Ղարաբաղի Հարցը Միայն Քաղաքական Լուծում Ունի. Փութին


ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, «Երկիր», «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեքշաբթի, Օգոստոս 13ին աշխատանքային այցելութեամբ մը Ատրպէյճան ժամանեց:

Ռուսական պատուիրակութեան կազմին մէջ կային արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Վլատիմիր Փուչքով, փոխադրամիջոցներու նախարար Մաքսիմ Սոլոլով, տնտեսական զարգացման հարցերու նախարար Ալեքսէյ Ուլիաքայեւ, «Ռոսոպորոնէքսփորթ»ի տնօրէն Անաթոլի Իսայքին, «Լուքոյլ»ի տնօրէն Ուահիտ Ալաքպարով, «Ռոսնեֆթ»ի տնօրէն Իկոր Սեչքին եւ ուրիշներ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ խորհրդակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փութին յայտարարեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը միայն քաղաքական լուծում ունի», աւելցնելով, թէ Ալիեւի հետ քննարկած է միջազգային հրատապ շարք մը այլ հարցեր:
«Ռուսիա գործնականօրէն կը նպաստէ Ղարաբաղի տագնապի շուտափոյթ լուծման գործընթացին», ընդգծեց Փութին:
Իր կարգին, Ալիեւ նշեց, որ հակամարտութեան լուծումը կարելի է իրականացնել միայն միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ: «Տագնապին շուտափոյթ լուծումը կը բխի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերէն: Անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ պատմական ճշմարտութեան, միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումներուն եւ բանաձեւներուն վրայ: Ռուսիա, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներէն մէկը հանդիսացող երկիր, կարեւոր դեր ունի այս գործընթացին մէջ», աւելցուց Ալիեւ:
«ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը չորս բանաձեւ վաւերացուց՝ պահանջելով հայկական բռնագրաւող ուժերուն հեռացումը մեր հողերէն, բայց միջազգային կազմակերպութեանց բանաձեւները չեն գործադրուիր, այլ կը մնան թուղթի վրայ», ըսաւ Ալիեւ:
Տնտեսական գետնի վրայ, Փութին յայտնեց, թէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը անցեալ տարուան ընթացքին աճած է 47 տոկոով, հակառակ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին:
Իր կարգին, Ալիեւ շեշտեց, թէ ռազմա-արդիւնաբերութեան ու ճարտարագիտական մարզերուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը հասած 4 միլիառ տոլարի:
Փութինի սոյն այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի 5-6 փաստաթուղթերու ստորագրում՝ ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու մարզերուն վերաբերեալ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.