Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նպաստելու Կոչ՝ Եգիպտոսի


ՊԷՅՐՈՒԹ.- Միջին Արեւելքի Հայ Դատի յանձնախումբը Օգոստոս 2 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Եգիպտոսի մէջ Յունիս 30ին կատարուած իշխանափոխութենէն խիստ անհանգստացած է Թուրքիան, որ կ՛ընդդիմանայ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւններուն եւ կը պահանջէ նախկին նախագահ Մուրսիի վերադարձը: Թուրքիոյ այս կեցուածքը կ՛անհանգստացնէ եգիպտական որոշ շրջանակներ, որոնք ժամանակը ճիշդ կը նկատեն Թուրքիոյ դէմ տարբեր ուղղութիւններով միջազգային արշաւներ սկսելու: Ոմանք Թուրքիոյ դէմ այս արշաւներուն շարքին կարեւոր ուղղութիւն կը նկատեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Եգիպտական «Սատա Պալատ» օրաթերթը Յուլիս 20ին հրատարակած է «Թուրքիան եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը» խորագրեալ յօդուած մը, որ ստորագրուած է եգիպտացի լրագրող Մուհամմատ Մանտուրի կողմէ:
Մանտուր կը գրէ.
«Թուրքիոյ վերջին կեցուածքները եւ անոր մասնակցութիւնը՝ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ վերջապէս Եգիպտոսի արիւնալի դէպքերուն, մեզի կը յիշեցնեն 98 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Թուրքիոյ կողմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին գործուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը 2015ին պիտի բոլորէ իր 100ամեակը: Հակառակ անոր, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան դէմ գործուած կանխամտածուած սպանդներուն, բռնագաղթին, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք գործուած բռնարարքներուն մասին կան պատմական փաստեր եւ ապացոյցներ, Թուրքիա տակաւին կը մերժէ ճանչնալ իր գործած ոճիրը:
1915ին, Էրտողանի նախահայրերը, օգտագործելով միջազգային անտեսումի քաղաքականութիւնը՝ իրագործեցին մարդկային պատմութեան մէջ մեծագոյն ոճիրը՝ հայկական ջարդը, որ ծանօթ է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւն անունով: Ըստ երեւոյթին՝ Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի նախահայրերուն ձեռամբ գործուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը դարձեալ հորիզոնի վրայ կը փայլի՝ նկատի ունենալով օսմանեան արիւնարբու ժամանակաշրջանը վերադարձնելու Էրտողանի ախորժակները՝ Թուրքիոյ դրացի երկիրներուն մէջ: Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն զօրակցելով՝ Էրտողան պիտի փորձէ ջնջել այն, ինչ կը խոչընդոտէ իր երազներուն իրականացումը:
Լիպիոյ մէջ Էրտողանի դաւադրութիւններուն արձանագրած յաջողութիւնները, Լիպիան զինեալ խումբերու երկիրի մը վերածելը, անոր հարստութիւնները թալանելն ու զանոնք Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու տրամադրելը, Լիպիոյ ժողովուրդը աղքատութեան մատնելը եւ շուրջ երեք միլիոն լիպիացի բռնագաղթի ենթարկելը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին ակնյայտօրէն միջամտելն ու Եգիպտոսի մէջ «Իսլամ եղբայրներ»ուն զօրակցիլը մեզի կը յիշեցնեն հայ ժողովուրդին դէմ թուրքերուն գործած Ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին շուրջ մէկ ու կէս միլիոն հայեր:
Այս հանգրուանին Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադառնալը՝ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի համար մեծ կարեւորութիւն ունի: Հայաստան մնայուն կերպով պահանջած է աշխարհի երկիրներէն ճանչնալ թուրքերուն կողմէ իրագործուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ան ցարդ կրցած է 20 պետութեան ճանաչումը ապահովել: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու համար, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի՝ Թուրքիոյ վրայ միջազգային ճնշում բանեցնելու եւ եգիպտական ներքին հարցերուն անոր միջամտութիւնը կասեցնելու նպատակով:
Ինչպէս ծանօթ է՝ հայերը Եգիպտոսի հետ ունին պատմական յարաբերութիւններ: Թուրքիայէն բռնագաղթած հայութիւնը նախընտրեց ապրիլ Եգիպտոսի եւ Շամի երկիրներուն մէջ, մինչեւ որ 90ական թուականներուն Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակեց եւ հայ ժողովուրդը ունեցաւ անկախ պետութիւնը: Բայց եւ այնպէս, եգիպտահայերը նախընտրեցին բնակիլ իրենց հիւրընկալած երկրին մէջ, իսկ թրքական նենգ քաղաքականութեան ի տես՝ աւելի կարեւոր դարձաւ Հայ Դատին զօրակցութիւն ապահովելը:
Կոչ կ՛ընեմ Եգիպտոսի քաղաքական բոլոր ուժերուն, միջազգային օրէնքի փորձագէտներուն եւ դասախօսներուն, դիւանագէտներուն եւ եգիպտահայ գաղութին Թուրքիոյ դէմ պայքարելու եւ արագօրէն օգտագործելու այս հանգրուանը՝ կանխարգիլելու համար Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու Թուրքիոյ ճիգերը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները համոզելու, թէ Եգիպտոսի մէջ ժողովուրդին կամքով իրականացած Յունիս 30ի յեղափոխութիւնը կը մերժէ եւ պիտի մերժէ արտաքին որեւէ միջամտութիւն»:
Միւս կողմէ, եգիպտական «Մալ» օրաթերթը Յուլիս 31ին գրած է, թէ Եգիպտոսը «Իսլամ եղբայրներ»ու հակակշիռին տակ դնելու քայլերուն դէմ կանգնած ժողովրդային ճակատը վերջերս հանդիպում ունեցած է եգիպտահայ պատուիրակութեան մը հետ եւ քննած Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած հարցեր: Ճակատը հայկական պատուիրակութեան յայտնած է, թէ պատրաստ է հայկական պահանջները օրինական բոլոր միջոցներով հետապնդելու եւ Էրտողանի դէմ դատական հարց բարձրացնելու միջազգային քրէական դատարանին առջեւ՝ տրուած ըլլալով, որ ան Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչն է:
Ճակատի իրաւաբան Թարեք Մահմուտ պատուիրակութենէն ստացած է փաստաթուղթեր՝ զանոնք հայկական թղթածրարին միացնելու նպատակով: Մահմուտ յայտնած է, թէ ինք մօտ օրէն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի բացայայտէ հայերուն դէմ գործուած թրքական բոլոր արարքները եւ միջազգային քրէական դատարանին դիմելու թուականը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.