11-12 ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով

11-12 ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովը, որ կը միտի դիմագրաւել վերջին տարիներուն հայկական աշխարհը ցնցած աննախընթաց տագնապները։

2018-էն ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ հայկական շահերէ հրաժարումը՝ Ցեղասպանութեան եւ Արցախի թղթածրարներէն ետ կանգնիլը (որուն հետեւանքը եղաւ Արցախի բռնի հայաթափումը), հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքները եւ ազգային հաստատութիւններու դէմ կատարուող յարձակումները աննախընթաց օրհասական իրադրութիւն ստեղծած են ամբողջ հայկական աշխարհին համար։

Կայանալիք խորհրդաժողովին նպատակն է հաւաքաբար քննարկել իրավիճակը, զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքը, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեւաւորել միասնական ու նպատակաուղղուած կեցուածք՝ ի պաշտպանութիւն եւ հզօրացում Հայաստանի պետութեան, հայկական սփիւռքին եւ առհասարակ հայկական շահերուն եւ Հայ դատին:

Խորհրդաժողովը պիտի համախմբէ աւելի քան 25 երկիրներէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ համայնքային առաջնորդներ, կազմակերպութեանց պատասխանատուներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, գործարարներ եւ երիտասարդներ:

Օրակարգի առանցքային կէտերն են.

 • Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ եւ քաղաքական օրակարգը:

• Ազգային արժէքներու եւ Հայոց եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման առումով. նոր իրավիճակի մարտահրաւէրներ:

• Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցեր եւ հորիզոններ, սփիւռքը իբրեւ հայկական աշխարհի փափուկ ուժի բաղադրամաս:

• Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում՝ յանուն համահայկական նպատակներու:

Խորհրդաժողովը պիտի աւարտի աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած կոչ-յայտարարութեամբ, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական, համայնքային եւ այլ նախաձեռնութիւններ: