ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ՍԹՐԱԹՖՈՐ վերլուծական կեդրոնի կայքէջին վրայ 19 յուլիսին զետեղուած »Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական զարգացող յարաբերութիւնները« խորագիրը կրող յօդուածը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական յարաբերութիւններու զարգացումը՝ երկու երկիրներուն կովկասնեան շրջանին մէջ յաւելեալ ճկունութիւն պիտի տան, սակայն այդ յարաբերութեանց խորացման դէմ կարճ ու միջին ժամկէտով արգելքները կը համենան։
Երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը հաստատուեցաւ Խորհրդային Միութեան տապալումէն եւ Պաքուի անկախութեան հռչակումէն ետք։ Անոնք վերջին տարիներուն իրենց ռազմական համագործակցութիւնը ամրապնդած են՝ յաճախակի եւ հետզհետէ աւելի մեծ ռազմափորձերով։ Ազրպէյճան նաեւ Թուրքիայէն իր զէնքերու ներածումը աւելցուցած է։ Սակայն հակառակ ուժեղ ու հետզհետէ աճող համագործակցութեան, Ռուսիան, թէ՛ ռուսական զէնքերու արտածումի եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ ռուսական աւանդական ուժերու ներկայութեան պատճառով, Ազրպէյճանի համար ապահովական մեծ մարտահրաւէր մը կը մնայ։
1992-ին, Ազրպէյճան եւ Թուրքիa ռազմական կրթութեան մարզի մէջ կապեր հաստատելու համաձայնութիւն մը ստորագրեցին։ 1993-ին, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պատերազմի ընթացքին, Թուրքիա՝ Ազրպէյճանին զօրակցելով Հայաստանը տնտեսական ամբողջական շրջափակումի ենթարկեց։ Հետագայ տարիներուն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բազմաթիւ համապարփակ արձանագրութիւններ ստորագրուեցան։
Այս ընթացքը փոխուեցաւ 2009-ին, երբ Թուրքիան փորձեց Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնել եւ երկու երկիրներու ղեկավարները սահմանը վերաբանալու քննարկումներու սկսան, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Ազրպէյճան բուռն հակազդեցութիւն ցուցաբերէ՝ մեկնելով այն կարծիքէն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծումէն առաջ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց այդպիսի բնականոնացում մը կարելի չէ։ Ազրպէյճան սպառնաց դէպի Թուրքիա իր քարիւղի եւ բնական կազի արտածումներուն գինը բարձրացնել, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ձեռք երկարեց Անգարայի ցոյց տալու համար, թէ ինք այլընտրանքներ ունի։ Այդ պատճառով՝ Թուրքիա Հայաստանի հետ իր բանակցութիւնները դադրեցուց եւ այդ յարաբերութեանց բնականոնացումը կապեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին։
Երկկողմանի յարաբերութեանց նկատմամբ Պաքուի մտավախութիւնները փարատելու համար՝ Թուրքիա դեկտեմբեր 2010-ին Ազրպէյճանի հետ, ապահովական համագործակցութեան եւ աջակցութեան առաջնահերթութիւն տուող, ռազմավարական գործընկերութիւն մը հաստատեց։ 23 յօդուածներէ եւ 5 գլուխներէ բաղկացած այդ համաձայնութեան հիմամբ երկու երկիրները պարտաւոր են աջակցութիւն ցուցաբերել, եթէ անոնցմէ մէկը ռազմական յարձակումի ենթարկուի։
Ռազմավարական վերոնշեալ համաձայնութեան հաստատումէն ի վեր, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները նկատառելի աճ արձանագրած են զէնքերու արտադրութեան ու վաճառքի, ինչպէս նաեւ ռազմափորձերու մարզերուն մէջ։
ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅ
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հետզհետէ աճող յարաբերութիւնները Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութեան հակակշիռ մըն են։ 2010-ին Երեւան Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի վարձակալութիւնը մինչեւ 2044 երկարաձգեց, իսկ Մոսկուա Հայաստանի զինեալ ուժերուն յաւելեալ արդիական կազմածներ կը տրամադրէ։ Պաքուի համար՝ լարուածութեամբ բնորոշուող տարածաշրջանին մէջ Անգարայի հետ յարաբերութեանց բարելաւումը ինքնավստահութիւնը զօրացման կը ծառայէ, իսկ զէնքերու գնումը Ազրպէյճանի կ՚արտօնեն իր բանակը հզօրացնել, այն յոյսով, որ օր մը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի դէմ դարձեալ կը ճակատի։ Թուրքերու տեսանկիւնէն դիտուած՝ Ազրպէյճան անոնց ռազմական ճարատարարուեստին համար շահաւետ շուկայ մըն է, ինչպէս նաեւ յենարան մը կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, ուր Ռուսիոյ դիրքը շատ զօրաւոր է։
Բայցեւայնպէս, Թուրքիոյ հետ Ազրպէյճանի ապահովական յարաբերութիւնները նկատառելի սահմանափակումներ ունին։ Հակառակ զէնքերու մատակարարման եւ արտադրութեան առումով հետզհետէ աճող յարաբերութիւններուն, ազրպէյճանական բանակին մէջ օգտագործուող նկատառելի թիւով խորհրդային ժամանակաշրջանի սպառազինութիւն գոյութիւն ունի։ Ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սպառազինութեան մեծամասնութիւնը Ռուսիայէն կամ նախկին խորհրդային երկիրներէ է։ Ազրպէյճան Թուրքիոյ հետ կ՚ուզէ համագործակցիլ իր ներկայ սպառազինութիւնը վերանորոգելու համար, սակայն այդ նպատակի իրագործումը ծախսալից է եւ ժամանակի կը կարօտի։ Ազրպէյճան իր սպառազինութիւնը բարելաւելու եւ արդիականացնելու համար նաեւ այլ երկիրներու կը դիմէ՝ ինչպէս Իսրայէլին։ Սակայն ազրպէյճանական բանակը իր կարիքներուն պատճառով՝ ռուսական բանակին հետ յարաբերութիւնները կը պահէ եւ պիտի պահէ։ Անիկա վերջերս Մոսկուայի հետ կնքեց զէնքի գնման մէկ միլիառ տոլարի համաձայնութիւն մը։
Թէեւ Ազրպէյճան չի կրնար Ռուսիայէն ամբողջովին հրաժարելով Թուրքիոյ կառչիլ, Պաքուի եւ Անգարայի ռազմական հարցերով համագործակցութեան մէջ նկատառելի զարգացում մը նշմարելի է։ Ազրպէյճան իր սպառազինութիւնը հետզհետէ աւելի տարատեսակ կը դարձնէ, իսկ Թուրքիա այդ զարգացման մէջ կարեւոր դերակատար մըն է։ Մինչ այդ, երկու երկիրներու ցամաքային ուժերու ռազմափորձերը Պաքու-Անգարա յաւելեալ յանձնառութեան ցուցանիշ մըն են։ Կը մնայ տեսնել, թէ անոնք ապագային ինչպէս պիտի զարգանան։
Ռուսիա կը շարունակէ Կովկասի մէջ ռազմական գերակայ ուժը մնալ եւ այդ իրողութիւնը անհաւանական է, որ մօտիկ կամ միջին հեռաւորութեամբ ապագային փոխուի։ Սակայն Ազրպէյճանի Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը հետզհետէ աւելի նկատառելի կը դառնայ։ Ասիկա տարածաշրջանին մէջ ապահովական կարողական փոփոխութիւններու ենթահող կը ստեղէ, եւ Հայաստան ու Ռուսիա անկասկած մօտէն պիտի հետեւին այս զարգացումներուն եւ ըստ այնմ ծրագրաւորում կատարեն։