Վանանձորի ամառնային ճամբարը այս տարի պիտի ղեկավարեն ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան 15 վարիչներ
1656
0
Յուլիս 9-ին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) 15 անդամներ Թորոնթոյի օդակայանէն մեկնեցան դէպի Հայաստան, ուր անոնք Յուլիս 15 – Յուլիս 26 պիտի կազմակերպեն ու ղեկավարեն Վանաձոր քաղաքի հայ երեխաներու ամառնային ճամբարը։
Անցեալ տարի, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 7 վարիչ անդամներ, կազմակերպած էին ամառնային ճամբար մը Վանաձոր քաղաքին մէջ, որու ընթացքին, 8-14 տարեկան հարիւր երեխաներ անվճար յաճախեցին ճամբար։ 2012-ի Ծրագիրը կ՚ընդգրկէր խաղեր, ձեռային աշխատանքներ, պատմութեան դասաւանդում, երգեցողութիւն եւ անգլերէնի դասեր։
Այս տարի ճամբարին արձանագրուող երեխաներուն թիւը բարձրացած է 150-ի։ Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ ԳԵՄ-ը կը հոգայ նաեւ երեխաներուն առօրեայ սնունդի մատակարարումը։