Տիգրանակերտի Պատմական Աւետարանը Տուն Կը Վերադառնայ


ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Ակունք», «Ակոս».- 2012ին նորոգուած եւ պատարագներու համար վերաբացուած Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման համար երկար տարիներ պայքար մղած տիգրանակերտցի արձակագիր Մկրտիչ Մարկոսեան յայտնած է, որ 1690 թուագիր Աւետարանը, զոր եկեղեցիին մէջ 12 տարի առաջ գտած էր եւ հետը տարած Պոլիս, պիտի ընծայէ Տիգրանակերտի մէջ հիմնուելիք Քաղաքային թանգարանի հայկական մշակոյթի բաժինին:
Մկրտիչ Մարկոսեան նշած է նաեւ, որ սոյն պատմական Աւետարանը գտած է 2001ին, երբ եկեղեցին աւերակ վիճակի մէջ էր. անոր առաստաղը փլած էր այն վայրին մէջ, ուր կը հաւաքուէին եւ կը զրուցէին հոգեւորականները կիրակնօրեայ պատարագներէ ետք եւ ուր կը մէկտեղուէր նաեւ համայնքը: Աւետարանը նետուած էր արտաքնոցին մօտերը, շարք մը թուղթերու եւ գիրքերու տակ:
Մարկոսեան հետեւեալ տեղեկութիւնները հաղորդած է Աւետարանին վերաբերեալ. «Այս Աւետարանը տպագրուած է Վենետիկի մէջ: 17րդ դարու Վենետիկը վայր մըն էր, որ էական ազդեցութիւն ունէր հայկական մշակոյթին վրայ: Այնտեղի Սուրբ Ղազար վանքը խիստ նշանակալից էր՝ հայ մշակոյթի առումով: Զանազան գիրքեր հոն հրատարակուած են եւ այս գիրքը եւս այդտեղէն Տիարպեքիր հասած է:
Շեշտելով, որ Տիարպեքիրը ժամանակին նշանաւոր վայր էր հայ համայնքի մշակութային կեանքի տեսանկիւնէն, եւ որ 1908ին հոն հայերէնով գրական հանդէս մը կը տպագրուէր՝ Մարկոսեան աւելցուցած է. «Հետեւաբար, անակնկալ չէ այն փաստը, որ Տիարպեքիրի մէջ նման Աւետարան գտնուած է: Նմանատիպ հազարաւոր գիրքեր կան հաւանաբար: Սոյն գիրքը, թերեւս սովորական բան մըն է: 323 տարուան պատմութիւն ունեցող սոյն գիրքի առկայութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն զարգացած եղած է այնտեղի մշակոյթը: Թէեւ բոլորովին կարիք չկայ այդ հանգամանքը մէկ գիրքով ապացուցելու: Անատոլիոյ մէջ գտնուող եկեղեցիներու, հիմնարկներու, համայնքներու պատմութիւնը այսօր արդէն իսկ յայտնի է: Սակայն անոնք անհետացած են, ոչնչացուած, այրուած»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.