Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրը» Վէպի 90-Ամեակին Նուիրուած Անկիւնադարձային Գիտաժողովը Նոր Աւիշ Ներարկեց Հայոց Պահանջատիրական Երթին

ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Նախապատրաստական տքնաջան ճիգերէ ետք, 19-21 սեպտեմբեր 2024-ին Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ գումարուեցաւ աւստրիացի գրող Ֆրանց  Վերֆելի Մուսա Լերան հերոսամարտը յաւերժացուցած` «Մուսա Լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպի 90-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը: «Հայերի ցեղասպանութիւնը. անցեալի եւ ներկայի ներհայեցումներ» ընդհանուր խորագիրով եռօրեայ գիտաժողովին հայերէն, անգլերէն ու երբեմն գերմաներէն լեզուներով  (ուղղակի թարգմանութեամբ) քննարկումներուն կը մասնակցէին Հայաստանի կողքին, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն, Պրազիլէն, Ռուսիայէն, Սպանիայէն, Քանատայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած աւելի քան եօթանասուն հայ թէ օտար մտաւորականներ, ակադեմականներ, գիտնականներ, դասախօսներ եւ հետազօտող լրագրողներ: Լիբանանէն կը մասնակցէին` Լիբանանեան համալսարանի դասախօս Վիքի Չափարեան եւ Սիլվա Գարավարդանեան: Մէկէ աւելի մասնակիցներ գիտաժողովին իրենց զեկուցումը ներկայացուցին առցանց, ինչպէս` Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ՀՀ ԳԱԱ) Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գլխաւոր հետազօտող, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու գլխաւոր բանահաւաք, բանասիրութեան դոկտ. Վերժինէ Սվազլեան, «Գերմանեւհայկական հասարակութիւն» միութեան նախագահ եւ Գերմանիոյ Հանովեր քաղաքին մէջ լոյս տեսնող «Հայ-գերմանական նամակագրութիւն» (Armenisch-Deutsche Korrespondenz (ADK) պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր դոկտ. Րաֆֆի Քանդեան եւ ուրիշներ:

Նախքան ձեռնարկին բացումը, գիտաժողովի գլխաւոր նախաձեռնող եւ ընդհանուր հանդիսավար, ԵՊՀ-ի եւրոպական լեզուներու եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքի անգլիական բանասիրութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Սեդա Գասպարեան ներկաները հրաւիրեց ԵՊՀ-ի «Սարգիս եւ Մարի Իզմիրլեան» գրադարանի Երախտիքի ծառուղիին մէջ տեղադրուած Ֆրանց Վերֆելի կիսանդրիին մօտ, ուր ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով մարդասէր գրողի յիշատակին: Այս առթիւ ԵՊՀ-ի զարգացման եւ նորարարութիւններու գծով փոխնախագահ Միքայէլ Յովհաննիսեան խիստ բարձր գնահատեց Վերֆելի հեղինակած «Մուսա Լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպը` նշելով անոր ստեղծման պայմանները: Յովհաննիսեան շեշտեց Վերֆելի այդ նախաձեռնութիւնը զայն նկատելով միջազգային բարոյական զօրակցութիւն` Ցեղասպանութենէն ճողոպրած աշխարհասփիւռ հայութեան համար:

«Ասիկա մեզի համար առիթ մը եւս է մտածելու, թէ ի՛նչ դիրքորոշում պէտք է ունենանք, ինչպէ՛ս բարձրաձայնենք, յատկապէս` մարդկային իրաւանց խախտումներու առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ դասեր քաղենք անցեալէն` հասնելով ճիշդ եզրայանգումի», ընդգծեց Յովհաննիսեան:

Բացման արարողութեան ուշագրաւ անակնկալն էր Մուսա Լերան հերոսամարտէն ետք հայրենիք բերուած 1885 թուականը կրող պատմական, աւանդական հսկայ  թմբուկը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ ) վաստակաւոր ղեկավարներէն, ազգային փայլուն գաղափարախօս, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի անուանակից` մուսալեռցի թմբկահար Սարգիս Զէյթլեանի մատներու հարուածներուն բաբախումով ներկաները հոգեպէս փոխադրեց դէպի 1915-ի Մուսա Լերան հերոսամարտի մթնոլորտը:

Ապա ներկաները ուղղուեցան ԵՊՀ-ի Գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճ, ուր փրոֆ. Գասպարեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի եւ Մուսա Լերան նահատակներուն յիշատակը:

Իր հայերէն եւ ապա անգլերէն լեզուներով արտայայտած ողջոյնի խօսքով փրոֆ. Գասպարեան պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց գիտաժողովը: Նշելով գիտաժողովի շարժառիթն ու նպատակը` ան աւստրիացի մեծ մարդասէր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպը նկարագրեց իբրեւ «հայ ժողովրդի անկոտրում ու չնահանջող ոգու խորհրդանիշ»: «Հարկ է արձանագրել, որ այսօր ալ` 21-րդ դարուն, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ արդիական եւ ուղղակիօրէն կախուած` աշխարհաքաղաքական ժամանակակից ելեւէջներէ: Յոյսով եմ, որ այս գիտաժողովին բարձրացուող ու քննարկուող հարցերը կրնան նոր լոյս սփռել հնարաւոր լուծումներու վրայ», ընդգծեց փրոֆ. Գասպարեան:  Բարի երթ մաղթելով գիտաժողովի քննարկումներուն` Գասպարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են գիտաժողովի իրականացման, յատկապէս` Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավարութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէին, Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի, Համշէնի թէ Լոնտոնի բարեկամ անհատ բարերարներուն:

