Հակառակ Հրապարակային Շռայլ Գովասանքներուն` ԱՄՆ Խորապէս Մտահոգուած է Էրտողանով
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Քանի մը ամիս առաջ գրած էի յօդուած մը` «Օպամա կը շահագործէ թուրք ղեկավարներու շողոքորթութեան մարմաջը» վերնագիրով ` բացատրելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կրնայ համոզել Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը, որ կատարէ իր պահանջները` օգտուելով շռայլ գովասանքներուն հանդէպ անոր ունեցած թուլութենէն:
Անոնք, որոնք ծանօթ են Էրտողանի բնաւորութեան բռնատիրական բնոյթին, որ ամբողջովին դրսեւորուեցաւ վերջերս Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներու մէջ ցուցարարներուն դէմ կատարուած դաժան յարձակումներուն ընթացքին, մեծապէս մտահոգ են Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կողմէ Էրտողանի բռնակալական վարչակարգի յաճախակի կեղծ ներկայացմամբ` իբրեւ «իսլամական աշխարհի համար տիպար երկիր»:
Նման գնահատականներու կեղծ ըլլալը բացայայտուեցաւ, երբ «Ուիքիլիքս»-ի կողմէ հրապարակուեցան Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հազարաւոր դիւանագիտական գաղտնի հեռագիրները, ցոյց տալով, որ Էրտողանի մասին ամերիկացի պաշտօնատարներու իսկական կարծիքը անոնց հրապարակային արտայայտութիւններու ճիշդ հակառակն է:
Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» ամսագիրին մէջ հրապարակուած դեսպանատան զեկոյցներուն մէջ Թուրքիոյ վարչապետը կը բնութագրուի իբրեւ «իշխանատենչ իսլամական` շրջապատուած փտածութեան մէջ թաղուած ու անիրազեկ նախարարներով»: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան 2005-ի մայիսի հեռագիրին մէջ կասկած կը յայտնուի այն մասին, որ Էրտողան երբեւէ իրատեսական աշխարհայեացք չէ ունեցած եւ հաւատացած է, որ ինք ընտրուած է Աստուծոյ կողմէ` Թուրքիան ղեկավարելու համար: Իրազեկ աղբիւրները տեղեկացուցած են ամերիկացի պաշտօնատարներուն, որ Թայիփը կը հաւատայ Աստուծոյ, սակայն … չի վստահիր անոր»:
Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտները կը հաղորդեն, որ վարչապետը գրեթէ իր բոլոր տեղեկութիւնները կը ստանայ իսլամական ուղղուածութիւն ունեցող թերթերէն` անտեսելով իր նախարարներուն առաջարկները: Թրքական ռազմական եւ հետախուզական ծառայութիւնները իրենց պատրաստած կարգ մը զեկոյցները այլեւս անոր չեն ուղարկեր: Ան ոեւէ մէկուն լիովին չի վստահիր` ինքզինք շրջապատելով իրեն «քծնող (բայց ամբարտաւան) խորհրդականներուն երկաթեայ օղակով»: Հակառակ իր գոռոզ պահուածքին` Էրտողան կը սարսափի իր իշխանութիւնը կորսնցնելէն:
Թէեւ թուրք առաջնորդը իր պաշտօնը առաջին անգամ ստանձնելու ատեն պատերազմ յայտարարած էր փտածութեան դէմ, սակայն իրազեկողները Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պաշտօնատարներուն յայտնած են, որ փտածութիւնը առկայ է երկրի բոլոր մակարդակներուն վրայ, նոյնիսկ` Էրտողանի ընտանիքին մէջ: Բարձրաստիճան պետական խորհրդական մը գաղտնաբար լրագրողին յայտնած է, որ վարչապետը հարստացած է պետական քարիւղի զտարանի սեփականաշնորհման միջոցով: Ուժանիւթի նախարարութեան պաշտօնեայ մը պնդած է, որ Էրտողան խնդրած է իրանցիներէն` կազամուղի վերաբերեալ գործարք կնքել թրքական ընկերութեան մը հետ, որ կը պատկանի իր վաղեմի դասընկերոջ: Նաեւ, ամերիկեան երկու աղբիւրներ կը պնդեն, որ վարչապետը ունեցած է զուիցերիական դրամատնային ութ հաշիւներ: Էրտողան կը հերքէ բոլոր նման մեղադրանքները` պնդելով, որ իր հարստութիւնը գլխաւորաբար գոյացած է իր որդիին հարսանեկան նուէրներէն եւ` հաստատած, որ անանուն թուրք գործարար մը Միացեալ Նահանգներու մէջ վճարած է իր չորս զաւակներուն կրթութեան ծախսերը: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէն նման բացատրութիւնները դիտուած են իբրրեւ « ոչ համոզիչ»:
Դեսպանատան հեռագիրներու մէջ կան նաեւ ցնցող շատ մը այլ մեղադրանքներ Էրտողանի դէմ: Իրազեկողները Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներուն ըսած են, որ երբ անոր կուսակցութեան թեկնածուն պարտուած է Տրապիզոնի քաղաքապետի ընտրութիւններուն, իբր թէ վարչապետը պետական գաղտնի հաշիւէն միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցած է իր մտերիմ ընկերոջը` Ֆարուք Նաֆիզ Օզակին, զոր նշանակած էր «Տրապզոնսփոր» ֆութպոլային ակումբի ղեկավար: Դրամը նախատեսուած էր լաւագոյն խաղացողներ ձեռք բերելու համար, որպէսզի ֆութպոլի խումբին յաղթանակները ստուերէին ընտրուած քաղաքապետին ձեռքբերումները:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Էրիք Էտըլմանի ուղարկած հեռագիրին, Էրտողանի կողմէն նշանակուած պաշտօնեաները չունէին «մասնագիտական խորութիւն»: Մինչ ոմանք «կարծես թէ, ի վիճակի են սորվելու աշխատանքի ընթացքին, միւսները անճարակ են, կամ կը թուի, թէ կը հետապնդեն անձնական… շահեր»: Բարձրաստիճան թուրք պաշտօնատարները Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան յայտնած են, որ իրենք ցնցուած են վարչապետի աշխատակազմէն: Ըստ տեղեկութիւններու, Էրտողան իր տեղակալի պաշտօնին վրայ նշանակած է «անիրազեկութիւն, նախապաշարում եւ տգիտութիւն» ցուցաբերած անձնաւորութիւն մը: Պարզուած է, որ կիներու հարցերով նախարար Նիմեթ Չուպուկչուն` ամուսնական անհաւատարմութեան քրէականացման ջատագովը, իր պաշտօնը ձեռք բերած է, որովհետեւ եղած է վարչապետին կնոջ ընկերուհին: Այլ նախարար մը կը մեղադրւուի «հովանաւորչութեան, հերոյինի մաքսանենգութեան եւ անչափահաս աղջիկներու նկատմամբ ունեցած հակումներուն համար»:
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակաւ բարձր գնահատուող արտաքին գործերու նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն եւս թաքուն քննադատութեան թիրախ է: Ըստ ամերիկեան դեսպանատան գաղտնի հեռագիրներուն, Տաւութօղլու «Անգարայէն դուրս շատ քիչ բան կը հասկնայ քաղաքականութենէն»: Ըստ էութեան, Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտները անհանգստացած են «անոր կայսերական շեշտադրումէն … եւ նոր օսմանեան տեսլականով»: 2010ի Յունուարի զեկուցագիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտնած է, որ Թուրքիան ունի «Ռոլս Ռոյսի յաւակնութիւններ, բայց` Ռովըրի հնարաւորութիւններ»: Պաշտպանութեան նախկին նախարար Մեհմեթ Կէօնուլ նոյնպէս քննադատաբար մօտեցած է արտաքին գործոց նախարարին` ամերիկեան իշխանութիւնները նախազգուշացնելով անոր` «էրտողանի վրայ ունեցած իսլամական ազդեցութեան» մասին եւ զայն անուանելով «բացառիկ վտանգաւոր»։
Հրապարակային շռայլ գովասանքներով շփացնելով Էրտողանը, հակառակ ներքուստ գիտակցելով անոր բնաւորութեան թերութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները այժմ պէտք է լիովին պատասխանատուութիւն կրեն երկրին եւ արտերկրի մէջ վարչապետին կործանարար վարքագծի համար: