ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՐԱԳԱՑՆԷ ՄԵՍԽԵԹՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԴԱՐՁԸ


 

Նինօ Կերծմաւա Պատերազի եւ խաղաղութեան տեղեկագրման հիմնարկի կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ վրացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իրեն յայտնած է, թէ վրացական կառավարութիւնը արագացուցած է Սթալինի կողմէ աքսորուած թրքախօս մեսխեթներու իրենց հայրենիքին մէջ ամբողջական իրաւունքներ ստանալու հոլովոյթը։

Գաղթականներու եւ վերաբնակեցման հարցերով նախարար Տաւիտ Տարախվելիծէ յայտնած է, որ «հայրենադարձութեան կարգավիճակ» ստանալու համար ներկայացուած են 8900 դիմումնագրեր, որոնցմէ 5841-ը վերատեսութեան հանգրուան անցնելու հաւանութիւն ստացած են։

1053 անձեր ստաձած են հայրենադարձի կարգավիճակ, ինչ որ անոնց քաղաքացիութիւն ու անոր ընկերակցող պետական կրթութիւն ստանալու իրաւունքներուն տէր դառնալու հոլովոյթը կ՚արագացնէ։

Մեսխեթներուն օժանդակող ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները կը յուսան, որ նախարարին յայտարարութիւնը ցուցանիշ մըն է, թէ հոկտեմբեր 2012-ի ընտրութիւններէն ետք իշխանութեան հասած կառավարութիւնը հայրենադարձութեան հոլովոյթը պիտի դիւրացնէ եւ հայրենադարձներուն նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ։ Կարգ մը Մեսխեթներ արդէն Վրաստան կը բնակին, սակայն անոնց վիճակը այնքան վատ է, որ երկրէն գաղթելու մասին կը մտածեն։

1999-ին Եւրոպական խորհուրդին միանալու ատեն Վրաստանի ստանձնած յանձնառութեան եւ անկէ ետք որդեգրուած վրացական օրէնսդրութեան համաձայն, կառավարութիւնը հոլովոյթը պէտք էր աւարտած ըլլար անցեալ տարուան աւարտին, սակայն գաղթականներու եւ վերաբնակեցման նախարարութիւնը տակաւին դիմումնագրերը կը սերտէ։

Թրքացեղ մեսխեթները կը բնակէին Ջաւախքի հիւսիսային հատուածին մէջ:1944-ին, Սթալինի կառավարութիւնը շուրջ 120 հազար մեսխեթներ Վրաստանէն աքսորեց։

Օրին աքսորուեցան նաեւ այլ փոքրամասնութիւններ, ինչպէս չեչեններ, Խրիմի թաթարներ եւ ուրիշներ, սակայն ի տարբերութիւն այլ փոքրամասնութեանց, մեսխեթներուն երբեք չարտօնուեցաւ տուն վերադառնալ, եւ անոնք շարունակեցին Կեդրոնական Ասիոյ մէջ աքսորուած մնալ մինչեւ 1980ական թուականներու վերջաւորութիւնը, երբ ազգային ենթահողի վրայ կատարուած անկարգութիւններէ փախուստ տալով՝ Ազրպէյճան, Ռուսիա, Թուրքիա եւ այլուր ապաստանեցան։1999-ին, անոնց վերադարձը դիւրացնել խոստանալէ ետք, վրացական կառավարութիւնը մինչեւ 2007 որեւէ քայլի չդիմեց, մինչեւ որ այդ տարի տունդարձի մեքանիզմները ճշդող օրինագիծ մը որդեգրեց։ Բազմաթիւ մեսխեթներ սպասելէ հոգնեցան եւ անձնական նախաձեռնութեամբ վերադարձան Վրաստան, որուն պատճառով ալ հայրենադարձութեան պաշտօնական ծրագիրին մէջ նկատի չառնուեցան։

2010-ի սկիզբը, երբ կառավարութիւնը հայրենադարձութեան կարգավիճակի ստացման համար նոր դիմումնագրեր ընդունելէ դադրեցաւ աշխարհի տարածքին բնակող շուրջ 300 հազար մեսխեթներէն նուազ քան վեց հազարը Վրաստան վերադառնալու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էին։

Վրաստանի մէջ մեսխեթներուն օժանդակող ոչ կառավարական «Թոլերընթ» կազմակերպութեան ղեկավար Ցիրա Մեսխիշվիլի կը յայտնէ, որ մնացեալը իրենց առիթը կորսնցուցած են։ Ան կը հաւատայ, որ անոնք դիւանակալական բարդ գործերուն պատճառով դիմումնագրեր չեն ներկայացուցած։

Մեսխիշվիլի կ՚ըսէ, որ կառավարութիւնը այն սխալ կարծիքը ունի, թէ օրէնքի մը որդեգրումը Եւրոպական խորհուրդին առջեւ ստանձնուած յանձնառութիւնը ամբողջացնելու համար բաւարար է։ Ան փափաք կը յայտնէ, որ կառավարութիւնը նաեւ նիւթական օժանդակութիւն եւ կեցութեան պայմաններ ապահովէ։ Սակայն նախարար Տարախվելիծէ կ՚արարկէ, որ այդ հարցին դրամ տրամադրելը շատ դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ կառավարութիւնը աւելի անմիջական այլ առաջնահերթութիւններ ունի։ Ան կ՚ընդգծէ, որ հայրենադարձութեան եւ քաղաքացիութեան գործողութիւններէն անցնելէ ետք, մեսխեթները իրենց գլխուն ճարին պէտք է նային։

Մեսխեթներուն դիմագրաւած դժուարութիւններէն մէկն ալ իբրեւ իսլամներ տեղւոյն քրիստոնեայ բնակչութեան հետ համարկուիլն է։ 2007-ին Հանրապետական միջազգային հիմնարկի կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ հարցախոյզին մասնակիցներուն 67 առ հարիւրը դէմ են մեսխեթներու հայրենադարձութեան եւ միայն 16 առ հարիւրը՝ թեր։

Մեսխեթեան հարցերու մասնագէտ Ուչա Պլուշվիլի կը զգուշացնէ, որ ընկերային խնդիրներ կրնան յառաջանալ, եթէ այսպիսի մօտեցումներուն լուծում մը չգտնուի։ Ան կը նշէ, որ որովհետեւ անցնող հինգ տարիներուն ժողովուրդը այս հարցով դաստիարակելու ուղղութեամբ ոչինչ կատարուած է՝ բնական է, որ հասարակ քաղաքացիներուն կարծիքը չէ փոխուած։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.