Ապա ան յաջորդաբար խօսքը փոխանցեց ԵՊՀ-ի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի ներկայացուցիչ, մարդկային եւ հասարակագիտական մասնագիտութիւններու գծով ԵՊՀ-ի փոխնախագահ դոկտ. Էլինա Ասրիեանին, գիտաժողովի Գիտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայկական ուսուցման ծրագրի տնօրէն, պատմագիտութեան դոկտ. փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեանին, նոյնպէս` գիտաժողովի Գիտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ, Փոցտամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի (Լեփսիուսհաուս, Գերմանիա) տնօրէն դոկտ. Ռոյ Նոքին,   Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանին եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, գիտաժողովի կազմկոմիտէի անդամ, ԵՊՀ-ի եւրոպական լեզուներու եւ հաղորդակցութեանց բաժանմունքի տնօրէն  դոկտ. Գէորգ Բարսեղեանին:

Ողջունելով ներկաները` դոկտ. Էլինա Ասրիեան անդրադարձաւ Ֆրանց Վերֆելի հեղինակած վէպի իւրայատկութեան, ուր դրուագի մը ընդմէջէն կը պարզուի Մուսա Լերան հայութեան ցուցաբերած խիզախ ինքնապաշտպանութիւնը 1915 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը կ՛ենթարկուէր թրքական ցեղասպանական բարբարոսութեան: Ակնարկելով Ցեղասպանութեան յատկապէս հոգեբանական հետեւանքներուն եւ անոր յառաջացուցած հոգեցնցումներուն` դոկտ. Ասրիեան յոյս յայտնեց, որ գիտաժողովը առիթ ըլլայ այս մարզը առաւել եւս լուսարձակի տակ առնող նոր հետազօտութեանց արծարծումներու:

Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան նշեց այս գիտաժողովի նախաձեռնութեան իր ներդրումը, երբ ԵՊՀ իր առաջին այցելութեան ընթացքին պատկան մարմիններուն յիշեցուցած է Ֆրանց Վերֆելի հեղինակած վէպի 90-ամեակին թուականը` նշելով անոր ոգեկոչման կարեւորութիւնը: Հայերէն եւ ապա անգլերէն լեզուներով արտասանած իր ողջոյնի խօսքով փրոֆ. Շեմմասեան մաղթեց, որ գիտաժողովը կ՛աւարտի իր նպատակին ծառայող արդիւնաւէտ եզրայանգումներով:

Ակադեմիկոս, դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան իր ողջոյնի խօսքով խիստ բարձր գնահատեց Ֆրանց Վերֆելի վէպին կարեւորութիւնն ու այս գծով գիտաժողովի կայացումը, այն առումով, որ յետեղեռնեան շրջանին գրեթէ մոռցուած էր Ցեղասպանութեան հարցը, եւ Ֆրանց Վերֆելի այս վէպը համայն աշխարհին յիշեցուց, որ 1915 թուականի դժոխային պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը ընդվզեցաւ ու խիզախօրէն պայքարելով` ինքնապաշտպանութեան դիմեց Մուսա Լերան գագաթին, այնպէս, ինչպէս` Շապին Գարահիսարի, Վանի եւ այլ շրջաններու մէջ: «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդին հետ 2020 եւ 2023 թուականներու ընթացքին, Ցեղասպանութեան կրկնութիւնն էր», ընդգծեց փրոֆ. Մելքոնեան` յիշեցնելով, որ հայութիւնը դասեր քաղելով անցեալէն` ահազանգ հնչեցուց,  սակայն լսող չկար, ինչպէս չկար Ցեղասպանութեան օրերուն: «21-րդ դարուն եւս մեր ձայնը լսելի չէր: Կը խօսէինք այն մասին, որ մենք նախացեղասպանական վիճակի մէջ ենք, ինչպէս Ա. Աշխարհամարտի նախօրէին, այնպէս ալ` 2020-ի, 2022-ի, 2023-ի նախօրէին: 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին այդ ողբերգութիւնը ամբողջացաւ, ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք ու հայրենազրկուեցանք», ընդգծեց փրոֆ Աշոտ Մելքոնեան: Ան հերքեց, թէ Արցախի հայութիւնը տեղի տուաւ ու հեշտութեամբ լքեց իր հողը, ըսելով. «Ո՛չ, 2023-ի սեպտեմբեր 19-ին միօրեայ մարտերու ընթացքին հայ ժողովուրդը հերոսաբար կռուեցաւ Արցախի մէջ` ամփոփուած, մեկուսացած, բայց կռուեցաւ»:

«Մեզ վերֆելներ, արմինվեկներներ են պէտք, որպէսզի գրի առնեն այդ ամէնը, այսօր մեր մէջ չկան ֆրանցվերֆելներ», ափսոսաց Մելքոնեան: Ան ողջունեց գիտաժողովին նաեւ օտարներու մասնակցութիւնը` մաղթելով, որ անոնք եւս ահազանգ հնչեցնեն եւ աշխարհին յիշեցնեն, որ այսօր ալ Հայաստան կը գտնուի նախացեղասպանական նախաշեմի իրավիճակի մէջ: «Ցաւալիօրէն աշխարհ կը շարունակէ լուռ մնալ», եզրափակեց  փրոֆ. Մելքոնեան:

Փոցտամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի տնօրէն դոկտ. Ռոյ Նոք անգլերէն լեզուով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտեց գիտաժողովի կայացման կարեւորութիւնը` նշելով, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ յարակից դէպքերու խորքը «կը քննարկենք ոչ միայն իբրեւ մտաւորականներ, այլ նաեւ` իբրեւ մարդկային էակներ»: Ան յոյս յայտնեց, որ գիտաժողովը ըլլայ տարբեր շրջաններէ ժամանած մասնագէտներու տեսակէտներու եւ փորձառութեանց փոխանակման կարեւոր հարթակ եւ իր բարի գալուստի խօսքը փակեց հայերէն:

