ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ամառնային ճամբարը կը թեւակոխէ իր երրորդ տարին


 

 

Յուլիս 9-ին,  ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) 15 վարիչներ Թորոնթոյի օդակայանէն մեկնեցան դէպի Հայաստան, ուր անոնք Յուլիս 15 – Յուլիս 26 պիտի կազմակերպեն ու ղեկավարեն Վանաձոր քաղաքի հայ երեխաներու ամառնային ճամբարը։Անցեալ տարի, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 7 վարիչ անդամներ, կազմակերպած էին ամառնային ճամբար մը Վանաձոր քաղաքին մէջ, որու ընթացքին, 8-14 տարեկան հարիւր երեխաներ անվճար յաճախեցին ճամբար։ 2012-ի ծրագիրը կ՚ընդգրկէր խաղեր, ձեռային աշխատանքներ, պատմութեան դասաւանդում, երգեցողութիւն եւ անգլերէնի դասեր։ՃամբարիՆ արձանագրուած 150 երեխաներու թիւը, Յուլիս 15-ին բարձրացաւ 210-ի: Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ ԳԵՄ-ը կը հոգայ նաեւ երեխաներուն առօրեայ սնունդը։ՀՅԴ Գանատայի ԵրիտասարդակաՆ Միութեան Վանաձորի ճամբարի այս տարուան վարիչներն են Մոնթրէալէն՝ Վանա Ֆուտուլեան, Միրնա Ֆուտուլեան, Նաթալի Պիւրգիւլեան, Վահէ Շահինեան, Լաւալէն՝ Յովսէփ Տատաղլեան, Թորոնթոյէն՝ Տարօն Քէսքինեան, Գարան Պետրոսեան, Աննա Պետրոսեան, Լոռի Մելիտոնեան, Կարին Խանամիրեան, Նայիրի Շարապխանեան, Գէմպրիճէն՝ Լեւոն Սարմազեան, Սարին Սարմազեան, Դալար Փօլատեան եւ Լոս Անճըլըսէն՝ Լիւսի Տիշոյեան: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.