ՄՈՐՍԻԻ ԱՆԿՈՒՄԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԵՐԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Յուլիս 4ին, Թուրքիոյ իշխանութիւնները գրեթէ չէին արտայայտուած Եգիպտոսի իրադարձութիւններուն, Մորսիի անկումին մասին: Միայն Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հաղորդագրութեան մը մէջ ընդգծած էր »կայունութեան վերահաստատման« կարեւորութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ ամբողջ շրջանին համար:
Հետաքրքրական է այն երեւոյթը, որ Չորեքշաբթի, Յուլիս 3ին, նախքան եգիպտական բանակին միջամտութիւնը, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու »պապէն աւելի պապական«, խուճապահար հեռաձայնած է եւրոպական շարք մը երկիրներու մայրաքաղաքները, որպէսզի արգելք հանդիսանան նման միջամտութեան, բայց ի դերեւ ելած են անոր ջանքերը:
Մինչ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը փորձէ խուսափիլ այս մասին յայտարարութիւններէ, իշխանութեան գլուխը գտնուող կրօնամէտ AKP կուսակցութեան առաջնակարգ բազմաթիւ դէմքեր խստօրէն դատապարտած են պետական հարուածը, եւ յայտնած են իրենց զօրակցութիւնը Մորսիի, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի մտերիմ բարեկամն է… այն աստիճան, որ անցեալ աշնան՝ գացած է ներկայ գտնուելու Էրտողանի AKP կուսակցութեան համագումարին: Որոշ AKP-ականներու համաձայն, Եգիպտոսի մէջ այսօրուան զարգացումները տեղի ունեցած են արեւմտեան կարգ մը երկիրներու դրդումով, որոնք ըստ այդ կուսակցականներուն՝ չեն հանդուրժած »Մահմետական եղբայրներ«ուն իշխանութեան գլուխ գալուն: AKP կուսակցութեան փոխնախագահ Հիւսէյին Չէլիք համեմատելով եգիպտական զինուորական այս հարուածը՝ իր երկրին մէջ 1960ին եւ 1980ին կատարուածներուն հետ, համոզում յայտնած է, թէ այս ձեւով՝ վերջ ի վերջոյ Հոսնի Մուպարաքի կողմնակիցները պիտի վերադառնան: Չէլիքի կարծիքով, բանակը լուծում չի կրնար բերել Եգիպտոսի խնդիրներուն, ինչպէս օրինակ՝ տնտեսականին:
Դէպքերը դեռ շատ թարմ ըլլալով, Թուրքիոյ մէջ առայժմ շատ չեն երկու երկիրներու անցքերուն միջեւ կատարուած բաղդատականները: Սակայն, ընդդիմադիր երեսփոխան Քամէր Կէնչ արդէն Էրտողանը կը նմանցնէ Մորսիին: Եւ նոյնիսկ եթէ տարբերութիւններ կան երկու երկիրներու միջեւ, Եգիպտոսի հետ հասարակաց կէտ է՝ Թուրքիոյ մէջ եւս երկրին ղեկավարին՝ Էրտողանի տկարացումը՝ ժողովորդական բողոքին պատճառով: Եւ այս զայրոյթին ծալքերուն մէջ ալ կան բազմաթիւ այլ նմանութիւններ, որոնցմէ ամենէն յատկանշականը՝ բնակչութեան աշխարհական խաւին՝ կրօնամէտ, իսլամապաշտ կոչւածին դէմ յայտնած բողոքն է:
Ամէն պարագայի, ինչ որ յստակ է, Եգիպտոսի մէջ այսօր պատահածը կը տկարացնէ Թուրքիոյ դիրքը շրջանին մէջ, ուր այս վերջինը բացորոշ կերպով՝ արաբական երկիրներուն յարող քաղաքականութիւն մը որդեգրած էր վերջին տասնամեակին: Պիտի տկարացնէ նաեւ թրքական AKP կուսակցութիւնը, իր՝ »կրօնամէտ բայց ժողովրդավար«ի տիպարով: Եւ նոյնիսկ եթէ եգիպտական այս վերջին զարգացումները անմիջական շօշափելի հետեւանքներ չունենան Թուրքիոյ վրայ, անհերքելի է այն հեռանկարը, որ անոնք ա՛լ աւելի պիտի հրահրեն Էրտողանի »Արդարութիւն եւ բարգաւաճում« )AKP( կուսակցութեան դէմ բռնկած բոցը: