Հայաստանի Արբանեակային Ծրագիրին Պիտի Մասնակցի Նաեւ Քանատական MacDonald, Dettwiler and Associates Ltd. (MDA) Ընկերութիւնը


 

 

 

 Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ տիեզերական արբանեակի ստեղծման ծրագիրի ծիրին մէջ Յուլիս 29էն Օգոստոս 2 Քանատայի մէջ հանդիպում ունեցած է քանատական «Էմ.Տի.Էյ.» ընկերութեան տնօրէնութեան հետ:
Քանատայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի կապի եւ հեռուստահեռարձակման տիեզերական սարքի ստեղծման եւ աշխարհագրական  ուղեծրային դիրքին վրայ անոր տեղադրման գործընթացին առնչուած հարցեր:
Նախարար Գագիկ Բեգլարեան քանատական կողմին ներկայացուցած է ծրագիրի գործադրութեան ներկայ հանգրուանը: Ան մասնաւորապէս նշած է, որ Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարարութիւնը աշխարհագրական ուղեծրային դիրքի իրաւունքի ձեռքբերման նպատակով համապատասխան միջազգային դիմում ներկայացուցած է Հեռահաղորդակցութեան միջազգային միութեան (ՀՄՄ):
Բացի ատկէ, արբանեակային ծրագիրներու մասնակցութիւն ապահովելու նպատակով Հայաստան նախապատրաստական աշխատանքներ տարած է՝ միջազգային արբանեակային կազմակերպութիւններու հետ բանակցութիւններու սկսելու գծով։
«Էմ. Տի. Էյ.» ընկերութեան նախագահ Մաք Իսքանտերը նախարար Գագիկ Բեգլարեանին տեղեկացուցած է, որ մանրամասնօրէն ծանօթացած է Հայաստանի կողմէ Հեռահաղորդակցութեան միջազգային միութեան ներկայացուած փաստաթուղթերուն, եւ ընկերութիւնը իր հետաքրքրութիւնը յայտնած է Հայաստանի տիեզերական ծրագիրին մէջ անմիջական մասնակցութիւն ցուցաբերելու հարցին գծով:
Նախարար Գագիկ Բեգլարեանի եւ «Էմ.Տի.Էյ.»ի նախագահին միջեւ մինչ այդ տեղի ունեցած էին քանի մը հանդիպումներ Լոնտոնի եւ Երեւանի մէջ. անոնց ընթացքին ձեռք բերուած էին միացեալ աշխատանքի համաձայնութիւններ։
Այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Գագիկ Բեգլարեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Քանատայի պետական տիեզերական գործակալութեան նախագահ Ժիլէ Լեքլերքի եւ Քանատայի արտահանման զարգացման գործակալութեան ռազմավարական գծով տնօրէն Ճոն Միլլերի հետ:
Նախարարին ներկայացուած են գործակալութեան հիմնական գործառոյթները: Նշուած է, որ գործակալութիւնը կը կատարէ գիտական եւ նորարարական ուսումնասիրութիւններ, ծրագիրներու եւ տիեզերական բնագաւառի ռազմավարութեան մշակում, ինչպէս նաեւ կը հանդիսանայ պետութեան կողմէ հաստատուած տիեզերական ծրագիրներու պատուիրատու: Հանդիպման ընթացքին Քանատայի արտահանման զարգացման գործակալութեան (EDC) տնօրէնութեան հետ քննարկուած են Հայաստանի տիեզերական ծրագիրի նախագիծի ֆինանսաւորման գործընթացները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.