ՓԱՆՔՐՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ՔՐՏԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՃՇԴԷ


 

 

«Իքիւրտ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ թրքական «Ենիչաղ» օրաթերթը կիրակի, 25 օգոստոսին հաղորդած է, որ Իրպիլի մէջ նախատեսուած Փանքրտական ազգային խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի յայտարարուին «Քիւրտիստան պետութեան» սահմանները, որոնք պիտի ներառեն «Քիւրտիստանի չորս բաժինները», այսինքն Իրաքի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ քրտական բաժինները։

Օրաթերթը կը նշէ, որ «Քիւրտիստան պետութեան» ճշդուելիք սահմաններուն շուրջ համախոհութեան հասած են տարբեր քրտական խմբաւորումներ եւ թէ Միացեալ Նահանգներ իր Մեծն Միջին Արեւելք ծրագիրին մէջ վաւերացուցած է այդ սահմանները։

Թրքական օրաթերթը կը մատնանշէ, որ Մեծն Քիւրտիստանի յայտարարութեան մասին խօսակցութիւնները կը զուգադիպին ՔԱԿ-ի (PKK) եւ Անգարայի կառավարութեան միջեւ գոյացած խաղաղութեան հոլովոյթի համաձայնութեան գործադրութեան հանգրուանին։

Քրտական ազգային խորհրդաժողովի պատրաստութեան յանձնախումբը երեքշաբթի, 20 Օգոստոսին յայտարարած է, որ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 15-17 սեպտեմբերին, Իրպիլի մէջ, ներկայութեամբ 300 օտար հիւրերու եւ մասնակցութեամբ «Քիւրտիստան պետութեան» 600 քաղաքական գործոչներու, որոնց 40 առ հարիւրը կիներ պիտի ըլլան։

Չորս պետութիւններ (Թուրքիա, Սուրիա, Իրաք, Իրան «Հ») փորձած են ականահարել քրտական ազգային ինքնութիւնը, սակայն քիւրտերը այդ քաղաքանութիւններուն դիմադրեցին եւ իշխող վարչակարգերուն դէմ յեղափոխութիւններու ընթացքին հարիւր հազարաւոր զոհեր տուին։

Չորս երկիրները այժմ կը սպասեն իր տեսակին մէջ առաջինը եղող Քրտական ազգային խորհրդաժողովին ու այդ ժողովի արդիւնքներուն։

Ըստ կարգ մը տարաձայնութեանց, խորհրդաժողովը, որ նախատեսուած էր 24 Օգոստոսին յետաձգուած է խորհրդաժողովի նախագահի պաշտօնին շուրջ քաղաքական խմբաւորումներուն միջեւ տարակարծութեանց պատճառով։ Կը հաղորդուի, որ անոնք այժմ որոշած են, որ նախագահութիւնը հերթականութեամբ ըլլայ եւ առաջին անգամ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանին ստանձնէ այդ պաշտօնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.