Այս տարի Շուշիի «Արամ Մանուկեան» ճամբար կը յաճախեն 300 արցախցի երեխաներ
9 տարի առաջ, Գանատահայ Հայդուկ եւ Այտա Շամլեանները Շուշիի մէջ հիմը դրին «Արամ Մանուկեան» ճամբարին: Ամրան ընթացքին Շուշիի եի մերձակայ կարգ մը բնակավայրերու հարիւրաւոր արցախցի երեխաներ կը հետեւին Շամլեաններու կազմակերպած դաստիակաչական ծրագիրներուն։
Այս տարի ճամբարը իր դռները բացաւ Յուլիս 15-ին։ Այս օրերուն 300 երեխաներ արձանագրուած են ճամբարին, որոնց հետ են նաեւ 40 պատանիներէ բաղկացած օժանդակներու ջոկատը, բոլորը Ճամբարի անցնող տարիներու «շրջանաւարտներ։ Ստորեւ ներկայացուած «Հորիզոն»ի հարցազրոյցով հայդուկ եւ Այտա Շամլեան կը ներկայացնեն ճամբարի պատմականն ու ծրագիրները։
Հարց.- Հայրենիքի մէջ գործող սփիւռքահայ անհատական նախաձեռնութեամբ միակ ճամբարն է Շուշիի «Արամ Մանուկեան» ճամբարը։ Ինչպէ՞ս յղացաք այս գաղափարը։
Այտա.- Գաղափարը ծնունդ առաւ 2004-ին, երբ առաջին անգամ ընտանեօք կ՚այցելէինք Հայաստան: Երկու օր ետք, արդէն մեզի համար յստակ էր, որ կ՚ուզէինք այլեւս ամէն ամառ «տուն» վերադառնալ: Սակայն ոչ իբր զբօսաշրջիկ, այլ որպէս գործօն մասնակիցներ հայրենիքի կեանքին, ինչ ձեւով ալ ըլլար այդ մէկը:
Անմիջապէս յստակ չէր, թէ այդ մասնակցութիւնը ի՞նչ կերպարանք պիտի ստանար: Մէկ բան յստակ էր. կ՚ուզէինք Արցախի մէջ կամաւոր գործ մը ընել, այն հողին վրայ, ուր յաղթած էինք մեր դարաւոր թշնամիին: Շուշի քաղաքի ընտրութիւնն ալ իր պատճառները ունէր: Շուշին արդէն ինքնին յաղթանակի խորհրդանիշ էր մեզի համար, զայն տեսած ըլլալէ առաջ իսկ: Այս գերբնականօրէն հմայիչ ու բառին իսկական իմաստով հրաշալի քաղաքը, երբ առաջին անգամ այցելեցինք, կիսաքանդ ու գրեթէ ամայի վիճակ մը կը ներկայացնէր, ուր երեխաները կազմակերպուած ամառնային ժամանցի կարելիութիւն չունէին:
Շուշիի երեխաներուն այդ պատկերը ամիսներով մեր աչքերուն առջեւ էր: Գանատա վերադառնալէ ետք, որոշեցինք յաջորդ տարի իրենց համար անվճար ամառնային ճամբար մը կազմակերպել, քաղաքի ամայութեան մէջ ուրախ վայր մը ստեղծելու նպատակով:
Թէ ինչո՞ւ երեխաներուն ուղղել մեր ծրագիրը. միքանի պատճառով: Նախ՝ երեխաները ազգի մը ապագան են: Այս բառերը վստահաբար շատ սովորական կը հնչեն, բայց իրականութիւն են: Յետոյ՝ երեխայի մը կեանքին մէջ իւրաքանչիւր ուրախ պահ կ՚ունենայ իր անդրադարձը անոր կեանքին վրայ: Իսկ հայ մանուկին ուրախ աղը, ժպիտը, ուր ալ ըլլայ աշխարհի մէջ, արդէն յաղթանակ մըն է ուրքին դէմ:
Մենք կը փափաքէինք նաեւ, որ մեր երկու զաւակները, Տեսիլը եւ Պատրոյգը (այն ժամանակ 10 եւ 4 տարեկան), առիթ ունենային մասնակցելու ծրագրին եւ սերտ ընկերական կապեր հաստատելու իրենց տարեկից արցախցիներու հետ, ինչ որ լիովին տեղի ունեցաւ:
Առաջին ճամբարը (2005-ին) փորձ մըն էր: Չէինք գիտեր ինչ ընդունելութիւն պիտի գտնէր: Բայց արձագանգը այնքան դրական եղաւ, որ չէինք կրնար չկրկնել ու չվերադառնալ ամէն ամառ … Ու դարձաւ մնայուն տարեկան աւանդութիւն:
Հայդուկ.- Իսկ այն ինչ կը վերաբերի մեր այս ծրագրի ինքնին բացառեալ բնոյթին, առաջին օրէն ի վեր, եւ այսօր, աւելի քան երբեք, մեր խորին փափաքն ու բաղձանքն է, որ իսկապէս փոխուի այդ իրողութիւնը եւ ուրիշներ ալ նախաձեռնեն նման ծրագիրներ Արցախի մէջ: Բարեբախտաբար, միութիւններու կողմէ եւ իրենց ջանքերով նոյնանման ծրագիրներ յայտնաբերու եցան յաջորդող տարիներուն, եւ մենք անոնց կը մաղթենք յարատեւութիւն:
Հարց.- Տարիներու ընթացքին վստահաբար ճամբարի մասնակիցներու թիւը յաւելում կրեց. այսօր ի՞նչ է թիւը մասնակիցներուն եւ շրջակայ գիւղերէն ալ մասնակիցներ ունի՞ք։
Այտա.- Առաջին տարին, ճամբարի առաջին օրը, 15 երեխաներէ կազմուած խումբով մը սկսանք: Յաջորդող օրերուն, օրէ օր մասնակցիլ փափաքող երեխաներուն թիւը աւելնալով, հասաւ 39-ի: Երկրորդ տարին, մասնակից երեխաներու թիւը հասաւ 60-ի: Եւ այսպէս յաջորդաբար…
Անցեալ ամառ, ունեցանք 300 ճամբարականներ: Իսկ գործի կանչուած անձնակազմը բաղկացած էր 20 անձերէ:
Ճամբարին մասնակից երեխաները հիմնականօրէն Շուշիի երեխաներն են: Սակայն շրջակայ գիւղերէն ու մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն ալ մասնակիցներ կ՚ունենանք ամէն տարի: Յիշենք նաեւ, որ այս ամառ երեք երեխայ բացառաբար գիշերօթիկի դրութեամբ պահեցինք մեր մօտ. մէկը՝ Նիկոլ Դումանի գիւղէն (Ծաղկաշատ), միւս երկուքը՝ Բերձորի (Լաչին) մանկատունէն:
Հարց.- Դաստիարակչական ի՞նչ օրակարգ ունին ճամբարի երեխաները։
Այտա.- Մեր ճամբարէն ներս կը կիրարկուի փոխադարձ յարգանքի սկզբունքը, որ կը վերաբերի թէ՛ մեծերուն, թէ՛ փոքրերուն, անխտիր: Իսկ ծրագիրը կազմուած է ազգի, հայրենիքի, հաւատքի, մշակոյթի եւ համամարդկային արժէքներու ըմբռնողութեանց վրայ ու կը միտի հայ երեխային մէջ արմատացնել հայու ինքնագիտակցութիւնն ու հպարտութիւնը. ճանչնալ ինքզինք եւ ճանչնալ դարաւոր թշնամին:
Ճամբարի օրակարգը հետեւեալն է. առաւօտեան՝ ժամանում, զբօսանք եւ նախաճաշ: Յետոյ՝ բոլոր ճամբարականները «Հայր Մեր» կ՚աղօթեն եւ Հայաստանի ու Արցախի քայլերգները կ՚երգեն: Ապա՝ խումբերը փոխն ի փոխ ազգային եւ հայրենասիրական պատգամ մը փոխանցող ձեռարուեստի կտորներ կը պատրաստեն, հաճելի ձեւով գիտական փորձարկումներ կը կատարեն, ձեռակերտ խաղալիքներ կը պատրաստեն, մշակութային արտայայտութեամբ կը զբաղին (երգ, ասմունք, հեքիաթ, ֆիլմ) եւ խմբային նստակեաց խաղեր կը խաղան:
Ամէն կէսօր իրենց կը սպասարկենք տաք ճաշ, իսկ երեկոյեան մեկնումէ առաջ՝ թեթեւ ուտելիք:
Կէսօրէ ետք, երբ արեւին սաստկութիւնը թեթեւնայ, դուրսը՝ բացօդեայ ազատ զբօսանք եւ մարզական խաղեր ու մրցոյթներ տեղի կ՚ունենան: Այս օրակարգին մէջ պարբերաբար կ՚ընդգրկուին դասախօսութիւններ եւ այլ դաստիարակչական ձեռն
արկներ. օրինակ՝ տարբեր քաղաքային ծառայութիւններու կողմէ այցելութիւններ, երեխաներուն զանազան տեսակի ապահովական կանոններ բացատրելու նպատակով (հրդեհներու կանխարգիլման միջոցներ, ականներէ զգուշացման միջոցներ, րկրաշարժի պարագային դիմելիք միջոցներ, եւայլն): Կ՚ունենանք տիկնիկային թատրոնի ներկայացումներ:
Նաեւ կը կազմակերպենք արշաւներ, ցուցահանդէսներու կամ թանգարանի այցելութիւն, կիրակի օրուայ պատարագի ներկայութիւն Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցիէն ներս, տաղանդներու արտայայտութեան միջոցառումներ, եւայլն:
Հայդուկ.- Նշենք նաեւ որ այն տեւողութեան ընթացքին, երբ կը գտնուինք քաղաքին մէջ, ճամբարին առընթեր, սերտօրէն կը շաղուինք ժողովուրդին հետ, ու կը մասնակցինք նաեւ այլազան ուրիշ ձեռնարկներու, միջոցառումներու, դէպքերու եւ իրադարձութիւններու… Ընդունուած ենք որպէս Շուշիի գործօն, վստահելի ու հարազատ քաղաքացիներ, եւ ըստ այնմ մեր ազդու մասնակցութիւնը կը բերենք տեղւոյն կեանքին, այլազան ձեւերով ու առիթներով: Գիշերուան 4-5 ժամ մրափէն զատ, մեզի համար երվայրկեան մը չկայ որ ապարդիւն անցնի այդտեղ:
Հարց.- Տակաւին վիրաւոր Շուշիի համար սպեղանի է այս ճամբարը: Բարոյահոգեբանական ի՞նչ ներգործութիւն կ՚ունենայ ամառնային այս ճամբարը քաղաքի ժողովուրդին վրայ։
Այտա.- Հաւանաբար մեր ճամբարին ամենամեծ դերը եւ ազդեցութիւնը յոյս ներշնչելն է, ընդհանրապէս բաւական յուսալքուած բնակչութեան: Այսպիսի ծրագիրներով, շուշեցիները կը զգան, որ բոլորովին լքուած կամ մեկուսացած չեն եւ թէ իրենցմով հետաքրքրուող ազգակիցներ ունին աշխարհի միւս կողմը: Սփիւռք-հայրենիք կապ մը, կամուրջ մը եւս կ՚աւելնայ:
Առաւել, ամէն ամառ, ճամբարի նախորդ տարին երու աւարտական պատանիները կու գան իրենց կամաւոր օժանդակութիւնը առաջարկելու մեզի եւ այդ ձեւով կը շարունակեն մասնակից դառնալ ճամբարին, ուր իրենց խօսքով. «հետաքրքիր է անցնում օրը»: Այս մէկը նշանակելի երեւոյթ է, եւ շատերու ուշադրութիւնը կը գրաւէ, նկատի առնելով, որ կամաւոր աշխատանքի սովորութիւնը ընդհանրապէս տարածուած չէ հոն:
Մարդիկ մեզի կ՚ըսեն.- «Եկաք կեանք բերելու Շուշիին», «Շուշին աշխուժացաւ այս օրերուն», «Այս երեխաները ընկերութիւն են սովորում», «փողոցից կտրում էք երեխաներին», եւայլն:
Հայդուկ.- Հայոց աշխարհի այլազան շրջանները շատ դժուարութիւններ կան, բայց Շուշիի վիճակը իւրայատուկ է: Բնակչութիւնը կը գնահատէ, որ 10000 քիլոմեթր հեռաւոր երկրէ մը, հայեր, իրենց հանգիստը թողած ու մոռցած, ամէն տարի եւ երկար տեւողութեամբ, ընտանեօք կու գան իրենց մօտ, իրենց ճակատագիրը բաժնելու, իրենց հետ եւ իրենց պէս ապրելու, իրենց ծառայելու: Մենք ալ խորապէս երախտագէտ ենք իրենց ընդունելութեան նկատմամբ:
Հարց.- Վստահաբար այս նախաձեռնութիւնը կը կարօտի նիւթական ներդրումներու։ Մեր կարծիքով, նման արդէն ծաւալուն դարձած ծրագրի մը համար պէտք է մասնակից դառնայ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը եւ ոչ թէ միայն մոնթրէալահայ Շամլեան ընտանիքը։ Ի՞նչ կ՚ըսէք այս առաջարկին մասին։
Հայդուկ.- Սկզբնապէս մեզի համար շատ կարեւոր էր, որ մնացեալ եւ տարբեր բնոյթի զոհողութիւններու կարգին, այս գործին նաեւ ուղղակի դրամական բեռը ստանձնենք միայն ու միայն մենք, ես ու Այտան, հարիւր տոկոսով: Սակայն հետզհետէ, թուաբանականօր էն անհնար դարձաւ ատիկա:
Մենք երբեւիցէ ոչ ոքի դիմում չենք կատարեր, սակայն մի քանի տարիէ ի վեր եւ ներկայ դրութեամբ, շատ մը անձեր, մեր ընտանեկան, գերդաստանական եւ ընկերային մօտիկ շրջանակներուն մէջ, ինքնաբուխ, խանդավառ եւ առատաձեռն կերպով իրենց կանոնաւոր զօրակցութիւնը կը բերեն այս գործին, թէ՛ բարոյական քաջալերանքով եւ թէ՛ նիւթական նուիրատուութեամբ:
Առանց անոնց, այս գործը մեզի համար պիտի դառնար ինքնաքայքայում:
Աւելի յստակօրէն, այժմու դրութեամբ, Նարեկացի Արուեստի Միութիւնը սիրայօժար մեզի կը տրամադրէ Շուշիի իր շէնքը բոլոր հնարաւորութիւններով, իսկ շարք մը նուիրատուներ սրտաբուխ կերպով կը մասն ակցին ճամբարի դրամական ծախսերուն (անոնց բոլորին անունները պիտի գտնէք ստորեւ նշուած մեր կայքէջին պատկան էջերուն վրայ, մեր գնահատանքի արտայայտութիւններով): Այս ձեւով, պիւտճէին մօտաւոր ապէս քառասուն տոկոսը կը ստանձնեն մեր գործնական զօրակիցները, իսկ մնացեալը կը շարունակենք հոգալ մենք:
Մենք դրամահաւաք պիտի չկատարենք երբեք, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ այս իւրայատուկ դրութիւնը պիտի շարունակուի ինքնաբերաբար, բնականաբար:
Անոնք, որոնք տարրական կամ անցողակի հետաքրքրութենէ մը անդին, իսկապէս կ՚ուզեն ծանօթանալ ճամբարի առաքելութեան, պէտք է որ անպայման ժամանակ տրամադրեն սերտելու մեր կայքէջի ամբողջական բովանդակութիւնը, ուր ամէն բան պարզուած է, մանրամասնօրէն, այս հասցէով www.shoushisummercamp.org
Հարցազրոյցը վարեց՝ Վահագն Գարագաշեան