1 Մարտ 2025ի Դրութեամբ` Հայաստանէն 11,300 Արցախցիներ Հեռացած Են

Horizon Weekly Newspaper

1 Մարտ 2025ի դրութեամբ` Հայաստանէն մեկնած են 26,899 եւ վերադարձած 15,642 բռնի տեղահանուած արցախցիներ: Այսինքն՝ Սեպտեմբեր 2023ի բռնի տեղահանութենէն ետք այս տարուան 1 Մարտի դրութեամբ՝ Հայաստանէն հեռացած են եւ (տակաւին) չեն վերադարձած 11,257 արցախցիներ: Տուեալները «Սիվիլնեթ»ին տրամադրած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):

Հեռացող արցախցիներու յաւելման զուգահեռ կ՛աւելնայ նաեւ վերադարձող արցախցիներու թիւը:

Այս Ապրիլէն սկսեալ, բռնի տեղահանուած անձերուն կեցութեան եւ այլ ծախսերուն համար նախատեսուած 50,000 դրամ (40,000+10,000) աջակցութիւնը պիտի դառնայ 40,000 դրամ եւ պիտի տրամադրուի միայն առանձին խմբերու` առաջին կամ երկրորդ խումբի հաշմանդամութիւն, 63+ տարեկաններ, կերակրողը կորսնցուցած եւ նպաստ կամ կենսաթոշակ ստացողներ, մինչեւ 18 տարեկան անձեր:

Իսկ  Յուլիսէն Դեկտեմբեր 2025ի ամիսները ներառեալ` աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի առանձին խումբերու շահառուներուն` արդէն 30,000 դրամի չափով:

Կը նախատեսուի, որ այս փոփոխութիւնները պատճառ դառնան արտագաղթի յաւելման։