ՀՕՄ-ի 93-րդ եւ Գանատայի շրջանի 21-րդ Պատգամաւորական ժողովը

 

Հայ Օգնութեան Միութեան 93-րդ եւ Գանատայի շրջանի 21-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 5, 6 եւ 7 Յուլիս 2013-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ Գանատայի շրջանի 9 մասնաճիւղերուն, բանաւոր բացակայութեամբ Սէնթ Գաթրինզի «Արազ» մասնաճիւղին:

Շրջանային վարչութեան լրիւ կազմին, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն ու 61 պատգամաւորներուն կողքին, սոյն ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Թորոնթոյի Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերապատիւ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեան, Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Ա. քհնյ. Փանոսեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Նայիրի Շահինեան,  Կեդրոնական վարչութեան Հայաստանի որբախնամ եւ ուսանողական ծրագրի պատասխանատու ընկհ. Անահիտ Մեսրոպեան, ուղեկից կազմակերպութիւններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ժողովի կողմէն ընտրուած հիւրեր, ՀՕՄ-ի ընկերուհիներ եւ մեծ թիւով ազատ մասնակիցներ:

Ժողովին հրաւիրուած հիւրերը յաջորդաբար խօսք առնելով դրուատեցին ՀՕՄ-ի 103-ամեայ ազգանուէր եւ բարեսիրական հսկայական աշխատանքը: Հարկ է այստեղ յիշել Գերաշնորհ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեանի կատարած ՀՕՄ-ի առաքելութեան արժեւորումը. Հայր Սուրբը ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը բարձր գնահատեց եւ զայն համարժէք նկատեց պետութեան մը կողմէ իրագործուած բարեսիրական առաքելութեան։

Ապա, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 21-րդ պատգամաւորական ժողովի ատենապետներ ընտրուեցան ընկերուհիներ Մարօ Ֆրունճեան եւ Զեփիւռ Տորնա, իսկ ատենադպիրներ՝ ընկերուհիներ Անի Պապիկեան եւ Արմիկ Սաֆարեան:

Ժողովի առաջին նիստէն իսկ սրահին մէջ կը տիրէր դրական մթնոլորտ: Ժողովականները կը գիտակցէին ժողովին եւ իրենց ներկայութեան ու ներդրումին  կարեւորութիւնը։ Ժողովականները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան երբ ընկհ. Աննա Պուլկարեան յայտարարեց թէ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղէն ընկհ. Ռիթա Օհանեանը եւ իր զաւակները կը հաստատեն 20,000 տոլարի անձեռնմխելի գումար մը, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր ողբացեալ Արսէն Օհանեանի, որմէ գոյացած եկամուտը պիտի օգտագործուի «Շրջանային վարչութեան կրթաթոշակ» ծրագրին:

Ապա, Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Նայիրի Շահինեան ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան միամեայ գործունէութեան զեկոյցը:

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, քննարկուեցաւ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, կազմակերպական, յարաբերական, դաստիարակչական, կրթական, քարոզչական եւ տնտեսական մարզերէն ներս:

Ժողովի գլխաւոր օրակարգներէն էր Շրջանային վարչութեան նոր անդամներու ընտրութիւնը: Ընտրողական յանձնախումբի առաջարկած թեկնածուներու ցանկը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ: Վերընտրելի ընկերուհիներ Սեդա Մալխասեանի (Մոնթրէալ), Անի Օհանեանի (Լաւալ), Յասմիկ Բաբիսեանի (Թորոնթօ) եւ Իռէն Թիլիմեանի (Թորոնթօ) միացան ընկերուհիներ՝ Արմինէ Կարապետեան (Մոնթրէալ), Սիլվա Գարբուզեան (Մոնթրէալ) եւ Անի Թաշճեան (Մոնթրէալ) այսպիսով ամբողջացնելու Շրջանային վարչութեան նոր կազմը: Փոխ-անդամներ ընտրուեցան ընկերուհիներ Նայիրի Ֆրունճեան (Մոնթրէալ), Նոյեմի Եաղճեան (Մոնթրէալ), Ազգանուշ Հատիտեան (Լաւալ), Արփի Աճէմեան (Թորոնթօ) եւ Ժիւլիէթ Ճանպազեան (Թորոնթօ):

Ժողովականներու կողմէ եղան գնահատական եւ շնորհաւորական խօսքեր ընթացաւարտ վարչութեան, նորընտիր վարչութեան, ինչպէս նաեւ ժողովի դիւանին եւ յանձնախումբերուն:

Իր կարգին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Նայիրի Շահինեան յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան իր յառաջիկայ գործունէութեան համար, ապա մեծապէս գնահատեց Գանատայի շրջանը որպէս ՀՕՄ-ի լաւագոյն շրջաններէն մէկը, որ միշտ պարտաճանաչ  ձեւով կը գործակցի Կեդրոնական վարչութեան հետ:

ՀՅԴ Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Ճանպազեան գնահատելով ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ ծառայութիւնը ըսաւ, թէ ՀՕՄ-ը մեղուափեթակի մը նման կը գործէ ժրաջան առաջնորդներով եւ անդամներով, անսալով իր սրբազան առաքելութեան ու նորանոր նուաճումներ մաղթեց  կանացի այս մեծ կազմակերպութեան:

Եռօրեայ նիստերու աւարտին, ժողովականները լիցքաւորուած նոր գաղափարներով եւ վերանորոգուած հոգիով վերադարձան իրենց մասնաճիւղերը՝ շարունակելու իրենց վստահուած ՀՕՄ-ի սուրբ գործը:

Գնահատելի Նախաձեռնութիւն

Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղէն ընկհ. Ռիթա Օհանեանը եւ իր զաւակները կը հաստատեն 20,000 տոլարի անձեռնմխելի գումար մը, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ ողբացեալ Արսէն Օհանեանի, որմէ գոյացած եկամուտը պիտի օգտագործուի «Շրջանային վարչութեան կրթաթոշակ» ծրագրին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.