Ապա գիտաժողովի կազմկոմիտէին անունով Գէորգ Բարսեղեան անգլերէն լեզուով ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով անոնց մասնակցութիւնը ժամանակակից հարցերու կարեւոր մարտահրաւէրներէն` ցեղասպանութեան, անոր տարբեր երեսներու քննարկման օրակարգով: Ան մաղթեց, որ գիտաժողովը գիտական, յանձնառու եւ անաչառ  քննարկումներով լուսարձակի տակ առնէ Մուսա Լերան հերոսամարտի վէպի ստեղծման շարժառիթն ու առհասարակ Հայոց ցեղասպանութեան ծալքերն ու հետքերը: «Մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնն է յանձնառու կերպով քննելու մարդկային իրաւանց հարցերը», ընդգծեց ան:

Նշենք, որ գիտաժողովի իրագործումը արգասիքն էր զանազան կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու նախաձեռնած ծրագիրին, բարոյական ներդրումին ու համագործակցութեան, ինչպէս` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկ, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ անոր Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկ (ինստիտուտ) (ՀՀԻ), Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագիր եւ Փոցտամի Լեփսիուսի տուն-թանգարան: Գիտաժողովը կայացաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի իրականացուող ծրագիրի ծիրին մէջ:

Քննարկումներու ընթացքին ուշագրաւ էր գիտաժողովի յառաջացուցած կազմկոմիտէի անդամ ակադեմական երկու հայուհիներու` փրոֆ. Սեդա Գասպարեանի եւ դոկտ. Լուսինէ Սահակեանի ժրաջան գործունէութիւնը, ուր անոնք առանցքային դեր ունեցած էին գիտաժողովի իրագործման մէջ:  Գաղափարներու մտայղացումով ու կազմակերպչական  բծախնդիր դասաւորումով անոնք կը ցոլացնէին գիտաժողովի կազմկոմիտէին անաչառ ու յանձնառու մօտեցումը` լաւագոյնս պարզելու հայ թէ ոչ հայ մտաւորականութեան տեսակէտները Ֆրանց Վերֆէլի հեղինակած վէպին ու առհասարակ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Աւելի՛ն. գիտաժողովի մեկնարկին թուականը` 19 սեպտեմբեր, 2024 ինքնին կը զուգադիպէր հայկական հազարամեակներու պատմահենքով յատկանշուող բնօրրանի` Արցախ արծուաբոյնի բռնագրաւումի տարելիցին: Խորքին մէջ Վերֆելի հեղինակած «Մուսա լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպը գրական իրողախառն մէկ պատկերացումն է հայ ժողովուրդին ցուցաբերած խիզախ ինքնապաշտպանութեան` նոյն նպատակով ու թիրախով մեկնարկած ցեղասպան թուրքին հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ` Մուսա Լերան, Վանի, Ուրֆայի, Շապին Գարահիսարի եւ նմանօրինակ այլ շրջաններու մէջ: Այլ խօսքով, նշեալ վէպին ընդմէջէն աւստրիացի գրողը համայն աշխարհին տողատակի կը ներկայացնէր յօշոտուելու վտանգին դէմ ծառանալով` հայութեան ցուցաբերած հերոսական կեցուածքը իր հազարամեակներու բնօրրանի պաշտպանութեան գծով, ընդդէմ թուրք ոսոխին:

Սակայն 19 սեպտեմբեր 2023-ին արցախեան ամրոցի կարճատեւ մարտնչումը եւ ապա կորուստը չունեցան իրենց Ֆրանց Վերֆելը: Անիկա զոհ գնաց գերպետութեանց քաղաքատնտեսական շահերու «ճատրակի քարերուն»: Հոսկէ` գիտաժողովին հրաւիրուած բանախօսներուն զեկոյցներու բնոյթը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէր հայութեան ինքնապաշտպանութեան թէ պահանջատիրական ոգին` զգացական, մարդագրական, քաղաքական, տնտեսական, մարտավարական թէ յարակից այլ մարզերու հայաշունչ թէ օտար գրիչներու եւ ոսպնեակներու ընդմէջէն: Արցախեան գոյամարտին պարտադրուած, բռնազբօսիկ «դադարը» իր դառնագոյն յոյզերով, ապագայի յոյսերով ու տունդարձի աննահանջ կամքով գիտաժողովին ընթացքը հունաւորող տիրական ներկայութիւն էր գիտաժողովի ընթացքին:

Գիտաժողովը անուղղակի պատգամներ յղեց հայ թէ ոչհայ հանրային կարծիքին` յիշեցնելով, որ հակառակորդին կողմէ «աւարտած» համարել փորձող Արցախի հարցը տակաւին չէ լուծուած, եւ թէ` հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարի երթը: Խորքին մէջ գիտաժողովի մեկնարկին թուականը` 19 սեպտեմբեր 2024, ինքնին, պատահական զուգադիպութիւն չէ, անիկա կը յիշեցնէ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմահենք ունեցող բնօրրանի` Արցախի բռնագրաւումը:

Նոյն ծիրին մէջ, գիտաժողովը նաեւ միջազգային հարթակ էր հայ թէ ոչ հայ մտաւորական ակադեմականներու ընտրանիին միջեւ հետագայ փոխադարձ գործակցութեան` Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի թէ առհասարակ Հայ դատի առնչուող հիմնահարցերուն գծով: Այլ խօսքով, աշխարհաքաղաքական, գաղափարական, լեզուական, դաւանական տարբեր պատկանելիութիւններու ճոխ ենթահող ունեցող ժողովականներու զեկոյցներուն հասարակաց բնոյթը հիմնականին մէջ կ՛անդրադառնար Արցախի թէ հայկական գրաւեալ հողերու հարցի այլազան երեսներուն` մեկնելով Ֆրանց Վերֆելի հեղինակած «Մուսա Լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպի 90-ամեակով առաջադրուած առիթէն:

Ուշագրաւ էր նաեւ ներկայացուած զեկոյցներու որակի գիտական բարձր մակարդակը, ուր գրական, ընկերային, ազգային, մարդագրական եւ առնչակից ոլորտներու կողքին, առկայ էր նաեւ հաղորդակցութեանց նորարարական արհեստական բանականութեան (ԱԲ) (Artificial inteligence – AI) գործօնին ազդեցութիւնը` իր ընձեռած կարելիութիւններով թէ ցցած մարտահրաւէրներով: Արդարեւ, թէեւ զեկոյցները հետագային պիտի հրատարակուին առանձին հատորով, այսուհանդերձ, կ՛արժէ նշել զեկոյցներէն մէկուն արծարծած մարտահրաւէրի մտավախութիւնը այն առումով, թէ նշեալ մարզի փորձագէտներէն մէկը կը նախատեսէ, որ ԱԲ-ի «բաց» քննարկման (OpenAI) հետազօտութեանց ծիրին մէջ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ մարդկային ծիներու տուեալներու փոփոխութեան: Կարելիութիւն մը, որ իրականանալու պարագային կրնայ շրջադարձային հետեւանք ունենալ յատկապէս հայ ժողովուրդի հազարամեակներու քաղաքակրթական ենթահող ունենալու ինքնութեան փաստարկման առումով: Ուշագրաւ մէկ այլ երեւոյթ էր իգական դէմքերու տիրական ներկայութիւնը, որովհետեւ զեկուցաբերներու 57 առ հարիւր համեմատութիւնը իգական դէմքեր էին: Գիտաժողովը հեզասահ կերպով ընթացաւ իր ծրագրուած յայտագրով, ուր տեղեկատուական թիւրիմացութեան թէ սրբագրումի պարագային փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան Մուսա Լերան հերոսամարտին մասին իր հեղինակած ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ, իրազեկ ու քաջատեղեակ Մուսա Լերան հերոսամարտի ծալքերուն` կը փութար տալու անհրաժեշտ ցուցմունքներն ու լուսաբանութիւնները:

Գիտաժողովին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի, ծագումով մուսալեռցի Մարօ Քէշիշեանը, որ ընդառաջելով իրեն ուղղուած յատուկ հրաւէրին, արտասանեց իր սրտի խօսքը` Մուսա Լերան բարբառով հաճելի դրուագ մը ներկայացնելով իր մանկութեան յուշերէն:

Քննարկումներու աւարտին ժողովականները հրապարակեցին երեք կէտերէ բաղկացած հռչակագիր: Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան ներկայացուց անոր անգլերէն օրինակը, իսկ դոկտ. Լուսինէ Սահակեան ներկաներուն ներկայացուց հռչակագրի հայերէն տարբերակը:

Հռչակագրի նախամուտի բաժնով կը նշուէին գիտաժողովին արծարծուած նիւթերը եւ հոն տիրած մթնոլորտը: «Գիտաժողովին մասնակիցները կ՛արձանագրեն, որ Արցախի 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին ու յատկապէս անկէ ետք ակնյայտ դարձաւ թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակական բնոյթը, ինչ որ յանգեցաւ ոչ միայն Արցախի  շրջափակման, սեպտեմբեր 2023-ի նախայարձակման ու անոր հետեւանք արցախահայերու բռնագաղթին ու հայկական այլ շրջաններու հայաթափումին, այլեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակման եւ անոր ինքնիշխան տարածքի կարգ մը շրջաններու բռնագրաւման», ընդգծեց հաղորդագրութիւնը եւ աւելցուց. «Մեկնելով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի դէմ ծառացած գոյաբանական այդ նոր սպառնալիքներէն, նկատի ունենալով նաեւ պարբերաբար ծագող մարտահրաւէրներու դիմակալման գծով նմանօրինակ միջազգային գիտաժողովներու կարեւորութիւնը` գիտաժողովի մասնակիցները կ՛արտայայտեն իրենց վճռակամութիւնը.

1.- Պարբերաբար հրաւիրելու եւ աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր հիմնախնդիրներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովներուն` Հայաստանի թէ գործակցող այլ երկիրներու մէջ:

2.- Մեծապէս նպաստելու Հայոց  ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովներու նիւթերու թարգմանաբար հրատարակման եւ տարածման` այդպիսով  միջազգային կառոյցներու եւ հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելով ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դատապարտման, այլեւ` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպանական նոր սպառնալիքներու զսպումին ու կանխարգիլման վրայ:

3.- Ջանք չխնայելու Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնական պայքարը նոր ռազմավարութեամբ ու մարտավարութեամբ առաւել թիրախային եւ արդիւնաւէտ դարձնելու Հայոց ցեղասպանութեան եւ թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեան` դաշինքին կողմէն ներկայիս շարունակուող ցեղասպանական քաղաքականութեան միջազգային դատապարտման ու կատարուած յանցագործութիւններու հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ, որովհետեւ անիկա ոչ միայն համայն հայութեան իրաւունքներու վերականգնումին ու Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ապահովման կարեւորագոյն հարց է, այլեւ սրբազան պարտք` անցեալ ու ներկայ նահատակներու յիշատակին առջեւ:

19-21 սեպտեմբեր 2024-ին Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ գումարուեցաւ աւստրիացի գրող Ֆրանց  Վերֆելի Մուսա Լերան հերոսամարտը յաւերժացուցած` «Մուսա Լերան քառասուն օրը» խորագրեալ վէպի 90-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը:

Այս առթիւ ժամանակի կարելիութեան սահմաններուն մէջ «Ազդակ» կարճատեւ, մտերմիկ զրոյցներ ունեցաւ` մասնակիցներու կարծիքը շօշափելով գիտաժողովին արժեւորման եւ անոր գումարման կարեւորութեան վերաբերեալ: Հայերէն թէ անգլերէն լեզուով դրսեւորած իրենց տպաւորութեանց ընթացքին գրեթէ բոլորն ալ իրենց գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին գիտաժողովի իրականացման մէջ առանցքային, ժրաջան դեր ունեցած փրոֆ. Սեդա Գասպարեանին:

Ստորեւ հատուածներ` դրսեւորուած կարգ մը կեցուածքներէն.

Գուրգէն Մելիքեան. Արցախեան գոյամարտի մերօրեայ ֆետայի, վարած է ԵՊՀ-ի բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը, իրանագէտ, արեւելագէտ, հասարակական գործիչ, ազգային բարերար: Հեղինակ` աւելի քան երեսուն գիրքերու:

Գնդապետ Մելիքեան խոր դրուատիքով անդրադարձաւ գիտաժողովի կայացման` ընդգծելով արծարծուած նիւթերու բարձրորակ մակարդակը: «Այս դժուար ժամանակներուն մէջ, երբ ամէն ինչ, մանաւանդ ազգայինը ոտնակոխ կ՛ըլլայ, մեծագոյն ձեռնարկներէն մէկն է այս գիտաժողովը, շնորհակալութի՛ւն` տիկին Գասպարեանին, կազմակերպողներուն, որոնք այսքան բարձր մակարդակով իրագործում կատարած են, իւրաքանչիւրս աւելի ոգեւորուեցանք` ապրելով հայրենասիրական հոգիով ու հայրենիքին զօրակցելու կամքով: Ամէն ինչ կ՛իրականանայ, միայն մեր կամքը պէտք է անխախտ ըլլայ», ընդգծեց երէց հերոսը` ակնարկելով տնտեսական հզօրանքի եւ ներդրումի կարեւորութեան:

Դոկտ. Ռոյ Նոք. Գիտաժողովի գիտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ, Փոցտամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի տնօրէն:

Դոկտ. Ռոյ Նոք բարձր գնահատեց գիտաժողովի կազմակերպումը, որուն ընթացքին տարբեր ոլորտներու մասնագէտ մտաւորականներ թեր ու դէմ հետաքրքրական վարկածներով իրենց ներդրումը ունեցան: Դոկտ. Նոք խիստ աշխուժ որակեց քննարկումի մթնոլորտը, որուն ընթացքին տարբեր մտապաշարով մասնագէտներ, մանաւանդ` սփիւռքահայ ակադեմականներ, համատեղ ներշնչող մասնակցութիւն ունեցան: Ան իր դրական խոր տպաւորութիւնը արտայայտեց` յայտնելով, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ ինք նախապէս այցելած է Հայաստան, ինչպէս նաեւ` Լիբանան, սակայն առաջին անգամն է, որ նման բարձրորակ գիտաժողովի կը մասնակցի Երեւանի մէջ: Ան նշեց, որ այս գիտաժողովը կրնայ խոստմնալից մեկնարկ ըլլալ հետագայ արդիւնաւէտ գործակցութեան մասնակիցներուն միջեւ:

Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան. Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն: Հեղինակ` Հայոց պատմութեան դասագիրքերու եւ առհասարակ` պատմութեան առնչուող բազմաթիւ հրատարակութիւններու:

Փրոֆ. Մելքոնեան անկիւնադարձային կարեւոր քայլ նկատեց գիտաժողովի կազմակերպումը` իր ուրախութիւնը յայտնելով նաեւ ոչ հայ մտաւորական ակադեմականներու մասնակցութեան համար: Ան բարձր գնահատեց գիտաժողովի իրականացումը, յատկապէս` քարոզչական դիտանկիւնէն, որուն ընթացքին գիտական անաչառ մօտեցումով լուսարձակի տակ առնուած են հայ ժողովուրդին կրած աղէտներն ու այդ գծով անոր ցուցաբերած, բայց ցարդ անտեսուած խիզախ ինքնապաշտպանութիւնը: Ակադեմիկոս Մելքոնեան յիշեցուց եւ ընդգծեց, որ Հայաստան այսօր եւս կը գտնուի ցեղասպանութեան նախաշեմին, այնպէս, ինչպէս որ էր 1915-ի, 2020-ի, 2022-ի եւ սեպտեմբեր 2023-ի նախօրեակներուն ու հոսկէ` օտար ակադեմականներու դերը միջազգային հանրային կարծիքի զգուշացման ու սթափեցման գծով:

Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան. Գիտաժողովի գիտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայկական ուսուցման ծրագրի տնօրէն, պատմագիտութեան դոկտոր: Հեղինակ` Մուսա Լերան հերոսամարտի մասին լայնածաւալ գիրքերու:

Փրոֆ. Շեմմասեան խորքին մէջ նոյնինքն գիտաժողովին գաղափարը յղացողն էր: Ան գոհացուցիչ նկատեց գիտաժողովին կազմակերպման բծախնդիր ընթացքը` դիտել տալով, որ եօթանասուն զեկոյցներուն մէջ կարելի է նկատել շատ լաւ կամ միջակ որակով ներկայացումներ, ընդգծեց զեկոյցներու մէջ պատմական տուեալները  փաստարկեալ հիմնաւորումներով, անկողմնակալ ու անաչառ կերպով ներկայացնելու նախանձախնդրութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Փրոֆ. Էտիկ Մինասեան.- Պատմագիտութեան դոկտոր, ԵՊՀ-ի Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ: Վարած է ԵՊՀ-ի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը: Բնութեան եւ հասարակութեան մասին գիտութիւններու միջազգային ակադեմիայի անդամ: Հեղինակ է աւելի քան երեսուն գիրքերու, որոնց նորագոյններէն է «Հայ հերոսուհի կանայք» 782 էջերով հատորը:

Փրոֆ. Մինասեան գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ գիտաժողովին մասին` զայն որակելով անփոխարինելի ձեռնարկ: Ան իր շնորհակալութիւնն ու երախտիքը յայտնեց գիտաժողովի կազմակերպուած երթին համար` ողջունելով մասնագէտ գիտնականներու լուրջ ու արդիւնաւէտ ներկայութիւնը: Գիտաժողովը անկաշկանդ է եւ ա՛յդ է անոր բնոյթը, ընդգծեց փրոֆ. Մինասեան: Բարձրորակ այս գիտաժողովի ընթացքին աշխարհի զանազան կողմերէն ժամանած գիտնականներ իրենց զեկոյցներով հարցերը նոր լուսարձակի դիտանկիւնէն ներկայացուցին, դիտել տուաւ հայրենի մտաւորականը: Փրոֆ. Մինասեան մաղթեց նման խոստմնալից գիտաժողովի կրկնութիւնը` բարձր գնահատելով անոր ներուժը հայկական պահանջատիրութեան քարոզչութեան համար:

Փրոֆ. Աշոտ Հայրունի.- ԵՊՀ-ի ՀՀԻ ցեղասպանագիտութեան բաժնի վարիչ: Բնութեան եւ հասարակութեան մասին գիտութիւններու միջազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, գերմանագէտ, հեղինակ` բազմաթիւ հրատարակութիւններու:

Փրոֆ. Հայրունի իր մեծ գոհունակութիւնը յայտնեց գիտաժողովին կայացման համար` խիստ դրական նկատելով տարբեր միտքերու փոխանակումը քննարկումներու ընթացքին: Ան նշեց, որ գիտութիւնը կարծրացած, քարացած բան մը չէ, ի հարկէ մշտապէս կը զարգանայ: Ան նաեւ կառուցողական որակեց դասախօսութիւններուն յաջորդող հարցադրումները, որոնք կը նպաստեն տեսակէտներու ամրապնդման:  Ան նաեւ միանշանակ դրական ու ողջունելի երեւոյթ նկատեց օտար բազմաթիւ մտաւորականներու մասնակցութիւնը:

Փրոֆ. Արմէն Մարուքեան.- Հայաստանի ԳԱԱ-ի Պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ: Հեղինակ է Արցախի թէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուշագրաւ աշխատասիրութեան եւ ջատագով` յանդուգն կեցուածքներու:

Փրոֆ. Մարուքեան խիստ կարեւոր նկատեց ներկայ պայմաններուն մէջ գիտաժողովին կայացումը` նշելով, որ երկար ատենէ ի վեր նման գիտաժողով չէր եղած: Ան խիստ կառուցողական նկատեց օտար մասնագէտներու ներկայութիւնը` բարձր գնահատելով կարծիքներու փոխանակումը, տեսակէտներու քննարկումն ու առողջ բանավէճի մթնոլորտը:

Փրոֆ. Թեսա Հոֆման.- Բանասիրութեան դոկտոր, անկախ հետազօտող Պերլինի Ազատ համալսարանին մէջ: Մարդկային իրաւանց եւ Հայ դատի պաշտպան, հայագէտ, ցեղասպանագէտ, հեղինակ` աւելի քան տասնեակ մը գիրքերու Հայոց ցեղասպանութեան եւ մշակոյթին մասին: Արժանացած է պատուոյ փրոֆեսէօր կոչումին Երեւանի «Հրաչեայ Աճառեան» համալսարանէն:

Փրոֆ. Հոֆման դրական, խոստմնալից քայլ նկատեց գիտաժողովին կայացումը: Ան կարեւոր նկատեց տարբեր ոլորտներու մասնագէտ հետազօտողներու ներկայութիւնը,  այն առումով, որ այդ մէկը կրնայ ենթահողը կազմել Արցախի թէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթեր արծարծելու միջազգային հարթակներու վրայ: Արցախի եւ առհասարակ հայկական պահանջատիրութեան մասին նիւթեր կարելի է արծարծել նաեւ միջազգային դատական ատեաններու մէջ, ուր յետադարձ զօրութեամբ վճիռներ կարելի է ձեռք բերել թշնամիին դէմ, դիտել տուաւ փրոֆ. Հոֆման` կարեւոր նկատելով սփիւռքահայ  պատկան կառոյցներուն դերը:

Դոկտ. Հայկազուն Ալվրցեան.- Բանասիրութեան դոկտոր. Բրիւսովի պետական համալսարան, Արեւմտեան Հայաստանի «Ակունք» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն:

Դոկտ. Ալվրցեան բարձր գնահատեց գիտաժողովին արծարծած նիւթերուն քննարկումները` դիտել տալով, որ կան պատմական իրողութիւններ, զորս հարկ է բացայայտել հանրային կարծիքին ու հոսկէ` այս գիտաժողովին առաքելութիւնն ու կարեւորութիւնը: «Ակունք» կեդրոնի տնօրէնը նոյնպէս դրական նկատեց գիտաժողովի կազմակերպական հեզասահ ընթացքը: Ան ողջունեց օտար մասնագէտներու ներկայութիւնը` նշելով, որ անոնք մեծ դեր ունին հայ ժողովուրդը յուզող հարցերու արծարծման գծով միջազգային հարթակներու վրայ:

Դոկտ. Յասմիկ Պարան. Հայկազեան համալսարանի խնամակալ մարմինի  ատենապետ, ԱՐՓԱ հիմնարկի {(ARPA-Analysis Research and Planning for Armenia) քարտուղար, դասախօս Քալիֆորնիա նահանգի Նորթրիճի համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին (CSUN-The Armenian Studies Program at California State University, Northridge):

Դոկտ. Պարան յայտնեց, որ ընդհանուր առմամբ գիտաժողովը մեծ յաջողութիւն էր: Անիկա լաւ կազմակերպուած էր, կը ներառէր փորձագէտներու կողմէ ներկայացուած հեռանկարներու եւ ենթախորագիրներու ընտրանի մը, դիտել տուաւ տոկտ. Պարան: «Մենք նաեւ առիթը ունեցանք հաղորդակցութեան ցանցային կապ հաստատելու հմուտ տարրերու հետ` հաւանական գործակցութեան ներուժի միտումով», աւելցուց դոկտ. Յասմիկ Պարան:

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան.- Անկախ հետազօտող, մտաւորական, հայագիտական ուսումնասիրութեանց դոկտ. Եու.Սի.Ալ.Էյ. համալսարանին մէջ,  հայագիտական ուսմանց դասախօս Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ:

Դոկտ. Փիրումեան կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկներու իրագործումը` նշելով, որ գիտաժողովը ինիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ յաջող էր: Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ գիտաժողովին կազմակերպուած, հեզասահ ընթացքին համար` բարձր գնահատելով կազմկոմիտէի աշխատանքը: Ան նաեւ մատնանշեց քննարկումներու բարձր որակը, որով վերջնական եզրայանգումները ենթահող կը պատրաստեն նոր քննարկումներու: Փիրումեան անհրաժեշտ նկատեց պատմութենէն դասեր քաղելու կարեւորութիւնը, թէ` պատմութիւնը ի՛նչ կը թելադրէ, եւ զուգահեռ մը գծելով` դիտել տուաւ, որ այն, ինչ որ Ֆրանց Վերֆել հոյակապօրէն պատմած է «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպին մէջ, կը կրկնուի նոյն կողմերու ներկայի դերակատարներուն միջեւ: Դոկտ. Փիրումեան յայտնեց, որ եթէ ներկայի մեր ղեկավարները քաջատեղեակ ըլլային անցեալի դէպքերու ծալքերուն, մենք այսօր այս կացութեան հասած չէինք ըլլար:

Գէորգ Բարսեղեան.- Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, գիտաժողովի կազմկոմիտէի անդամ, ԵՊՀ-ի եւրոպական լեզուներու եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէն:

Գէորգ Բարսեղեան խիստ կարեւոր նկատեց նման գիտաժողովներու կազմակերպումը` նշելով, որ կ՛ապրինք այնպիսի դժուար պայմաններու մէջ, երբ կ՛ոտնահարուին մարդկային իրաւունքներ: Ան հոգեւոր պարտք ու սրտի խօսք որակեց Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը` կանխարգիլելու համար անոր կրկնութիւնը, որովհետեւ ճշմարտութիւնը կը հիւանդանայ, բայց երբեք չի մեռնիր, ու հոսկէ` գիտաժողովներու կարեւորութիւնը արագացնելու դատապարտումի գործընթացը: Բարսեղեան դիտել տուաւ, որ հակառակ ինիսուն տարիներ առաջ Ֆրանց Վերֆելի խիզախ բարձրաձայնումէն` այսօր ահա տարի մը անցած է Արցախի բռնագրաւումէն, ու տակաւին Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը մերժեն ընդունիլ կատարուած ոճրագործութիւնը: Բարսեղեան անխուսափելի նկատեց ճշմարտութեան ճանաչումն ու արդարութեան վերահաստատումը:

Յովիկ Աւանեսով.-  ՀՀ ԳԱԱ-ի Պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող: Վարած է Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի ղեկավարի եւ Հայքի մշակոյթի պաշտպանի պաշտօնները:

Յովիկ Աւանեսով  գիտաժողովին կարեւորութիւնը շեշտեց հոն արծարծուած հարցերու դիտանկիւնէն, ուր ներկայացուած զեկոյցներուն մէջ տիրական էր, Մուսա Լերան հերոսամարտի կողքին, նաեւ Արցախի եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերու քննարկումը, յիշեցնելով գիտաժողովի մեկնարկին թուականը, որ կը խորհրդանշէր Արցախի բռնագրաւման առաջին տարելիցը: Ան խոստմնալից երեւոյթ նկատեց տարբեր ոլորտներու մասնագէտ գիտնականներու եւ յատկապէս օտար մտաւորականներու ներկայութիւնը, ինչ որ կրնայ նպաստել հայկական պահանջատիրական կոչերը հասցնել միջազգային պատկան հարթակներ: Աւանեսով նաեւ դրական որակեց հայրենիք-սփիւռք մտաւորական կամրջումի նախաձեռնութեան գիտաժողովի կազմակերպումը, որ կրնայ հետագայի արդիւնաւէտ գործակցութեան ներուժի կորիզը կազմել:

Թոնի Քահվէ.- Հիմնադիր, նախաձեռնող «Արարատ ժառանգութիւն» կազմակերպութեան (http://www.ararat-heritage.org.uk/ ): Լոնտոնէն հայրենադարձ, բարերար Քահվէ հեղինակ է Հայոց ցեղասպանութեան անգլիալեզու մատենագիտութեան, որուն եօթներորդ լեզուով տպագրութիւնը լոյս տեսաւ վերջերս:

Թոնի Քահվէ խիստ շահեկան նկատեց գիտաժողովին կայացումը, որ կրնայ կարեւոր հարթակ ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան եւ յարակից հարցերու քննարկման համար: Ան նոյնպէս կարեւոր նկատեց օտար գիտնականներու մասնակցութիւնը, ինչ որ կրնայ նախաքայլը ըլլալ հետագայ նմանօրինակ գործակցութեան: Թոնի Քահվէ անհրաժեշտ նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին կրած ջարդերուն եւ աղէտներուն մասին իրողութիւնները տարածել ամէնուրեք, առաւելագոյն տարողութեամբ:

Դոկտ. Եաքովա Աքցօղլու.- Թրէյսի` Թրակիոյ (յունական բաժինի) Տիմոկրաթիւս համալսարանի սեւծովեան երկիրներու, հայեր. «Պատմութիւն եւ մշակոյթ» դասընթացքի եւ թրքական պատմութեան օգնական դասախօս: Հայոց ցեղասպանութեան մասին անդրադարձած է անգլերէն թէ յունարէն զանազան յօդուածներով:

Դոկտ. Եաքովա Աքցօղլու դրական որակեց գիտաժողովին ընդհանուր մթնոլորտը` խիստ կարեւոր նկատելով լրագրողներու դերը այս հարցին մէջ: Ան գիտաժողովին կայացումը ինքնին կարեւոր նկատեց հոն արծարծուած նիւթերուն, բայց նաեւ` թուրքերու վերաբերմունքին մասին մեր (հանրային կարծիքի, Ս. Գ.) ունեցած ընդհանուր ըմբռնումին առումով: Իսկ թուրքերու հակազդեցութեան մասին հարցումի մը անդրադառնալով` դոկտ. Աքցօղլու յայտնեց, որ անոնք (թուրքերը, Ս. Գ.) կը ձեւացնեն, թէ չեն ցաւիր իրենց պատճառած վէրքերուն համար, սակայն վէրքը միշտ վէրք է:

Մարօ Քէշիշեան.- Հայաստանի օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի: Կարեւոր ներդրում ունեցած է Արցախի մէջ ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան աշխուժացման գծով: Պարգեւատրուած է ՀՄԸՄ -ի «Արժանեաց» շքանշանով:

Մարօ Քէշիշեան բարձր գնահատեց գիտաժողովին կայացումը` դրուատելով անոր կազմակերպական կանոնաւոր ընթացքը: Ան նաեւ ուշագրաւ նկատեց արծարծուած նիւթերն ու կայացած քննարկումները: Այս մասին Քէշիշեան ընդգծեց նման զեկոյցներու ընթացքին դրսեւորուած տեղեկութիւնները հիմնաւորող փաստարկեալ տուեալներու ներկայացումը, ինչ որ առաւել եւս կ՛ամրագրէ գիտաժողովին բարձրորակ մակարդակը:

Գիտաժողովի ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին «Նուպար» պարախումբը հանդէս եկաւ Մուսա Լերան աւանդական երգ ու պարով, ինչպէս` «Եարխուշտա», «Կարմիր ֆստան հաքուծ ի» եւ այլն, մեծապէս խանդավառելով ներկաները:

Գիտաժողովին երրորդ օրը գիտական խորհուրդի անդամ, ԵՊՀ-ի արեւելագիտութեան բաժանմունքի թրքագիտութեան ամպիոնի դասախօս, ԵՊՀ  ՀՀԻ (Հայագիտական հարցերու ինստիտուտ) հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժնի վարիչ, դոկտ. Լուսինէ Սահակեան պարգեւատրուեցաւ «Վահագն Տատրեան» շքանշանով` գիտաժողովի իրագործման մէջ իր ունեցած ժրաջան ներդրումին համար:

Աւարտին փրոֆ. Սեդա Գասպարեան փակուած յայտարարեց գիտաժողովը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն այն վստահութեամբ, որ այսօրուան ամփոփումը  վաղուան նոր նուաճումներու հիմք կ՛ըլլայ: «Որպէս մանկավարժ` ես վստահ եմ ու գիտակցում եմ, որ գիտական գիտելիքներու եւ գործի փոխանակումէն ոչ պակաս կարեւոր է տրամադրութիւններու փոխանցումը երիտասարդ սերունդին եւ մեծ հանրութեան»,  շեշտեց ան: «Վստահ եմ, որ յաջորդ գիտաժողովին մենք անպայման տեսնելու ենք այսօրուան աշխատանքին որակական շարունակութիւնը», եզրափակեց փրոֆ. Գասպարեան:

Գիտաժողովէն ետք ժողովականները այցելեցին Սաղմոսավանք: Նմանապէս, անոնք կիրակի, 22 սեպտեմբերին այցելեցին Արմաւիրի մարզի Մուսա Լերան յուշահամալիր, ուր հերոսամարտի նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք մասնակցեցան  աւանդական հարիսայի սեղանին: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի  դեսպան Օլիվիէ տը Քոթինիյի, որ այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը  Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու բարեկամութեան: Նմանապէս, Ֆրանսայի դեսպանը իր յարգանքն ու խոնարհումը յայտնեց Մուսա Լերան նահատակներու յիշատակին:

Comments are closed.