Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Կ՛ուզեն Հասնիլ Ալիեւի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդման
- (0)

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը դիմած է Միջազգային քրէական դատարան` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ գործ յարուցելու պահանջով:
Խորհուրդը կը յայտնէ, որ հայցը ներկայացուած է ֆրանսացի փաստաբան Սեւակ Թորոսեանի միջոցով, որ Փարիզի փաստաբաններու միութեան եւ Միջազգային քրէական դատարանի առընթեր փաստաբանական պալատի անդամ է:
Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 27 սեպտեմբերէն մինչեւ 4 հոկտեմբեր 2023 զինուորական գործողութիւնները յանգեցուցած են 120 հազար հայերու բռնի տեղահանման եւ անոնց դարաւոր մշակութային ժառանգութեան կորուստին:
Խորհուրդը կը պահանջէ, որ Միջազգային քրէական դատարանի դատախազը, Հռոմի կանոնադրութեան 15-րդ յօդուածին համաձայն, ձեռնարկէ հետեւեալ քայլերը.
– Ճանչնալ 2020-2023 թուականներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ կատարուած յանցագործութիւններու քննութիւնը սկսելու համար բաւարար հիմքերու գոյութիւնը:
– Դատարանի նախնական պալատ ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Միջազգային քրէական դատարանի տարածքային իրաւասութեան հարցը:
– Իլհամ Ալիեւի, ինչպէս նաեւ 2020-2023 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած յանցագործութիւններու բոլոր մեղսակիցներու ձերբակալման միջազգային հրամանագիր արձակել:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը նախապէս Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ ուղղած էին դիմելու միջազգային քրէական դատարան, սակայն, անոնց համաձայն, Արեւմուտքը մինչեւ հիմա վճռականութիւն չէ ցուցաբերած:
«1915 թուականէն ի վեր ասիկա արդէն երկրորդ անգամն է, որ հայերը կը բախին արդարադատութեան այսպիսի մերժման: Նման կացութիւնը անթոյլատրելի է», կը նշուի կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ: