ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական կեդրոն

Յուլիս 16-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան այցելած է Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական կեդրոն եւ հանդիպում ունեցած է այնտեղ բուժուող երիտասարդներու հետ:

Պաշտպանութեան նախարարը ԵՊԲՀ-ի (Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարան) տնօրէն Արմէն Մուրատեանի եւ Վերականգնողական կեդրոնի տնօրէն Հայկուհի Մինասեանի ուղեկցութեամբ այցելած է ամբողջ տարածաշրջանին համար բացառիկ այդ կառոյցը, ծանօթացեր է ընթացիկ աշխատանքներուն եւ զարգացման ծրագիրներուն: Ներկայացնելով կեդրոնի հնարաւորութիւնները՝ Արմէն Մուրատեան մասնաւորապէս նշած է, որ կեդրոնը կը գործէ որպէս ամբողջական վերականգնողական համալիր, ուր առողջական խնդիրներէ բացի կը լուծուին նաեւ զինուորական հաշմանդամներու սոցիալական համարկման, կրթութեան եւ աշխատանքային հարցեր:

Դաւիթ Տոնոյեան զրոյց ունեցած է նաեւ կեդրոնին մէջ վերականգնողական բուժում ստացող նախկին զինծառայողներու հետ: Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է բուժում ստացող երիտասարդներուն՝ իրենց անմնացորդ ծառայութեան ու նուիրումին համար, եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է անոնց:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.