«104 Տարի է Արդարութեան կը Սպասենք». Կարօ Փայլան Պատասխանած է Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Էրտողանի Խօսնակի Յայտարարութեան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնը քննադատած Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ինչպէս յայտնի էր, Քալըն յայտարարած էր, թէ «այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները քաղաքական սուտ են»։

Արձագանգելով այդ յայտարարութեան՝ Փայլանը Twitter-ի մէջ կատարած է երկու գրութիւն։ Առաջինով հարց յղած է Էրտողանի խօսնակին.

«Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քաղաքական սուտ է, ուրեմն ինչո՞ւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 5 տարի շարունակ Ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդին ցաւակցական ուղերձ կը յղէ»:

Յաջորդ արձանագրութեան մէջ՝ Փայլան յայտնած է հետեւեալ միտքը.

«Պետութեան որոշումով այս հողերէն աքսորուած եւ կոտորուած հայ ժողովուրդին մեծ ողբերգութեան հետ Թուրքիան չէ առերեսուած եւ անուանում չէ տուած… Տեղի ունեցածը նախ եւ առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ նախագահի խնդիրը պէտք է ըլլայ, պէտք է առերեսուիլ եւ անուն տալ տեղի ունեցածին… 104 տարի է արդարութեան կը սպասենք»:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 5-ին, Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած էր, որ Ապրիլ 24-ը պիտի դառնայ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր»։ Մաքրոն նշած էր, որ իր այս նախաձեռնութիւնը պիտի սկսի գործել յաջորդ Ապրիլ 24-էն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.