Արցախ Կը Շարունակէ սպառազինուիլ
Լեռնային Ղարաբաղը կը շարունակէ սպառազինուիլ. այդ առումով վերջին երկու տարիները բաւական յաջող տարիներ եղած են։ 26 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը:
«Մենք երբեւիցէ այսպիսի իրավիճակ չենք ունեցել, ինչ ունենք այսօր կոնկրէտ սպառազինութեան, ռազմական տեխնիկայի համալրման ուղղութեամբ», նշած է Յակոբեանը՝ աւելցնելով, որ այժմ «լուրջ» խնդիր կայ ձեռք բերուած զինամթերքի տեղաւորման առնչուած եւ այդ հարցը լուծելու համար մեծ զինապահեստ կը կառուցուի:
Մովսէս Յակոբեան չուզեց մանրամասնել, թէ ի՛նչ տեսակի զէնքեր ձեռքբերուած են։
Մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի կողմէ նոր զինուորական սարքերու ձեռքբերման առնչութեամբ՝ պաշտպանութեան նախարարը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ այդ երկիրը տակաւին հնարաւորութիւն չունի պատերազմ սկսելու եւ յաղթելու:
Մովսէս Յակոբեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ վերջին ամիսներուն յարձակողական հետախուզական խումբերու հաւանական ներթափանցման ուղղութիւններով մեծածաւալ աշխատանքներ կատարուած են, դիրքերու ուղղութեամբ հակահետեւակային ականներ տեղադրուած են։