ՀՄԸՄ-ի 9-րդ Համահայկական Խաղերուն Հայաստան Պիտի Հիւրընկալէ 650 Մարզիկ 18 Երկրէ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մօտ անցեալ շաբաթավերջին կայացած է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) 9-րդ համահայկական մարզախաղերու կազմակերպման միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուական վարչութենէն:
«Ինչպէս գիտենք, ՀՄԸՄ-ն չորս տարին մէկ կազմակերպում է համահայկական մարզախաղեր եւ հերթական 9-րդը կ’իրականացուի Երեւանում: 100-ամեայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը աշխարհի խոշորագոյն հայկական կրթական եւ մարմնամարզական կառոյցներից մէկն է, որը այդ տարիների ընթացքում ազգանուէր, հայապահպան գործունէութիւն է իրականացնում Սփիւռքում»,- նշած է Միջգերատեսչական յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ձեռնարկի կազմակերպչական հարցերը նիստի անդամներուն ներկայացուցած է Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան ատենապետ Հրաչեայ Շմաւոնեանը: Ան տեղեկացուցած է, որ Հայաստան պիտի այցելէ 650 մարզիկ 18 երկրէ, մարզախաղերուն հետեւելու համար Երեւանը պիտի հիւրընկալէ աւելի քան 3500 այցելու: Մասնակիցները 12-24 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ են, որոնք իրարու հետ պիտի մրցին Ֆութպոլի, պասքէթպոլի, սեղանի թենիսի, մեծ թենիսի, ճատրակի, լողի, վոլիպոլի եւ թեթեւ մարմնամարզի մարզաձեւերու մէջ:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխ նախարար Նազարէթ Մնացականեան նշած է, որ ամէն ինչ պիտի ընեն մեր մարզիկներն ու հիւրերը պատշաճ ձեւով ընդունելու եւ խաղերը յարմարաւէտ պայմաններու մէջ կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարած է ՀՀ ոստիկանութեան ու առողջապահութեան նախարարութեան ներգրաւումը ծրագիրին մէջ՝ մասնակիցներու անվտանգութեան եւ շտապ օգնութեան ապահովման համար:
Նախարարը նաեւ առաջարկած է, որ մարզիկներու օրակարգին մէջ ժամեր աւելցուած են Հայոց լեզուի արագ դասընթացներ իրականացնելու համար:
ՀՄԸՄ-ի 9-րդ համահայկական մարզախաղերու հանդիսաւոր բացումը պիտի կայանայ Յուլիս 27-ին Ազատութեան հրապարակին վրայ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 3: