առաքելութիւնը՝ իբրեւ հանդուրժողութեան եւ համատեղ խաղաղ համագոյակցութեան վառ օրինակ պէտք է ծառայէ։
Տիկ. Պարանկիձէ իր կարգին Բաբգէն Սրբազանին պատուեց Aurora-ի յատուկ զարդանշանով։ Մարգարիտ Պարանկիձէի հետ հարցազրոյց կատարեցին «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը եւ CBC, Radio Canada International-ի աւագ լրագրող Լեւոն Սեւունցը։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին նախագահ Յարութ Շիթիլեան եւ «Հայ Տուն» բարեսիրական հիմնարկի ներկայացուցիչներ Նայիրի Թավլեան- Թէմիզճեան եւ Նարօտ Օտապաշեան։
Նշենք, որ 2016 թուականի Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ կայացած Aurora մարդասիրական նախաձեռնութեան անդրանիկ մրցանակաբաշխութեան առաջին դափնեկիրը դարձաւ Պուրունտիի REMA հիւանդանոցի եւ «Խաղաղութեան տան» հիմնադիր Մարկարիթ Պարանկիձէն։ Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, ասպարէզով մանկավարժ-ուսուցչուհի փրկեց հազարաւոր կեանքեր, օգնութեան ձեռք մեկնելով որբերուն եւ փախստականներուն: Հետեւելով մրցանակի կանոններուն՝ դափնեկիրը 1 միլիոն տոլար դրամաշնորհը տրամադրեց իրեն ներշնչած կազմակերպութիւններին՝ «Պրիդերլեխ Տելէն» (Լիւքսեմպուրգ) հիմնադրամին, «Ժան-Ֆրանսուա Փետերբրոկ» հիմնադրամին եւ Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դուքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամին: