ՀՕՄ-Ի Թորոնթոյի երկրորդական վարժարանի 9-րդ հունձքը

 

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի երկրորդական վարժարանի 9-րդ հունձքի աւարտական հադէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Յունիս, 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգային թատերասրահին մէջ:

Ներկայ էին Հոգեշնորհ Հայր Մեղրիկ Ծայրագոյն Վարդապետ Բարիքեան, Արժ. Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, վարժարանի Ուսումնական մարմնի անդամներ, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի տիկ. Անի Հոթոյեանի, տնօրէնութիւն, ուսուցչաց կազմ, ծնողներ, հարազատներ, հրաւիրեալ հիւրեր:

Ներկաները յոտնկայս դիմաւորեցին 22 շրջանաւարտներու մուտքը հանդիսասրահ:  Գանատայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներէն վերջ՝ շնորհալի սաները անկեղծ ներշնչումով արտասանեցին Պ. Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» նշանաւոր բանաստեղծութիւնը: Ապա հանդիսավարները հրաւիրեցին դասարանի կողմէ ընտրուած երկու աշակերտները (Ք. Պէքմէզեան եւ Թ. Թէլլիեան) հայերէնով եւ անգլերէնով կարդալու հրաժեշտի խօսքը ուղղուած սիրելի վարժարանին: Երկուքն ալ երախտիքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր յղեցին իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն՝ անոնց տարիներու վաստակին համար: Մասնաւորապէս նշեցին, որ վարժարանի ընտանեկան ջերմ ու հարազատ մթնոլորտին մէջ իրենք ստացան ազգային դաստիարակութիւն եւ սորվեցան, որ առանց հայ լեզուի հայութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ:

Վարժարանի տնօրէն պրն. Ա. Մարտիրոսեան ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց ուրախալի առիթով եւ շեշտեց, որ վարժարանի առաքելութիւնն է պատրաստել արժանաւոր հայեր եւ ապրած երկրի պատուաբեր քաղաքացիներ՝ զինուած արդիական գիտելիքներով: Ապա պրն. Մարտիրոսեան յանձնեց մրցանակները, որոնք հաստատուած են համայնքի կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատ ազգայիններու կողմէ:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ տիկ. Ա. Հոթոյեանը, որ համառօտ կերպով ներկայացուց Ուսումնական մարմնի աշխատանքները եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն եւ բոլոր ներկաները:

Տնօրէնի հրաւերով բեմ բարձրացան ներկայ բոլոր ուսուցիչները՝ մասնակցելու վկայականներու բաշխման արարողութեան: Վկայականներու յանձնումը անցաւ հանդիսականներու ծափահարութիւններու եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Բոլոր շրջանաւարտները ընդունուած են բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայր Սուրբի օրհնութեան խօսքով, հայ մնալու եւ համայնքին ու ժողովուրդին մշտապէս օգտակար ըլլալու բարի մաղթանքներով եւ աղօթքով:

Հանդիսութեան աւարտին, աւանդութեան համաձայն, շրջանաւարտները վեր նետեցին իրենց գլխարկները՝ ազդարարելով իրենց մուտքը կեանքի նոր հանգրուան:

Բարի երթ, սիրելի՛ շրջանաւարտներ: Կը մաղթենք, որ  ըլլաք օրինակելի հայեր՝ ազգային արժէքներու պահպանողներ եւ հայ պայքարի անխոնջ ու անվհատ մարտիկներ:

Ա. Մալխասեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.