135 տարի՝ ազգային անշեղ ոգի
- (0)

Այսօր, երբ աշխարհով մէկ կը յիշատակուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-ամեակը, մեր հոգիները կը լեցուին հպարտութեամբ՝ այն նուիրումին ընդառաջ, որ 135 տարիներ շարունակ պահեց, պաշտպանեց եւ առաջնորդեց հայ ժողովուրդը։ Այդ երթը ծնունդ առած է այն նոյն ոգիով, որուն շունչը կը վերագրենք Հայկ Նահապետին՝ ուժի, պատասխանատուութեան եւ պետականութեան խորհրդանիշին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Վեհափառին խօսքը այս օրերուն աւելի ազդեցիկ կը հնչէ. «135 տարի ազգին ծառայելէ ետք, ՀՅԴ-ի համար ամէն յաջորդող տարին նոր Յոբելեան մըն է»։
Այդ միտքը ճշմարտութիւն է ոչ միայն գաղափարական, այլ պատմական եւ կենսափորձային։
Իմ ծննդավայրի՝ Երուսաղէմի Սուրբ Քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ մեծցած սերունդները տպաւորուած են այն միջավայրէն, ուր հաւատքի զանգերը, խորանի աղօթքները, խունկի բոյրը, ազգայնականութիւնը եւ հին քարերէն բխող պատմութիւնը շօշափելի կը դարձնէին մեր ինքնութիւնը։
Սուրբ Յակոբի վանքի երդիքին ներքոյ, ընտանիքներու տաքուկ տանիքներուն տակ, իմ պարագային՝ Մուսա Լերան, ու շատերուն՝ Արեւմտեան Հայաստանի բազմաթիւ գաւառներու վերապրողներու ժառանգութիւնն էր, որ մեզի կը փոխանցուէր:
Վանքի մեծ ու պզտիկ բակերէն, կովերու պարտէզէն սկսելով՝ մեր թաղամասը դարձած էր հայկական փոքրիկ քաղաք մը, ուր կը սորվէինք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ քրիստոնեայ ըլլալ՝ յաւերժականութեան երդում, արժանաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն։
Այս ճամբան անձնական պատմութիւն չէր միայն․ այլ՝ հազարաւոր առաքեալներու փորձառութիւնն էր՝ դաստիարակութեան, նուիրումի եւ ծառայութեանն, որոնք միաձոյլ կերտած են պատմական շարժում մը։
Այդ հազարամեայ պատերուն ներքոյ՝ Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական վարժարանին, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵՄ-ի ակումբներուն, եկեղեցիներուն եւ Կիւլպէնկեան Մատենադարանին լռութեան մէջ, սերունդներ կը մեծնային մեր թագաւորներուն ու հերոսներուն պատմութեամբ՝ արքայական տոհմերէն, Տիգրան Մեծէն մինչեւ Կիլիկիոյ թագաւորները, Մեսրոպ Մաշտոցէն մինչեւ Վարդանանք։ Անոնք կը դառնային մեր մանկութեան անմիջական ուղեկիցները։
Պատանի հասակիս յաճախ ես ինծի հարց կու տայի, թէ ի՛նչ է իրապէս հայ ըլլալը, արեան կա՞նչ, բախտի խա՞ղ, ճակատագի՞ր, թէ պարտականութիւն: Աւելի մեծնալով՝ նոր ուղիներ բացուեցան մեր դիմաց՝ ՀՅԴ, ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ անոնց մեծադիր հաստատողները՝ Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան, Աւետիս Նազարեան, Մարիամ Վարդանեան, Մկրտիչ Բորդուխալեան։ Եւ անոնց կողքին եկան մեր մեծերը՝ Զօրավար Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Սօսէ Մայրիկ, Արամ Մանուկեան, Գարեգին Նժդեհ, Դրօ… անձեր, որոնք ոչ միայն շարժում ստեղծեցին, այլ վերակերտեցին ժողովուրդ մը՝ մաքառող, նորոգուող, վերածնող։
Այս բոլորը իմ մանկութեան մէջ լուռ, բայց խորիմաստ դասեր էին։ Ու ինծի համար յստակ դարձաւ, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը գաղափար չէր միայն, այլ կեանքի ուղի՝ ներշնչուած Հայկ Նահապետի ոգիէն, պատուաստուած Վանէն, Սասունէն, Զէյթունէն ու Մուսա Լերան հերոսամարտերէն, կոփուած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի պատգամէն, կայացած 28 Մայիս 1918-ի անկախ պետականութեամբ եւ վերակերտուած նոր սերունդներով ու նոր նուիրեալներով։
Այդ գիտակցութիւնը զիս դարձուց ոչ թէ դիտորդ, այլ մասնակից։ Երիտասարդ տարիքիս գիտակցաբար երդում տալ եւ ՀՅԴ-ի անդամ դառնալ՝ սոսկ որոշում մը չէր, այլ մասնիկ մը այն երկար շղթային, որով հաւատացած էի, թէ ազգային պարտաւորութիւնը երբեք անձնական շահով չի չափուիր։ Դաշնակցական սերունդներ ծառայեցին հայրենիքին ու գաղութներուն՝ առանց փառքի ակնկալութեան, բայց մէկ ճշմարտութեան հաւատալով՝ ազգին ծառայելը երդում է, ոչ թէ ընտրանք։
Դաշնակցութիւնը յաճախ եղած է հալածանքի կիզակէտ՝ Օսմանեան բռնապետութենէն մինչեւ պոլշեւիկեան ու ստալինեան ճնշումներ, սովետական արգելքներ, թուրք-ատրպէյճանական ատելութիւն, մեղադրանքներ եւ վայրագութիւններ։ Եւ աւա՜ղ, նաեւ ներքին ղեկավարութիւններու, խմբաւորումներու ու անհատներու, որոնք իրենց թուլութիւնը կը փորձէին արդարացնել՝ ՀՅԴ-ին հակադրուելով։
Բայց այս բոլորէն անդին՝ ՀՅԴ-ն երբեք չծալեց իր դրօշը։ Ան կուսակցութիւն չէ միայն, ան հայ ժողովուրդի խիղճն է, ողնաշարն է, կազմակերպուած ուժը, հայ պետականութեան հիմնադիրն ու ջահակիրը։
Յիսունէ աւելի տարիներ առաջ, ուսումի փափաքով հասայ Գանատա, Վանգուվըր։ Այդտեղ կար փոքր, բայց արդէն կազմաւորուած դաշնակցական խումբ մը: Միանալ անոնց՝ տարերային ընթացք էր։ Մի քանի ընտանիքներ համախմբած էին տասնեակ մը հայեր՝ կազմակերպելով մշակութային, հանրային ու ազգային հանդիպումներ, ստեղծելով գաղութային, համայնքային ինքնութեան սկզբունքները։
Շուտով կազմակերպուած գաղութը սկսաւ ոգեկոչել Ապրիլ 24-ը, Մայիս 28-ը, ՀՅԴ-ի օրը, հիմնուեցաւ շաբաթօրեայ դպրոցը եւ եկեղեցական խորհուրդ։ Այս բոլորը լոկ իմ կամ Վանգուվըրի պատմութիւնը չեն, այլ Դաշնակցութեան սերմերը։ Հայրենիքէն հեռու այս փոքր գաղութին գոյատեւումը աւելի կը հաստատէ, որ ՀՅԴ-ն արմատներով աւանդական է, բայց բնոյթով երբեք «հին» չէ։ Ան միշտ կանգնած է նոր մարտահրաւէրներու դիմաց՝ որպէս նորոգուող, կերտող եւ պայծառ ապագայ ներշնչող ուժ։
Այսօր, 135-ամեակին շունչով, հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, տեսանք մեր նոր հերոսները՝ Ազատութեան մարտիկները, Լիզպոնի Հինգը, Արցախեան հերոսներ՝ Արթուր Մկրտչեան, Դուշման Վարդան, Պետօ Ղեւոնդեան, Թաթուլ Կրպէեան, եւ նոր տեսլականներու տէր ընկերներ՝ Հրայր Մարուխեան, Սարգիս Զէյթիլեան, Սօս Սարգիսեան, Վահան Յովհաննիսեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ։ Այսօրուան նուիրեալ հերոսներէն՝ մէկ-երկու անուն միայն պիտի նշեմ՝ Համբիկ Սասունեան եւ Դաւիթ Իշխանեան…: Կան նոր աւիշներ այսօր ալ, պատնէշի վրայ, անհամար նուիրեալներ՝ զէնքով թէ գրիչով, ազգային ժողովի ու դատարաններու մէջ թէ դուրս, կամ նոյնիսկ բանտերէն ներս։ Անոնք նոյն ժառանգութիւնը կրողներն են, ինչպէս՝ Արամը, Անդրանիկը, Նժդեհը եւ Թեհլիրեանը։
Պատմութիւնը կը հաստատէ, թէ Դաշնակցութեան մեծերը դաշնակցականներ էին, բայց նաեւ հայ ժողովուրդի զաւակներն էին։ Անոնց ժառանգութիւնը կուսակցական սահմաններով չի սահմանափակուիր, այլ մեր ազգային գոյութեան ոսկեայ շղթային մէկ մասնիկով:
Դաշնակցութիւնը երբեք չսպասեց, որ ուրիշը հարթէ իր ճանապարհը։ Ան ի՛նք հարթեց զայն։ Կերտեց պետականութիւն։ Երբ Արցախը վտանգուած էր՝ ան առաջին պահէն այնտեղ էր։ Երբ Հայաստանի ապագան կը կերտուէր զինուորներով, ուսուցիչներով, մտաւորականներով եւ սփիւռքեան համայնքներով, ՀՅԴ-ն իր տեղը բռնած էր՝ առանց շահախնդրութեան եւ առանց պայմաններու. հայ կեդրոններ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային օճախներ, մամուլ, ինքնապաշտպանութիւն, համայնքային կազմակերպում, պետականամէտ աշխատանք… Դաշնակցութիւնը պատմութեան արձագանգը չէ միայն, ան պատմութիւն կը կերտէ մինչեւ այսօր։
Երբ մտածենք մեր գալիք սերունդներուն, մեր թոռնիկներուն պատմելիք պատմութիւններուն մասին, կը հասկնանք, թէ դաշնակցական մեր սերունդներուն պատմութիւնը պէտք է փոխանցուի ոչ որպէս յուշ, այլ որպէս ուղեցոյց։ Ոչ թէ «ես ինչ ըրի», այլ՝ մեր ժողովուրդը ինչպէս համախմբուեցաւ եւ կը շարունակէ կանգուն մնալ։ Եւ այդ ենք մենք՝ 135 տարի շարունակ ընթացող իրականութիւն։
Անվերապահ հաւատքով, անսասան կամքով եւ որպէս մէկ ամբողջութիւն,- Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք,- կը շարունակենք այն երթը, որ սկսած է 1890-ին եւ պիտի շարունակուի այնքան, որքան ատեն որ հայն ու Հայաստանը գոյութիւն ունին։ Յանուն Ազատ, Անկախ Միացեալ ու Ամբողջական Հայստանի։ Յանուն Հային, Յանուն Պետութեան։
Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը։
Կեցցէ՛ Արցախը եւ Հայաստանը։
Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։
Վահէ Անտոնեան
Վանգուվըր