Լոնտոնի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը
Անցնող շաբաթավերջին Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, նախաձեռնութեամբ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին եւ հիւրընկալութեամբ Հայ Դատի Անգլիոյ յանձնախումբին։
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Անգլիոյ, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի յանձնախումբերու ներկայացուցիչերը, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Պրիւքսէլի, Փարիզի եւ կեդրոնական (Երեւանի) գրասենեակներու պատասխանատուները։ Ժողովը վարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդր. խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Զեկոյցներ ներկայացուցին Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանն ու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը։
Խորհրդաժողովը լսեց մասնակից շրջաններու Հայ Դատի աշխատանքներու զեկոյցները նախորդ՝ 2011 Դեկտեմբերի խորհրդաժողովէն ի վեր եւ քննարկեց Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքներու համար ստեղծուած պայմաններն ու մարտահրաւէրները։ Ժողովը առանձնաբար անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, 100-ամեակի, Հայաստանի միջազգային վարկի բարձրացման, Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով եւրոպական երկիրներու եւ կառոյցներուն մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն։ Կարեւորութեամբ քննարկուեցան նաեւ Եւրոպայի հայութեան յաւելեալ քաղաքականացման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցերը։
Խորհրդաժողովը շեշտեց Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան ուղղութեամբ Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։ Աւարտին կազմուեցաւ Եւրոպայի տարածքին յառաջիկայ երկու տարիներուն կատարուելիք աշխատանքներու ծրագիրը։
Ժողովին զուգահեռ, «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ, Հայ Դատի Անգլիոյ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ուր ներկայ էին եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Չարլզ Թաննոք, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ, Լոնտոնի Իլինկ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչներ։ Ներկաները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար դատին։